1586551354414.JPG

Քահանայապետի լռելեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ՝ Խաչի Ճանապարհի ընթացքին։

ԽԱՉԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՆԿԱՐՆԵՐՈՎ
ՍՈՒՐԲ ՊԵՏՐՈՍԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԽԱՉԻՆ ՄԷԿ ՎԱՅՐԿԵԱՆՈՎ (Տեսանիւթ)

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Պետրոսի հրապարակը՝ աշխարհը տագնապի լուծին տակ դնող քովիտ19 ժահրի պատճառած համաճարակի բերումով դարձեալ վայր հանդիսացաւ պատմական եղելութեան։ Աւագ Ուրբաթ օրուայ ճանապարհ խաչին, որ 1964էն ի վեր մեծ հանդիսութեամբ տեղի կ՛ունենար Հռոմի աշխարհահռչակ ու քրիստոնեաներու նահատակութեան վայր՝  Քոլլոսէումի Ամփիթատրոնի տարածքին,  11 ապրիլ 2020ին կատարուեցաւ Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակին վրայ. լուռ, ամայի ու զարդարուած միայն ջահերով, ու Սան Մարչելլինօ Ալ Քորսօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչին լոյսով։

Ճանպարհ խաչի ու ճանապարհ լոյսի եւ յոյսի։ Յիսուսին զոհաբերումին մէջ կայ արդարեւ մարդկութեան վերակենդանացումը, անոր մահուան մէջ կայ յաւիտենական կեանքին հաւաստիքը։

Ունկնդրէ լուրը

 Համաճարակն է որ ստիպեց սոյն որոշումին հանգիլ։ Համաճարակ մը որ մեր միջեւ ստեղծած է հեռաւորութիւն, արցունք ու առանձնութիւն, թէեւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի մէջտեղ զետեղուած այդ Խաչին տակ, որմէ անցեալ 27 Մարտին Սրբազան Պապը հայցեց օգնութիւն՝ դադրեցնելու համար համաճարակը,  բոլորս ալ ներկայ ենք,  բոլորս՝ յաղթահարուածներ, զօրեղներ, հարուստ թէ աղքատ կը գտնուինք այնտեղ՝  Աստուծոյ դիմաց բոլորս հաւասար։

Հրապարակը դատարկ էր, այո՛ , սակայն այնտեղ կը տրոփէին հաւատացեալներու միլիոնաւոր սրտեր, որոնք հաղորդասփռումներու միջոցաւ հետեւեցան այդ հոգեպարար ջերմեռանդական արարողութեան, որուն խորհրդածութիւնները պատրաստուած էին Փատովայի «Due Palazzi» անուամբ բանտի  մատրանապետութեան կողմէ։

Յիսուսին դէպի գողգոթայ տանող խաչի ճանապարհի մտածականներուն հեղինակներն էին՝ հինգ դատապարտեալներ, ոճիրի զոհ ընտանիք մը,  ցմահ ազատազրկման դատապարտուածի մը դուստրը, մանկավարժուհի մը, բանտի հսկիչ դատաւոր մը, բանտարկեալի մը մայրը, կրօնուսոյց մը, անարդար կերպով մեղադրուած քահանայ մը,  կամաւոր եղբայր մը, բանտի ոստիկան մը։  Անոնցմէ ամէն մին իր կեանքի ապրումները դրած էր այդ խորհրդածութիւններուն մէջ, մերթ ընդ մերթ անձնական փորձառութիւնը նմանեցնելով ճանապարհ խաչիի զանազան հանգրուաններուն ու դերակատարներուն՝ ինչպէս չորրորդ կայանի հեղինակը՝ բանտարկեալի մը մայրը, որ կը հաստատէ  թէ ինք եւս Տիրամօր նման  «Ոչ մի պահ մտածեց առանձին լքել իմ դատապարտեալ զաւակը»։

Արարողութեան ընթացքին խաչը շալկեցին  բանտի աշխարհին հետ կապ ունեցող անձեր՝ որոնց շարքին Փատովայի բանտին  մատրանապետը, բանտի տնօրէնը ու նախկին բանտարկեալ մը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի առողջապահական մարզէն ներս գործող բժիշկներ ու հիւանդապահներ։

Սրբազան Քահանայապետը պատգամով մը շնորհակալութիւն յայտնած էր  Փատովայի «Տուէ Փալացցի» ժողովրդապետութեան ու բանտարկեալներուն։

«Շնորհակալ եմ որ իմ հետս բաժնեկցեցաք ձեր պատմութենէն մաս մը» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին մէջ, որ լոյս տեսաւ ուրբաթ 10 ապրիլի առաւօտեան։ «Խաչի ճանապարհի ընթացքին ձեր պատմութիւնը պիտի պարգեւէք անոնց՝ որոնք աշխարհի մէջ կը բաժնեկցին ձեր նոյն իրավիճակը» աւելցուցած էր  Ան վստահեցնելով որ  «Միասին կարելի է։ Միասին», ապա պատգամը աւարտած էր հաստատելով «Ձեզ մշտապէս կը կրեմ սրտիս մէջ»։

Աւագ ուրբաթ օրուայ խորհրդաւոր այդ գիշերը վերջ գտած է ահա ու կը պատրաստուինք Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնին։

Ով Աստուած մեր սրտերուն մէջ զեղուր քու յոյսդ, որպէսզի մեր կեանքի խաւար պահերուն  մէջ քեզ ճանչնանք միշտ ներկայ մեր կողքին։

Հասիր մեր տկարութեան օգնութեան  ու մեզի պարգեւէ աչքեր՝ տեսնելու համար մեր առօրեային մէջ ցիր ու ցան եղած քու սիրոյդ նշանները։

Ով Աստուած, մեզ մի թողուր մահուան մթութեան ու անոր ստուերին տակ, թիկունք կանգնէ մեր տկարութեան, ազատէ մեզ չարի կապանքներէն ու մեզ պաշտպանէ քու զօրութեանդ վահանով՝ որպէսզի յաւիտենապէս երգենք քու ողորմութիւնդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2020, 22:45