Քրիստոս խաչը կը կրէ Քրիստոս խաչը կը կրէ 

Բանտէն շարադրուած՝ ճանապարհ խաչիի խորհրդածութիւնները։

2020 ի Ճանապարհ խաչիի 14 կայաններու խորհրդածութիւնները պատրաստած են հինգ դատապարտեալներ, ոճիրի զոհ ընտանիք մը, ցմահ ազատազրկման դատապարտուածի մը դուստրը, մանկավարժուհի մը, բանտի հսկիչ դատաւոր մը, բանտարկեալի մը մայրը, կրօնուսոյց մը, անարդար կերպով մեղադրուած քահանայ մը, կամաւոր եղբայր մը, բանտի ոստիկան մը, որոնք բոլորն ալ կապ ունին «Տուէ Փալացցի» անուամբ Փատովայի բանտի մատրանապետութեան հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քրիստոսին ընկերանալ Խաչի ճանապարհին վրայ, խռպոտ ձայնովն անոնց որոնք կ՛ապրին բանտի աշխարհին մէջ» այս կը կարդանք 2020-ի ճանապարհ խաչիի արարողութեան խորհրդածութիւններու աղօթագիրքի նախաբանին մէջ, որ  լոյս տեսաւ Վատիկանի Տպագրատունէն եւ առ այժմ Իտալերէն ու Սպաներէն լեզուներով հասանելի առցանց հետեւեալ հասցէին վրայ. www.vaticannews.va/it/lev.html ։

Հինգ դատապարտեալներ, ոճիրի զոհ ընտանիք մը,  ցմահ ազատազրկման դատապարտուածի մը դուստրը, մանկավարժուհի մը, բանտի հսկիչ դատաւոր մը, բանտարկեալի մը մայրը, կրօնուսոյց մը, անարդար կերպով մեղադրուած քահանայ մը,  կամաւոր եղբայր մը, բանտի ոստիկան մը, բոլոր այս անձերը կապ ունին «Due Palazzi» անուամբ Փատովայի բանտի  մատրանապետութեան հետ, որոնց յանձնուած են  2020 տարուայ, Համաճարակի բերումով ՝ փոխան Քոլլոսէումի ամփիթատրոնին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքին Քահանայապետի գլխաւորութեամբ կայանալիք Ճանապարհ Խաչիի ջերմեռանդութեան խորհրդածութիւնները։

Անոնցմէ ամէն մին իր կեանքի ապրումները դրած է այդ խորհրդածութիւններուն մէջ, մերթ ընդ մերթ անձնական փորձառութիւնը նմանեցնելով ճանապարհ խաչիի զանազան հանգրուաններուն ու դերակատարներուն՝ ինչպէս չորրորդ կայանի հեղինակ բանտարկեալի մը մայրը, որ կը հաստատէ  թէ ինք եւս Տիրամօր նման  «Ոչ մի պահ մտածեց առանձին լքել իմ դատապարտեալ զաւակը»։

Առաջին կայանի խորհրդածութիւնը «Յիսուս մահուան կը դատապարտուի», յանձնուած է մահուան դատապարտեալի մը։ «Ի Խաչ հան, Ի խաչ հան» աղաղակը՝ աղաղակ մըն է, որ իմ վրաս զգացի« կը գրէ Ան, որ ապա կը պատմէ թէ իր ճանապարհ խաչիի պատմութիւնը սկիզբ առած է մանուկ հասակին, մեկուսացուած մանուկ մը՝ որ աւելի կը նմանի Բարաբբային քան Յիսուսին եւ որ 29 տարիներ բանտարկութենէ ետք, այժմ ամօթ կը զգայ իր գործած սխալներուն համար։ «Այդ անմեղ կերպով դատապարտուած Մարդը՝ եկաւ զիս փնտռելու բանտին մէջ» կը խոստովանի հեղինակը։

Երկրորդ կայանը «Յիսուս խաչը կը կրէ»։ Սոյն կայանի հեղինակները սպաննուած աջնակի մը ծնողներն են որոնք  կեանքը՝ ընտանիքի վրայ հիմնուած զոհողութեան եւ աշխատանքի կեանք  մը եղած է։ «Յաճախ հարց կու տանք ի՞նչու մեզի պատահեցաւ այս չարիքը։ Անդորրութիւն չենք գտներ։ Անտանելի բան է զաւկի մը մահուան վերապրիլը» կը գրեն անոնք հաստատելով՝ որ  «յուսալքումի պահուն Տէրը տարբեր ձեւերով մեր օգնութեան կը հասնի, մեզի շնորհք պարգեւելով զիրար սիրելու՝ որպէս ամոլներ ու մէկը միւսին թիկունք կանգնելու, թէեւ մեծ դժուարութեամբ» կը գրեն կայանի հեղինակները, որոնք կ՛ապրին այն համոզումով որ Աստուծոյ սէրը կարող է նոր կեանք յարուցել։

Երրորդ կայանը՝ Յիսուս խաչին ծանրութեան տակ կ՛իյնայ առաջին անգամ։ Բանտարկեալ մըն է  այս կայանի խորհրդածութիւնը շարադրողը որ կ՛ակնարկէ իր անկումի մասին, երբ  զայրոյթէ մղուած՝ գիշեր մը խլած էր այլ մարդու մը կեանքը։ «Ես անարդարութիւններ ապրած եմ կեանքիս մէջ, սակայն իմ գործած անարդարութիւնս կը գերազանցէ  այդ բոլորը» կը գրէ Ան որ ապա կը նշէ՝ թէ բանտին մէջ բախտը  ունեցաւ հանդիպելու մարդոց՝ որոնք իրեն վերադարձուցին վստահութիւնը,  ցոյց տալով թէ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունի նաեւ բարին։  

Յիսուս իր մօր կը հանդիպի՝ չորրորդ կայան։ «Ոչ մի պահ մտածեցի առանձին լքել իմ դատապարտեալ զաւակս» կը գրէ  մայր մը մեկնաբանելով այս չորրորդ կայանը, ու յայտնելով թէ առաջին օրէն՝ ինք վստահած է Տիրամօր, որուն ապաւինած է ու յանձնած իր բոլոր վախերը, տրուած ըլլալով որ Ան եւս ապրեցաւ նման չարչարանք։ «Կ՛երեւակայեմ խաչի ճանապարհի ընթացքին Յիսուսը որ իր հայեացքը վեր բարձրացնելով կը հանդիպի մօր հայեացքին, սիրով ու քաղցրութեամբ լի հայեացք մը որ թոյլ չի տար որ Յիսուս ինքզինք միայնակ չզգայ։ Նոյնը կ՛ուզեմ ընել նաեւ իմ զաւկիս հետ» կը գրէ տառապեալ մայրը։

Յիսուս կը հանդիպի Սիմոն  Կիւրենացիին։ Հինգերորդ կայանին՝ հեղինակը եւս բանտարկեալ մըն է, որ բանտին մէջ սորվեցաւ շալկել ուրիշներուն խաչերը։ «Ծերութեան կը մօտենամ բանտին մէջ, սակայն կ՛երազեմ օր մը կարողանալ ես ալ Սիմոն Կիւրենացի մը ըլլալ՝  ուրիշ մը ուրախացնելու համար» կը յայտնէ բանտարկեալը։

«Որպէս կրօնուսոյց կը ջանամ սրբել բազմաթիւ մարդոց  արցունքները թէեւ դժուար է  մխիթարել յօշոտուած սրտերը» կը գրէ վեցերորդ կայանի խորհրդածութեան հեղինակ՝ կրօնուսոյցը, խօսելով Վերոնիքայի մասին, որ Յիսուսին երեսը կը սրբէ։

«Իւրաքանչիւրիս ու նաեւ կալանաւորուած մարդոց, ամէն օր առիթ կը տրուի նոր մարդ դառնալու, շնորհիւ այն հայեացքին որ չի դատեր այլ կեանք եւ յոյս կը յառաջացնէ»։

Եօթներորդ կայան՝ Յիսուս երկրորդ անգամ կ՛իյնայ։ Երբեմնի թմրեցուցիչ վաճառող բանտարկեալ մը յանձնուած է սոյն կայանի մեկնաբանութիւնը։ Ան այսօր ամօթ կը զգայ իր ըրածներուն համար, որովհետեւ՝ «միայն հիմա կը հասկնամ չարիքը զոր գործեցի» կը գրէ ան որ այսօր մեծապէս կը տանջուի՝ մտածելով թէ ինչպէս չարը մուտք գործեց իր կեանքին մէջ» ։

«28 տարիներէ դատապարտուած եմ ապրիլ ու մեծնալ առանց հօր մը ներկայութեան» կը գրէ մահուան դատապարտեալի մը դուստրը,  որուն  յանձնուած է ութերորդ կայանի խորհրդածութիւնը, երբ Յիսուս կը հանդիպի Երուսաղէմի կիներուն։ «Ծնողներ կան՝ որոնք սիրոյ համար կը սորվին սպասել իրենց զաւակներու հասունութիւնը, իսկ ինծի այնպէս պատահած է՝ որ սիրոյ համար սպասեմ հօրս վերադարձը։ Ինծի նման մարդոց համար յոյսը պարտադիր է»։

Իններորդ կայանը՝  Յիսուս երրորդ անգամ կ՛իյնայ խաչի ծանրութեան տակ։ Իյնալ ու վերականգնիլ՝ վկայութիւնն է զոր կու տայ այլ բանտարկեալ մը։  «Պետրոսի նման՝ հազար ու մէկ անգամ արդարացումներ փնտռեցի իմ սխալներուս համար եւ տարօրինակ է այն է՝ թէ իմ մէջս միշտ վարած մնաց բարիի բոց մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ քարուքանդ եղած կեանքս վերականգնել»։

Տասներորդ կայանը «Յիսուս կը մերկացուի»։ Մանկավարժուհի մըն է սոյն խորհրդածութեան հեղինակը, որ կը պատմէ՝ թէ ինչպէս բանտին մէջ շատեր մերկ են նոյնիսկ իրենց արժանապատուութիւնէն ու իրենց եւ ուրիշներուն նկատմամբ յարգանքէն։ «Դիւրաբեկ մարդիկ ու կիներ, որոնց շատ անգամ կը պակսի հիմնականը, հասկնալու համար իրենց գործած չարիքը։ Թէեւ անոնք կը նմանին մանուկներուն զոր տակաւին կարելի է դաստիարակել…. բայց դժուար առաքելութիւն մըն է սա, որուն ընթացքին մենք եւս կարիքը ունինք մենք մեզ առանձին զի զգալու ու մեզի յանձնուած պարտականութիւնը ձախողութեան չի մատնելու» կը գրէ Մանկավարժուհին։

Տասնմէկերորդ կայանին մէջ՝ Յիսուս խաչին վրայ կը դրուի։ Քահանայ մըն է սոյն կայանին խորհրդածութիւնը պատրաստողը։ Քահանայ մը՝ որ անիրաւ կերպով մեղադրուեցաւ ապա ազատ արձակուեցաւ 10 տարի տեւած խաչի ճանապարհի մը աւարտին։ ։«Երբ դէպի գողգոթա կ՛ընթանայի հանդիպեցայ բազմաթիւ Կիւրենացիներուն, որոնք իմ հետս կրեցին խաչս։ Միասին աղօթեցինք նաեւ անոր համար՝ որ մեղադրանք յառաջացուցած էր իմ դէմս» կը վկայէ Քահանան։

Տասներկրորդ կայանին խորհրդածութիւնը հսկիչ դատաւորի մը մտածականն է. «Յիսուս կը մեռնի խաչին վրայ»։ «Իսկական արդարութիւն մը կարելի է միայն ողորմութեան միջոցաւ, որ մարդս առ յաւէտ չի խաչեր խաչին վրայ» կը գրէ դատաւորը, դիտել տալով որ «հարկաւոր է  մարդիկը օգնել, որպէսզի վերականգնին,  բացայայտելով անոնց սրտին մէջ գոյութիւն ունեցող բարին։ Եւ այս կարելի է երբ սորվինք ճանչնալ ինքնութիւնը որ գոյութիւն ունի այդ անձի յանցանքի ետին, որպէսզի կարելի ըլլայ դիտել հորիզոն մը՝ որ յոյս կը ներշնչէ» կը հաստատէ դատաւորը։

Յիսուս իր մօր կը յանձնուի։ Տասներեքերորդ կայանի խորհրդածութիւնը շարադրած է  բանտերու մէջ  կամաւորութեան նուիրուած  60 տարեկան եղբայր մը։ Քրիստոնեաներս յաճախ  կ՛իյնանք  երկերեսութեան սխալին մէջ, մենք մեզ նկատելով ուրիշներէ աւելի լաւ։ «Պէտք ենք ընկալել մարդը ու անոր հայեացքը շեղեցնել իր գործած յանցանքներէն անդին, որպէսզի ան կարենայ վերագտնել ուժը ու յանձնուիլ Բարիին։ Այս է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը» նկատել կու տայ կամաւոր եղբայրը։

Տասնչորրորդ կայանը կը խօսի Յիսուսի թաղման մասին։ Բանտապահ մըն է այս անգամ հեղինակը,  որ նաեւ մնայուն սարկաւագ է։ Ան կը խօսի անձնական փորձառութեամբ։ «Բարի մարդ մը կարող է չար դառնալ ու չար մը կարող է աւելի լաւ մարդ ըլլալ։ Հարկաւոր է միշտ նոր հնարաւորութիւն ընծայել, նաեւ անոր որ հակում ունի չարին, որպէսզի ան առջեւ միշտ բաց ըլլլայ յոյսը» կը գրէ բանտապահը բացատրելով իր առաքելութիւնը,  ու կը հաստատէ թէ ինք բոլոր բանտարկեալներուն կը յիշեցնէ՝ որ «Աստուծոյ հետ ոչ մէկ մեղք կարող է վերջին խօսքը ունենալ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2020, 15:00