1586333253301.JPG

«Խաչեալի բաց սրտէն Աստուծոյ սէրը կը հասնի իւրաքանչիւրիս» Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Մենք ալ կարող ենք փոխել մեր պատմութիւնները մօտենալով Յիսուսին, ընկալելով մեզի շնորհած Անոր փրկութիւնը։ Անոր բանանք մեր սրտերը աղօթքի մէջ։ Թոյլ տանք որ Անոր հայեացքը հանգչի մեր վրայ։ Պիտի հասկնանք թէ միայնակ չենք, այլ սիրուած ենք, որովհետեւ Տէրը մեզի երբեք չի լքեր ու մեզ երբեք չի մոռնար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 8 ապրիլ 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, համաճարակի բերումով, Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն ներկայացուց Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Օրուան աւետարանական հատուածի ընթերցումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ուղիղ եթերով ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալներուն ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր  բարի լոյս,

Աշխարհը տառապեցնող համաճարակի մտահոգութեամբ այս շաբաթներու ընթացքին ,մեր ուղղած բազմաթիւ հարցումներու շարքին, կարելի է նաեւ  որ Աստուծոյ մասին հարցումներ ըլլան. Ի՞նչ կ՛ընէ Ան մեր ցաւին դիմաց։ Ո՞ւր է Ան երբ ամէն ինչ սխալ կերպով կ՛ընթանայ։ Ի՞նչու արագօրէն չի լուծեր մեր հարցերը։

Այս հարցումներու դիմաց մեզ կ՛օգնէ Յիսուսի չարչարանքներու պատմութիւնը, որ մեզի կ՛ընկերանայ այս սուրբ օրերուն։  Այնտեղ եւս արդարեւ խտացուցած են բազմաթիւ հարցադրանքներ։

Մարդիկը՝ խանդավառութեամբ եւ փառաւոր կերպով Երուսաղէմի մէջ ընկալելէ ետք Յիսուսը հարց կու տան եթէ ան վերջապէս իր ժողովուրդը պիտի ազատէր թշնամիներէն (Ղուկաս 24, 21)։ Անոնք կը սպասէին զօրեղ ու յաղթական սուրով Մեսիա մը։ Մինչ կը հասնի սրտով հեզ ու խոնարհ մէկ մը,  որ կը հրաւիրէ ապաշխարութեան եւ ողորմածութեան։ Եւ այնտեղ է որ ամբոխը, որ առաջ զինք ընդունած էր ովսաննաներով, կը սկսի բացականչել «Խաչէ զինք» (Մատթ. 27, 23)։ Անոնք որոնք իրեն կը հետեւէին, շփոթի մատնուած ու վախցած, Անորմէ կը հեռանան մտածելով՝ թէ եթէ Յիսուսին ճակատագիրը այս է, Ան չէ Միասին, որովհետեւ Աստուած զօրեղ ու անյաղթ է։

Բայց եթէ երթանք ու կարդանք չարչարանքներու պատմութիւնը, զարմանալի իրադարձութեան մը առջեւ կը գտնուինք։ Երբ Յիսուս մեռաւ, Հռոմէացի հարիւրապետը, որ Յիսուսին խաչին վրայ տանջանքին ականատես եղած էր, եւ լսած էր թէ ինչպէս Ան ներած էր  բոլորին, ու անձամբ դպած էր անոր անսահման սիրոյն, կ՛ըսէ «Ասիկա իսպառէս Աստուծոյ Որդին է (Մարկոս 15, 39)։

«Հարց տանք այսօր. Ո՞րն է մեր իսկական Աստուածը» հարցուց  Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց, թէ Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ որ մենք կարող չենք զԱստուած ճանչնալ մեր սեփական ուժերով։ Ասոր համար է որ Ան մեզի ընդառաջ եկաւ ու ճիշդ Զատիկին օրը՝ ամբողջութեամբ յայտնուեցաւ։ Ո՞ւր։ Խաչին վրայ։

Հրաւիրուած ենք առ այդ, այնտեղ տեսնելու Աստուծոյ դիմագիծը։ Իսկական դիմագիծը։ Որովհետեւ Խաչը Աստուծոյ բազկաթոռն է։  Հարկաւոր առ այդ լռութեամբ նայիլ Խաչեալին ու հասկնալ թէ ո՞վ է մեր Տէրը, Ան չի քննադատեր ոչ մէկը, այլ իր բազուկները կը տարածէ բոլորին համար։ Ան իր փառքով չի ճնշեր մեր վրայ, այլ թոյլ կու տայ մերկանալ մեզի համար։ Մեզ չի սիրեր խօսքով, այլ իր կեանքը կու տայ լռութեամբ։ Մեզի չի պարտադրեր, այլ կ՛ազատէ։ Մեզի հետ օտարականներու նման չի վերաբերիր, այլ իր վրայ կ՛առնէ մեր չարիքները, մեր մեղքերը։

«Նայինք Խաչեալին։ Ապա բանանք Աւետարանը» հրաւէր ուղղեց ապա Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով՝ որ Աւետարանին մէջ կը կարդանք՝ թէ երբ մարդիկ Յիսուսին մօտ կ՛երթան զինք թագաւոր հռչակելու համար, օրինակ հացի բազմացումէն ետք. Ան կը հեռանայ անոնցմէ (Յովհաննէս, 6, 15)։

Եւ երբ սատանաները կ՛ուզեն յայտնել Անոր աստուածութիւնը, ան զանոնք կը լռեցնէ (Մարկոս 1, 24 – 25)։ Որովհետեւ Յիսուս չուզեր որ մարդիկը համակ ու հեզ սէր եղող իսկական Աստուածը շփոթել սուտ աստուածի մը հետ, աշխարհիկ աստուած մը որ ինքզինք կը պարտադրէ ուժի զօրութեամբ։

Աւետարանին մէջ արդարեւ Յիսուսին ինքնութիւնը կը հռչակուի հարիւրապետի խօսքերով։ Ե՞րբ։ Ճիշդ այն պահուն երբ Ան իր կեանքը կու տայ խաչին վրայ։  Իսկապէս Աստուծոյ Որդին է Ան։ Այնտեղ կը տեսնուի թէ Աստուած ամենակարող է սիրոյ մէջ, ասիկա Անոր բնութիւնն է ։ Ան Սէր է։

«Դուն կարող ես ըսել. Ի՞նչ ընեմ այսպիսի տկար Աստուածով։ Կը նախընտրեմ հզօր ու զօրեղ աստուած մը» յարեց Սրբազան Պապը նկատել տալով սակայն թէ «այս աշխարհին իշխանութիւնը կ՛անցնի,  մինչ սէրը կը մնայ։ Միայն սէրն է որ կը պահպանէ մեր կեանքը որովհետեւ կ՛ողջագուրէ մեր դիւրաբեկութիւնը ու զայն կը կերպարանափոխէ։ Աստուած սէրն է որ սուրբ Զատկուան օրը՝ իր ներումով, բուժեց մեզ մեղքերէն, որ մահը դարձուց դէպի կեանքի անցք մը, որ մեր վախերը փոխեց ու դարձուց վստահութիւն ու մեր անձկութիւնները՝ յոյս։

Սուրբ Զատիկը մեզի կ՛ըսէ՝ որ Աստուած ամէն ինչ բարիի կը փոխէ։ Թէ Անոր հետ կարող ենք վստահ ըլլալ թէ ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ։

Ահա թէ ինչու Զատկուայ առաւօտուն մեզի կ՛ըսուի «Մի վախնաք» (Մատթ 28, 5)։

Չարին վերաբերող անհանգստացնող հարցումները ակնթարթի մէջ չեն անհետանար, սակայն Յարուցեալին մէջ կը գտնեն այն ամուր հիմքը՝ որ մեզի թոյլ կու տայ նաւաբեկութեան չի մատնուիլ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուս պատմութիւնը փոխեց մեզի մօտիկ ըլլալով ու զայն դարձուց փրկութեան պատմութիւն։ Իր կեանքը նուիրելով խաչին վրայ Յիսուս յաղթեց նաեւ մահուն։ Խաչեալի բաց սրտէն Աստուծոյ սէրը կը հասնի իւրաքանչիւրս։ Մենք ալ կարող ենք փոխել մեր պատմութիւնները մօտենալով Իրեն, ընկալելով մեզի շնորհած Անոր փրկութիւնը։ Անոր բանանք մեր սրտերը աղօթքի մէջ։ Թոյլ տանք որ Անոր հայեացքը հանգչի մեր վրայ։ Պիտի հասկնանք թէ միայնակ չենք, այլ սիրուած ենք, որովհետեւ Տէրը մեզի երբեք չի լքեր ու մեզ երբեք չի մոռնար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2020, 10:08