Սուրբ Պետրոսի պազիլիքան Սուրբ Պետրոսի պազիլիքան 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Զատկուայ տօնին ու նախօրեակին գլխաւորած արարողութիւնները։

Ըլլայ Սան Մարչեելօ Ալ Քորսօ եկղեցւոյ հրաշագործ խաչելութիւնը ըլլայ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Աստուածամօր սրբապատկերը պիտի ընկերանան քահանայապետի բոլոր արարողութիւններուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւագ Հինգշաբթի, Աւագ Ուրբաթ եւ Աւագ շաբաթ օրերու ինչպէս նաեւ Սուրբ Զատկուայ տօնին Քահանայապետական բոլոր արարողութիւնները, Քովոտ19 ժահրի համաճարակին բերումով  փոփոխութեան ենթարկուեցան ու բոլորը պիտի կատարուին Վատիկանի կիսադաստակ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան,  թէեւ կարելի պիտի ըլլայ ուղիղ սփռումներու միջոցաւ հետեւիլ բոլոր արարողութիւններուն։

Քահանայապետական ծիսակատարութեան գրասենեակը ստիպուած եղաւ արագօրէն վերատեսել բոլոր արարողութիւնները ու առաջարկել միայն էականը։

Ըլլայ Սան Մարչեելօ Ալ Քորսօ եկղեցւոյ հրաշագործ խաչելութիւնը ըլլայ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Աստուածամօր սրբապատկերը պիտի ընկերանան քահանայապետի բոլոր արարողութիւններուն։

Սուրբ Զատիկը կանխող չարչարանքներու երրօրեայի արարողութիւնները, սկիզբ կ՛առնեն հինգշաբթի 9 ապրիլի երեկորեան ժամը 6ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ ուր նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումին յիշատակին սուրբ պատարագը, որուն կը յաջորդէ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւնը, մինչ ոտնլուայի արարողութիւնը ջնջուած է։

Ուրբաթ 10 ապրիլին նախատեսուած են երկու աղօթքի պահեր. առաջինը՝  Զարչարանաց արարողութիւնն ու Սուրբ Խաչի երկրպագութիւնը, ժամը 6ին,  ապա երեկոյեան 9-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ճանապարհ Խաչիի արարողութիւնը, որուն այս տարուայ խորհրդածութիւնները պատրաստուած են բանտարկեալներու կողմէ։ Ճանապարհ խաչիի արարողութեան ընթացքին Խաչը պիտի շալկեն բանտարկեալներու խումբ մը, ապա Վատիկանի Առողջապահական մարմնի անդամները՝ բժիշկներ եւ հիւանդապահներ։

Շաբաթ 11 ապրիլի երեկոյեան նախատեսուած Զատկական Հսկումի արարողութիւնը  որ ինչպէս նշեցինք վերածուած է էականին ու նոյնը պիտի կատարուի նաեւ երկրորդ օրը՝ Սուրբ Զատկուայ Կիրակին։ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ  Յիսուսի Յարութեան Տօնի Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին, միշտ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարէն, եւ ոչ թէ կեդրոնական պատշգամէն,  աշխարհին կ՛ուղղէ Ուրպի էթ Օրպի պատգամն ու Օրհնութիւն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2020, 08:57