Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտի Աւագ Վարպետ՝ Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէ Տէլ Թեմփիօ Սանկուինեթթօ Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտի Աւագ Վարպետ՝ Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէ Տէլ Թեմփիօ Սանկուինեթթօ 

Կեանքէն հեռացաւ Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտի Աւագ Վարպետ՝ Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէ Տէլ Թեմփիօ Սանկուինեթթօ։ Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները։

Մալթայի Ասպետական Ուխտի պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ թէ Մալթայի Գերիշխան Կարգի Աւագ Վարպետ՝ 75 ամեայ Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէ Տէլ Թեմփիօ Սանկուինեթթոն, իր հոգին աւանդեց առ Հայր այս գիշեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ուշագրաւ մարդկայնութեամբ ու բարեգործական կեանքի մեծ նուիրուածութեամբ», այս բառերով է որ Մալթայի Ասպետական Ուխտը կը յիշատակէ Աւագ Վարպետ՝ Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէ Տէլ Թեմփիօ Սանկուինեթթոն,  որ իր մահկանացուն կնքեց չորեքշաբթի 29 ապրիլին , 75 տարեկանին, եւ որ 2018-ի մայիսի 2-ին ընտրուած էր Կարգին Աւագ Վարպետ։

Ան ծնած էր Հռոմի մէջ՝ 9 դեկտեմբեր 1944-ին։ 1985-ին մաս կը կազմէ Մալթայի Ասպետական Կարգին եւ 1993-ին կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը։ Մարդկային ջերմութեամբ ու մեծ հոգեւորականութեամբ մարդ՝ Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէ Տէլ Թեմփիօ Սանկուինեթթոն, միշտ յանձնառու եղած է կարիքաւորներու օգնութեան մէջ, յաճախ նաեւ Հռոմի Թերմինի եւ Թիպուրթինա շոգեկառքի կայաններուն մէջ, անձամբ ուտեստեղէն բաշխելով տնանկներուն եւ աղքատներուն։

Եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէ Տէլ Թեմփիօ Սանկուինեթթօ Մալթայի Կարգին 80րդ Աւագ Վարպետը եղած էր, անոր տեղակալի ժամանակաւոր պաշտօնը կը ստանձնէ Եղբայր Րայ Կոնսալօ Տօ Վալլէ Փէյքսոթո Տէ Վիլլաս Պոասը։

Ի լուր Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտի Աւագ Վարպետի մահուան,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց  ուխտի ժամանակաւոր տեղապահ՝ Եղբայր Րայ Կոնսալօ Տօ Վալլէ Փէյքսոթո Տէ Վիլլաս Պոասին որուն մէջ յիշեց  հանգուցեալի  հաւատքի ու մշակոյթի մարդ ըլլալը, ինչպէս նաեւ անոր հաւատարմութիւնը Քրիստոսին ու Աւետարանին, միացած այն վեհանձն  յանձնառումին՝ ծառայական հոգիով կատարելու իր պաշտօնը ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ տառապողներուն։

«Մինչ մասնակից կը դառնամ միասնական ցաւին, աղօթքներ կը բարձրացնեմ անոր հոգւոյն հանգստեան համար, հայցելով  աստուածային բարութիւնը ու յաւիտենական հանգիստը» գրած է Նորին Սրբութիւնը ցաւակցագիրին մէջ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուներուն ու Մալթայի ուխտի բոլոր անդամներուն ուղարկելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2020, 19:06