Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սիենայի Սրբուհի Կատարինէին հաւատքի օրինակը օգնէ մեզի այս տագնապի ժամանակաշրջանին։

Քահանայապետը յիշելով ապա մի քանի օրեր ետք յիշատակուելիք Սուրբ Յովսէփ Աշխատաւորի տօնը հայցեց Անոր բարեխօսութիւնը, Աստուծոյ ողորմութեան յանձնելով բոլոր այն անձերը որոնք ներկայ համաճարակին պատճառաւ գործազուրկ են
Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 29 ապրիլ 2020-ին առաքելական պալատի մատենադարանէն ներկայացուցած հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, զանազան լեզուներով ողջունեց տարբեր երկիրներէ ուղիղ եթերով հրապարակային ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալները, եւ խօսքը ուղղելով Իտալացի հաւատացեալներուն, յիշեց՝ թէ այսօր կը յիշատակուի Սիենայի Սրբուհի Կատարինէի տօնը, որ Եւրոպայի Պաշտպան Սրբուհին է ու նաեւ համապաշտպան Սրբուհի Իտալիոյ։

Այս կին մեծ տիպարը՝ Յիսուսին հետ հաղորդութենէն ընդունեց՝ գործելու քաջութիւնը եւ այն անսպառ յոյսը, որ իրեն  թիկունք եղաւ ամենադժուար պահերուն, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ կորսուած կը թուէր, անոր առիթ տալով նաեւ իր հաւատքի ուժով ազդեցութիւն ունենալու ուրիշներուն վրայ, մինչեւ քաղաքացիական ու եկեղեցական բարձր մակարդակներ։

«Թող որ Անոր օրինակը օգնէ իւրաքանչիւրիս, յատկապէս այս տագնապի ժամանակաշրջանին, որպէսզի գիտնանք՝  քրիստոնէական հետեւողականութեամբ, միացնել Եկեղեցւոյ նկատմամբ խոր սէրը ու քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ արդիւնաւէտ մտահոգութիւնը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա Աստուծմէ հայցեց որ Սրբուհի Կատարինէի բարեխօսութեամբ պաշտպանէ Իտալիան, այս համաճարակի պահուն ու պաշտպանէ նաեւ Եւրոպան ու անոր միութիւնը։ 

Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, խրախուսեց զանոնք դառնալու Յարուցեալ Քրիստոսին վկաները։ Մինչ Ֆրանսախօս հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ, Քահանայապետը յիշելով մի քանի օրեր ետք յիշատակուելիք Սուրբ Յովսէփ Աշխատաւորի տօնը, հայցեց Անոր բարեխօսութիւնը, Աստուծոյ  ողորմութեան յանձնելով բոլոր այն անձերը որոնք ներկայ համաճարակին պատճառաւ գործազուրկ են։

«Թող որ Տէրը ըլլայ բոլոր կարիքաւորներուն Նախախնամութիւնը ու մեզ քաջալերէ օգնելու անոնց» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2020, 10:15