Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի «Ուրախ լեր» կիրակնօրեայ աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց դադրիլ մեր «ես»ին շուրջ շրջագայելէն, անցեալին յուսախաբութիւններուն, չիրականացած ձգտումներուն նայելէ, եւ յառաջ երթալ սեւեռելով ակնարկը մեծ իրականութեան եւ իսկական կեանքին – Յիսուս կ՝ապրի եւ զիս կը սիրէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 26 ապրիլ, կէսօրին, Վատիկանի Առաքելական գրադարանէն ներս, Ֆրանչիսկսոս Սրբազան քահանայապետը  արտասանեց «Ուրախ լեր» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը եւ ներկայացուց փոքրիկ խորհրդածութիւն մը կապուած օրուան Աւետարանին, ուր կը խօսուի Յիսուսի Եմմաւուսի աշակերտներուն երեւումին դէպքի մասին։ Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի աղօթքն ու խորհրդածութիւնը  ուղղակիօրէն սփռուեցաւ համայն աշխարհ՝ Վատիկան Նիւզ ցանցի միջոցաւ։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով Եմմաւուսի աշակերտներու ուղեւորութեան դրուագին,   նշեց թէ այդ  պատմութիւնը  կը սկսի եւ վերջ կը գտնէ ուղեւորութեան  մը մէջ - երթ դէպի Եմմաւուս,  որուն ընթացքին աշակերտները, Յիսուսի պատահած  դէպքերուն պատճառաւ,  տխուր եւ տրտում իրենց գիւղերը կը վերադառնային,  քալելով շուրջ 11 քմ։  Ուղեւորութիւն մը, որ տեղի կ՝ունենայ ցերեկը եւ կ՚ընթանայ զառիվայր։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ Եմմաւուսի աշակերտներ անմիջապէս կը կատարեն վերադարձ դէպի Երուսաղէմ, որ տեղի կ՝ունենայ գիշերը եւ կ՚ընթանայ զառիվեր, յոգնեցուցիչ ուղեւորութիւն մը, անգամ մը եւս 11քմ։

Ան  ապա նկատել տուաւ որ աշակերտներուն առաջին ուղեւորութիւնը  տեղի ունեցաւ տխրութեան մէջ իսկ երկրորդը՝ ուրախութեան մէջ։ Առաջինին ընթացքին Տէրը  ներկայ էր։ Ան աշակերտներուն կողքին քալեց,  սակայն աշակերտները զայն չճանչցան։ Երկրորդը՝ վերադարձի ընթացքին,  աշակերտները չէին տեսներ  Յիսուսը   սակայն կը զգային Անոր    ներկայութիւնը՝ մօտիկութիւն։

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ նաեւ որ դէպի Եմմաւուս ուղեւորութեան մեծ մասը, որ զառիվայր է,  աշակերտները  յուսալքուած վիճակի մէջ էին,  մինչ դէպի Երուսաղէմ վերադարձի ընթացքին, աշակերտները  ուրախ կը վազէին՝ ուրիշներուն փոխանցելու համար Յարուցեալ Յիսուսի հետ իրենց  հանդիպումը։

Ան  ապա  ընդգծեց,  թէ այդ  առաջին աշակերտներու երկու տարբեր ուղեւորութիւնները այսօր  մեզի կը փոխանցեն  հետեւեալ պատգամը. կեանքի մէջ ունինք իրարու հակառակ  երկու  ուղեւորութիւններ,  ուղեւորութիւն   մը, որ  նման  է դէպի Եմմաւուս գացող աշակերտներուն երթին,  ուր թոյլ կու տանք,  որ    կեանքի յուսախաբութիւններ մեզ  անշարժութեան մատնեն եւ  տխրութեամբ յառաջ ընթանանք. եւ երկրորդը՝ ուղեւորութիւն մը, որուն ընթացքին մեր  անձն ու մեր  հարցերը առաջնակարգ չենք նկատեր այլ  տեղ  կը տրամադրենք Յիսուսի եւ մեր եղբայրներուն, սպասելով անոնց այցելութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ  յորդորեց դադրիլ մեր «ես»ին շուրջ շրջագայելէն, անցեալին յուսախաբութիւններուն, չիրականացած ձգտումներուն նայելէ, եւ յառաջ երթալ սեւեռելով ակնարկը մեծ իրականութեան եւ իսկական կեանքին – Յիսուս կ՝ապրի եւ զիս կը սիրէ։

Քաջալերեց փոխելու մեր կեանքի  ուղղութիւնը՝  մեր «ես»-էն անցնելով Աստուծոյ իրականութեան։ Յորդորեց  «այո» ըսել  փոխան  «եթէ»ի։

Մեր «եթէ»ն  պէտք  է ըլլայ նման Եմմաւուսի երկու աշակերտներուն,  որոնք  հաստատեցին ըսելով «Այո Տէրը կենդանի է, ան կը քալէ մեր հետ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, թէ  այդ «ես»էն դէպի Աստուած փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ Յիսուսի հետ հանդիպումի ընթացին։ Եմմաւուսի աշակերտները նախ իրենց սրտերը բացին, ապա՝ ունկնդրեցին Յիսուսի տուած Սուրբ Գրքի մեկնութիւնները,   ապա Յիսուսը  հրաւիրեցին  իրենց տուներուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց, թէ այդ երեք քայլերը կրնանք մեր տուներուն մէջ կատարել։ Առաջին՝ բանալ     մեր սիրտը Յիսուսին ,  Անոր յանձնելով մեր կեանքի յուսախաբութիւնները, բեռը , յոգնութիւնները։ Երկրորդ՝   ունկնդրել Յիսուսի խօսքը, մեր ձեռքին մէջ առնելով Աւետարանը, այսօր իսկ կարդալով Աւետարանի  հատուածը։ Երրորդ՝ աղօթել Յիսուսի աշակերտներուն միեւնոյն խօսքերով. «Տէր մեր հետ մնայ, բոլորիս հետ միասին , որովհետեւ պէտք ունինք քեզի՝ գտնելու համար  մեր ուղեւորութիւնը։ Առանց քեզի խաւարը կը գտնենք»։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր կեանքին մէջ ընտրենք Աստուծոյ ուղին, եւ ոչ թէ իմ «ես»ի ուղին, այլ  «այո»ի ուղին եւ ոչ թէ «եթէ»ի ուղին։ Այն ժամանակ պիտի բացայայտենք, որ չկայ զառիվայր մը , չկայ գիշեր մը, որուն չէ կարելի յաղթահարել առանց Յիսուսի։  Տիրամայրը, ուղեւորութեան Մայրը , որ ընկալելով Աստուծոյ խօսքը,  իր բոլոր կեանքը Աստուծոյ նկատմամբ «Այո»-ի վերածեց , թող մեզի ցոյց տայ այդ  ուղին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2020, 12:07