Հրեշտակի Երկուշաբթի օրուայ «Ողջ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը։

Ի տես Քրիստոսի յարութեան կարելի է վստահութեամբ նայիլ մեր գոյութեան որեւէ իրադարձութեան, նոյնիսկ ամէնադժուարին ու անձկութեան եւ անորոշութեան իրավիճակին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 13 ապրիլ 2020-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնի յաջորդող երկուշաբթին, Լատինաց մօտ կը կոչուի «Հրեշտակի Երկուշաբթի», որ կը  յիշատակէ Յիսուսին Յարութենէն ետք գերեզման այցելող կիներուն հրեշտակին աւետիսը «Ի՞նչու ողջը կը փնտռէք մեռելներուն մէջ։ Հոս չէ Ան. Յարութիւն առաւ» (Ղուկաս 24, 5-6)։

Այս օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոսս Սրբազան Պապը, առաքելական պալատի մատենադարանէն, ուղիղ եթերի սփռումով գլխաւորեց Մարեմեան «Ողջ լեր Թագուհի» աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան ծիսակատարութեան ու պատգամին վրայ։

Այսօր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հրեշտակի երկուշաբթին է։ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած Աւետարանական հատուածը (Մատթէոս 28, 8-4) կը խօսի կիներու մասին, որոնք վախցած արագօրէն կը լքեն  դատարկ գտած Յիսուսին գերեզմանը։ Յիսուս սակայն անոնց կ՛երեւնայ ու կ՛ըսէ «Մի՛ վախնաք, գացէ՛ք՝ լո՛ւր տուէք իմ եղբայրներուս, որ Գալիլեա երթան: Հո՛ն պիտի տեսնեն զիս» (Մատթ 28,10):

Այս խօսքերով Յարուցեալը կիներուն կը յանձնէ առաքելական հրահանգ մը։ Կիները՝ որոնք Քրիստոսի հանրային կեանքի ընթացքին եղան հաւատարմութեան, նուիրումի եւ սիրոյ տիպար, այժմ կը պարգեւատրուին Քրիստոսէն։

Արդարեւ առաջինները կիները, ապա առաքեալները ու յատկապէս Պետրոսը, եղան անոնք որոնք ականատես եղան յարութեան իրականութեան։ Թէեւ Յիսուս անոնց շատ անգամ խօսած էր անոր մասին,  աշակերտները չէին ըմբռնած զայն, որովհետեւ տակաւին պատրաստ չէին։ Անոնց հաւատքը պէտք էր առաւել եւ որակաւոր քայլ մը կատարէր՝ զոր միայն Սուրբ Հոգին՝ կարող էր հրահրել։

Այդ պահէն ետք՝ Քրիստոսի յարութեան հռչակումը կը տարածուի ամենուրէք, դառնբալով բոլորի համար յոյսի աւետիս մը։

Յարութիւնը մեզի կ՛ըսէ որ վերջին խօսքը չէ տրուած մահուան՝ այլ կեանքին։ Իր Միածին որդին յարուցելով Հայր Աստուած յայտնեց իր սիրոյ եւ ողորմութեան լիութիւնը՝ հանդէպ բոլոր ժամանակներու համայն մարդկութեան։

Ի տես Քրիստոսի յարութեան կարելի է վստահութեամբ նայիլ մեր գոյութեան որեւէ իրադարձութեան, նոյնիսկ ամէնադժուարին ու անձկութեան եւ անորոշութեան իրավիճակին։

«Քրիստոս իմ յոյսս յարութիւն առաւ»,  ահա այս է Զատկական  պատգամը զոր հրաւիրուած ենք հռչակել, խօսքով ու մասնաւորապէս կեանքի վկայութեամբ, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, մաղթանք յայտնելով որ այս վստահութիւնը զօրացնէ ամէն մէկ մկրտեալի հաւատքը ու քաջալերանք ըլլայ յատկապէս անոնց՝ որոնք կը դիմագրաւեն աւելի մեծ տառապանք եւ դժուարութիւն։

Մարիամ լռելեան վկան իր զաւկին Յիսուսի  մահուան ու Յարութեան, մեզ օգնէ զօրեղ կերպով հաւատալու այս փրկութեան խորհուրդին, որ հաւատքով ընկալուած, կարող է մեր կեանքը փոխել։

Այս է Զատկուան մաղթանքը՝ որ կը նորոգեմ բոլորին ու կը յանձնեմ Իրեն՝ մեր Մօրը, որ այժմ պիտի հայցենք «Ողջ Լեր Թագուհի» աղօթքով։

“Ողջ լեր Թագուհի, մայր ողորմութեան, կեանք, քաղցրութիւն եւ յոյս մեր, ողջ լեր։ Առ քեզ գոչեմք աքսորեալ որդիքս Եւայի. առ քեզ հառաչեմք հեծելով եւ ողբալով յայսմ արտասուաց վայրի։ Արդ ո՛վ բարեխօս մեր, դարձո՛ առ մեզ զաչս ողորմութեան քոյ. եւ զՅիսուս զօրհնեալ պտուղն որովայնի քոյ, յետ այսր աքսորանաց ցոյց մեզ, ո՛վ գթած, ո՛վ բարեգութ, ո՛վ քաղցր կոյս Մարիամ։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2020, 12:05