Նիու Եորք Նիու Եորք 

Ֆրանչիսկոս Պապը մօտիկութիւն եւ մտահոգութիւն արտայայտեց Նիու Եորքի բնակչութեան ապրած տագնապին համար։

«Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս՝ ինծի հեռաձայնեց այսօր ժամը 14-ին, իր սիրալիր մօտիկութիւնը արտայայտելով Նիւ Եորքի բնակչութեան ու յատկապէս Քորոնավիրուսի հիւանդներուն» գրուած է Կարդինալ Տոլանիի հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նիու Եորքի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Թիմոթի Տոլանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնն ու մտահոգութիւնը արտայայտեց քաղաքի բնակչութեան ու յատկապէս Քորոնավիրուսի հիւանդներուն»։ Լուրը  հաստատած է Նիու Եորքի Աւագ Թեմը։

Արդարեւ Սրբազան Քահանայապետը երեքշաբթի 14 ապրիլին հեռաձայնին կապ հաստատած է  Կարդինալ Տոլանի հետ անոր արտայայտելով մօտիկութիւն ու հայրական հոգածութիւն, ի տես Նիու Եորք Քաղաքին համաճարակի պատճառաւ դիմագրաւած ծանր տագնապին։

«Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս՝ ինծի հեռաձայնեց այսօր ժամը 14-ին, իր սիրալիր մօտիկութիւնը արտայայտելով Նիւ Եորքի բնակչութեան ու յատկապէս  Քորոնավիրուսի հիւանդներուն» գրուած է Կարդինալ Տոլանի հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր ան կը հատատէ նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ աղօթել հիւանդներուն, բժիշկներուն ու առողջապահական մարզի գործիչներուն համար որոնք հոգ կը տանին ժահրի թիրախ հիւանդներուն. Ան կը շարունակէ աղօթել նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն, քահանաներուն ու աշխարհականներուն համար» կը նշէ Կարդինալ Տոլան, որ ապա շնորհակալութիւն  կը յայտնէ  Քահանայապետին՝ Անոր  վստահեցնելով Նիու Եորքի հաւատացեալներուն աղօթքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2020, 15:18