Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։ 

«Երանի ձեզի, երբ մարդիկ ատեն ձեզ եւ վռնտեն ու նախատեն» Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Աշխարհի հետ փոխզիջումները վտանգաւոր են։ Քրիստոնեան միշտ փորձութեան մէջ է աշխարհի հետ փոխզիջումներ կատարելու՝ աշխարհի հոգիին hետ։Աշխարհի հետ փոխզիջումներ կատարելու մերժումը, երկինքի արքայութիւնն է, ամենէն մեծ ուրախութիւնը եւ ճշմարիտ աւետիսը։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 29 ապրիլ, 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10,00ին, Վատիկանի Առաքելական մատենադարանէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը,  չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առթիւ, ուղիղ եթերով սփռուած  ներկայացուցած խորհրդածութեան նիւթը եղաւ աւետարանական երանութիւններուն վերջինը։ «երանի ձեզի, երբ մարդիկ ատեն ձեզ եւ վռնտեն ու նախատեն, եւ ձեր մասին չար անուն հանեն Մարդու որդիի համար ։»

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով յիշեալ երանութեան նշեց. 

«Հոգիին մէջ աղքատութիւնը, սրբութեան ծարաւը, խոնարհութիւնը, ողորմածութիւնը, սիրտի մաքրութիւնը եւ խաղաղութեան գործերը այս բոլորը  մեզ կրնան առաջնորդել հալածանքներուն՝ Քրիստոսի պատճառաւ, սակայն  այդ հալածանքը ի վերջոյ ուրախութեան պատճառ է,  ինչպէս նաեւ երկինքի մէջ հատուցման պատճառ։

Երանութիւններուն ուղին զատկական ուղեւորութիւն է, որ մեզ կ՝առաջնորդէ մարմնական գոյութենականութիւնէն՝ այսինքն եսասիրութենէն դէպի Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած ուղեւորութիւն։

Աշխարհը, իր կուռքերով, փոխզիջումներով չի կրնար ընդունիլ այս տեսակ գոյութենականութիւն մը։ Մեղքի կառոյցները՝ յառաջացած մարդկային մտայնութենէն  չեն կրնար ընդունիլ,  եթէ ոչ մերժել աղքատութիւնը, խոնարհութիւնը, յայտարարելով, որ Աւետարանի համաձայն կեանքը սխալ է ու հարց մըն է, որ պէտք է բացառել։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, երբ կը յայտնուի սրբութիւնը եւ կը յայտնաբերուի Աստուծոյ Որդիներուն կեանքը, այդ գեղեցկութեան մէջ կը գտնուի անհանգստացնող բան մը,  որ հրաւէր է դիրք բռնելու՝ կամ բարիին բացուելու կամ ալ մերժելու լոյսը՝ մեր սիրտը կարծրացնելով։ Ան նշեց, թէ հալածանքի ողբերգութիւնը  է նաեւ վայրը աշխարհի փոխզիջումներէ եւ փառասիրութենէն ազատուելու։

Ապա յարեց թէ  ցաւալի է յիշել, որ այսօր, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կան բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնք հալածուած են ու կը տառապին, յոյս յայտնելով եւ աղօթելով, որպէսզի անոնց տառապանքը շուտով փարատին։

«Այդ եղբայրներուն եւ քոյրերու մեր մօտիկութիւնը կը յայտնենք։ Մենք մէկ մարմին ենք  եւ այդ քրիստոնեաները, արեան անդամ են Յիսուսի Քրիստոսի մարմնին, որ է եկեղեցին։» ըսաւ ֆրանչիսկոս յորդորելով  հաւատարիմ գտնուիլ երանութիւններուն հեզ ուղիին, որովհետեւ այդ ուղին է ,որ կ՝առաջնորդէ Քրիստոսի պատկանելու եւ ոչ թէ աշխարհին։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց թէ բացառումն ու հալածանքը, Աստուծոյ շնորհքով, մեզ կը նմանեցնեն խաչեալ Քրիստոսին եւ մեզ մասնակից  կը դարձնեն Յիսուսի չարչարանքներուն, եւ այդ նոր  կեանքի  յայտնութիւն է։ 

Այդ կեանքը Քրիստոսի միեւնոյն կեանքն է, որ մեզի՝ մարդոց համար եւ մեր փրկութեան համար նախատուեցաւ ու մերժուեցաւ մարդոց կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց խորհրդածութիւնը նշելով.« Յիսուսի հոգին ընդունիլը մեզ կրնայ առաջնորդել մեր սիրտին մէջ ունենալու մեծ սէր մը՝  աշխարհի կեանք շնորհելու, առանց որ փոխզիջումներ կատարենք աշխարհի խաբէութիւններու հետ, ընդունելով աշխարհի մերժումը։ Աշխարհի հետ փոխզիջումները վտանգաւոր են։ Քրիստոնեան միշտ փորձութեան մէջ է աշխարհի հետ փոխզիջումներ կատարելու՝  աշխարհի հոգիին հետ։Այս փոխզիջումներ կատարելու մերժումը երկինքի արքայութիւն է , ամենէն մեծ ուրախութիւնը եւ ճշմարիտ աւետիսը։»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2020, 10:50