Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «մօտիկ եմ համաճարակի զոհերուն»։

Ֆրանչիսկոս Պապի անակնկալ հեռաձայնային կապը «Ռայ մէկ» Իտալական Պետական հեռուստակայնի հաղորդավարին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 10 ապրիլին, Աւագ ուրբաթ օրուան ընթացքին, Իտալական Ռայ մէկ, պետական հեռուստակայանի կողմէ սփռուած մէկ յայտագիրի մը ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ հեռաձայնային կապ պահեց« a sua immagine»յայտագիրի հաղորավարին հետ իր մօտիկութիւնը յայտնելով համաճարակի զոհերուն։

Ունկնդրէ Լուրը

Պատասխանելով հաղորդավարին «ինչպէս կ՝ապրիք համաճարակի այս տագնապի օրերը» հարցումին, Ֆրանչիսկոս Պապ  ըսաւ «կը մտածեմ Խաչեալ Տիրոջ մասին, կը մտածեմ  պատմութեան խաչեալներուն, յատուկէն մեր օրերու համաճարակի խաչեալներուն՝ բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, մայրապետներուն, քահանաներուն, որոնք զինուորներուն նման մեռան ճակատամարտի վայրին վրայ, իրենց  կեանքը տալով սիրոյ համար։

Բժիշկները, հիւանդապահները , Տիրամօր նման, որ կանգուն մնաց Յիսուսի խաչին տակ, իրենք եւս  իրենց հասարակութիւններու խաչին տակ կանգուն մնացիցն՝ բուժելով հիւանդները։։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հեռուստակայանի հաղորդավարին փոխանցեց, թէ ինք մօտիկ է Աստուծոյ ժողովուրդին, ամենէն շատ տառապողներուն, համաճարակի զոհերուն, իր հայեացքը միշտ դէպի երկինք սեւեռելով, դէպի յոյս, որովհետեւ ըսաւ Ան , յոյսը երբեք յուսախաբ չձգեր, յոյսը չփարատեր ցաւերը , սակայն երբեք յուսախաբութեան չմատներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով, որ Սուրբ Զատիկը կ՝աւարտի Յարութեան ՝խաղաղութեան մէջ, անդրադարձաւ սիրոյ փոխզիջումին, այն սիրոյ մասին, որ մեզ կ՝առաջնորդէ դժուար ուղիին վրայ, զոր Յիսուս  նախ ինք անցաւ եւ ասոր համար մխիթարանք եւ ուժ կը ներշնչէ։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2020, 09:42