ՖրանչիսկոսՊապին ապրիլ ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 2 ապրիլին, լոյս տեսաւ ֆրանչիսկոս Պապին ապրիլ ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան քահանայապետին ամէն ամիս առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը լոյս ընծայող «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց կազմակերպութիւնը հրապարակելով  հաղորդարարութիւն մը նշեց,  թէ  ապրիլ ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ աղօթել զանազան կախուածութիւններէ ձերբազատուելու համար, կախուածութիւնիններ, որոնք կը ներգրաւեն մեծ թիւով անձինք համայն աշխարհի մէջ։ 

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ «Մարդկութիւնը հարուածող համաճարակի մեծ մտահոգութեան ժամանակայ հատուածին, ֆրանչիսկոս Պապ չի մոռնար  տառապանքի մէջ գտնուող  անձերու հարցերը եւ կը խնդրէ, որ աղօթենք անոնց համար։

Կախուածութիւններուն ողբերգութիւնը ոչ միայն կ՝ընդգրկէ թմրամոլութեան, ալքոլի եւ ծխախոտի կախուածութիւններ, որոնք կը շարունակեն ըլլալ ընկերութեան մէջ տիրապետող պատճառները։

 Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան համաձայն, կախուածութեան ողբերգութիւնը այսօր կ՝ընդգրկէ նոր ձեւեր՝ համացանցի, ձեռքի հեռաձայնի եւ ելեկտրոնայինն այլ սարքերու սխալ օգտագործումի աճումը,  որ յաճախ կը հանգեցնէ այլ կախուածութիւններուն եւ որոնք բացասական հետեւանքներ ունին առողջապահութեան վրայ։  Ասոնց շարքին են տեսերիզային խաղերը  եւ պոռնկագրութիւնը, որոնք մշտական ներկայութիւն են թուային աշխարհի հարթակներու վրայ եւ այդ հարթակներու հսկայական օգտագործումը մեծապէս ազդեցութիւն ունին ամենօրեայ սերտ յարաբերութիւններուն որակին վրայ։

Այդ թուայնային վտանգներուն դիմաց ֆրանչիսկոս Պապ հիմնուելով Աւետարանի ողորմածութեան վրայ կը լուսաբանէ թէ կարելի է խնամել եւ ամոքել նոր բազմաթիւ տառապանքները, որոնք առնչութիւն ունին  նոր խախուածութիններուն հետ, օրինակիհամար կանխարգիլման, վերականգման եւ ներգրաւումի ծրագիրներուն միջոցաւ։ 

Ապրիլ ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  ըսաւ.

« Վստահ Լսած էք որ կը խօսուի կախուածութիւններու մասին։    
Արդեօք մտածա՞ծ էք նաեւ բախտախաղի, պոռնկագրութեան եւ համացանցի կախուածութեան մասին … եւ թուայնային տարածքի վտանգի մասին։

Հիմնուելով «Ողորմածութեան Աւետարանին» վրայ, կրնանք ամոքել, խնամել եւ բուժել շատ մը  տառապանքներ, որոնք առընչուած են նոր կախուածութիւններու։

Աղօթենք որ բոլոր անհատները որոնք կախուածութիւններու ազդեցութեան տակ են, կարենան ստանալ լաւ օգնութիւն եւ ընկերակցում։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2020, 17:00