Որոնել

Քահանայապետը մօտիկ է ու կ՛աղօթէ, որպէսզի Տէրը մեզ բոլորս շուտով ազատէ չարէն:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ 2020-ի Սուրբ Աւագ Շաբթուայ հայող լսատեսողական պատգամը։
Ունկնդրէ լուրը


Սիրելի բարեկամներ բարի երեկոյ։

Այս իրիկուն կարելիութիւնը ունիմ ձեր տուները մտնելու, սովորականէն տարբեր ձեւով։

Եթէ թոյլ կու տաք, պիտի ուզեմ ձեր հետ զրուցել մի քանի վայրկեան, այս դժուար ու տառապանքի ժամանակաշրջանին։

Կ՛երեւակայեմ ձեզ՝ ձեր ընտանիքներուն մէջ, մինչ կ՛ապրիք անսովոր կեանք մը, վարակումէն խուսափելու համար։

Կը մտածեմ մանուկներու եւ պատանիներու կայտառութեան, որոնք  չեն կրնար դուրս ելլել, դպրոց յաճախել, իրենց կեանքը ապրիլ։

Սրտիս մէջ կը կրեմ բոլոր ընտանիքները, յատկապէս անոնք՝ որոնք հիւանդ սիրելիներ ունին եւ կամ դժբախտաբար ճանչցան սուգը, քորոնա ժահրի եւ այլ պատճառներու բերումով։

Այս օրերուն յաճախ կը մտածեմ առանձին ապրող մարդոց մասին, որոնց համար աւելի դժուար է դիմագրաւել այս պահերը։ Կը մտաբերեմ մասնաւորապէս տարեցները, որոնք ինծի շատ սիրելի են։

Չեմ կրնար մոռնալ անոնք՝ որոնք հիւանդացան քորոնա ժահրէն, հիւանդանոցներու մէջ խնամուող անձերը։

Աչքիս առջեւ ունիմ մեծահոգիութիւնն անոնց, որոնք՝  իրենք զիրենք վտանգի կ՛ենթարկեն՝ այս համաճարակը դարմանելու, կամ հիմնական ծառայութիւններ ապահովելու ընկերութեան։

Քանի քանի հերոսներ, ամենօրեայ հերոսներ, ամէն ժամերու հերոսներ։ Կը յիշեմ նաեւ անոնք՝ որոնք տնտեսական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին եւ մտահոգ են աշխատանքի ու ապագայի համար։

Յատուկ մտածում մը նաեւ բանտերու մէջ կալանաւորուածներուն, որոնց ցաւին կ՛աւելանայ համաճարակի վախը, թէ իրենց եւ թէ իրենց սիրելիներուն համար։ Կը մտածեմ անօթեւաններուն, որոնք զիրենք պաշտպանող տուն մը չունին։

Դժուար պահ մըն է սա բոլորիս համար։ Շատերու համար ալ շատ դժուար։

Պապը գիտէ ասիկա, եւ այս խօսքերով կ՛ուզէ բոլորին հասցնել իր մօտիկութիւնն ու սէրը։

Ջանանք՝ եթէ կարելի է, լաւապէս օգտագործել այս ժամանակահատուածը. ըլլանք վեհանձն, օգնենք կարիքի մէջ մեր մօտակայքը գտնուող մարդիկը. հեռախօսով կամ ընկերային ցանցերու միջոցաւ փնտռենք առանձնութեան մէջ գտնուողները. աղօթենք Տիրոջ՝ անոնց համար, որոնք կը տառապին Իտալիոյ ու աշխարհին մէջ։

Նոյնիսկ եթէ մեկուսացուած ենք, մտածումը եւ հոգին կարող են հեռուները երթալ՝ սիրոյ ստեղծագործութեամբ։

Այս է այսօրուայ պահանջը՝ Սիրոյ ստեղծագործութիւնը։

Իսկապէս անսովոր կերպով պիտի տօնակատարենք Սուրբ Շաբաթը՝ որ կը յայտնէ եւ կ՛ամփոփէ Աւետարանի պատգամը՝ Աստուծոյ առանց սահմանի սիրոյ պատգամը։

Ու մեր քաղաքներու լռութեան մէջ, դարձեալ պիտի հնչէ Զատկական Աւետարանը։

Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Ան մեռաւ բոլորի համար, որպէսզի ապրողները այսուհետեւ չապրին իրենք իրենց, այլ անոր՝ որ մեռաւ իրենց համար եւ յարութիւն առաւ» (Բ Կորընթ։ 5, 15)։

Յարուցեալ Յիսուսին մէջ կեանքը յաղթեց մահուան։ Զատկուայ սոյն հաւատքն է որ մեր յոյսը կը սնուցէ։ Զայն կ՛ուզեմ ձեր հետ բաժնեկցիլ այս գիշեր։

Յոյսը՝ աւելի լաւ ժամանակի մը, որուն մէջ մենք աւելի լաւ ըլլանք, վերջապէս ազատ՝ չարէն ու այս համաճարակէն։

Յոյս մըն է. Յոյսը յուսախաբ չի թողուր, պատրանք մ չէ. Յոյս  է։

Մէկը միւսին կողքին, սիրոյ եւ համբերութեան մէջ, կարող ենք այս օրերուն պատրաստել աւելի լաւ ժամանակ մը։

Շնորհակալ եմ որ ինծի թոյլ տուիք մտնել ձեր տուները։ Սիրալիր արարք մը կատարեցէք, տառապողին, մանուկներուն ու տարեցներուն նկատմամբ։

Անոնց ըսէք. «Քահանայապետը մօտիկ է ձեզի ու կ՛աղօթէ, որպէսզի Տէրը մեզ բոլորս շուտով ազատէ չարէն։ Եւ դուք ինծի համար աղօթեցէք»։


Անուշ ընթրիք։

Ցտեսութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2020, 20:07