Ֆրանչիսկոս Պապին Զատկական Ուրպի էթ Օրպի պատգամը։

Համայն աշխարհին ուղղուած պատգամ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր՝ «Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ»։

Այսօր համայն աշխարհին մէջ կը հնչէ Եկեղեցւոյ աւետիսը՝ «Յիսուս Քրիստոս Յարեաւ։ Իսկապէս Յարեաւ»։

Այս Բարի Լուրը նոր կրակի նման լուսաւորուեցաւ գիշերուան մէջ, գիշերը աշխարհի մը, որ արդէն դարաշրջանային մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած էր, եւ այժմ ճնշուած է համաճարակէն, որ դժուար կացութեան մէջ կը դնէ մեր մարդկային մեծ ընտանիքը։

Այս գիշերուան մէջ վերահնչեց Եկեղեցւոյ ձայնը. «Քրիստոս՝ իմ յոյսս, յարութիւն առաւ»։

Տարբեր «վարակ»  մըն է, որ կը փոխանցուի սիրտէ սիրտ, որովհետեւ ամէն մէկ մարդկային սիրտ այս Բարի Լուրին կը սպասէ։ Յոյսի վարակն է. «Քրիստոս՝ իմ յոյսս, յարութիւն առաւ»։

Այս մէկը կախարդական բանաձեւ մը չէ, որ խնդիրները կը վերացնէ։ Ո՛չ, Քրիստոսի Յարութիւնը ասիկա չէ։ Ան սիրոյ յաղթանակն է՝ չարի արմատներուն վրայ, յաղթանակ մը, որ չի շրջանցեր տառապանքն ու մահը, այլ անոնց մէջէն կ՛անցնի, ճանապարհ բանալով անդունդին մէջ, չարը փոխակերպելով բարիի, բարին որ Աստուծոյ զօրութեան բացառիկ յատկանիշն է։

Յարուցեալն ու Խաչեալն է ան, ոչ թէ ուրիշ մէկը։ Իր  փառաւորեալ մարմնին մէջ կը կրէ անջնջելի վէրքերը. Վէրքեր՝ որոնք դարձան յոյսի սողանցքներ։ Անոր է որ կ՛ուղղենք մեր հայեացքը, որպէսզի բուժէ տանջուող մարդկութեան վէրքերը։

Այսօր իմ մտածումս կ՛երթայ յատկապէս  անոնց՝ որոնք ուղղակիօրէն քորոնավիրուսի թիրախ դարձան. հիւանդներուն, մահացածներուն,  ու ընտանիքներուն, որոնք կ՛ողբան իրենց սիրելներուն մահը, որոնց յաճախ չի կարողացան նոյնիսկ վերջին հրաժեշտը տալ։ Կեանքին Տէրը իր թագաւորութեան մէջ ընկալէ ննջեցեալները ու մխիթարութիւն եւ յոյս շնորհէ անոնց՝ որոնք տակաւին փորձանքի մէջ կը գտնուին ու յատկապէս տարեցներուն եւ առանձնութեան մէջ ապրողներուն։

Տէրը իր մխիթարութիւնը եւ հարկաւոր օգնութիւնը պակաս թող չընէ անոնցմէ՝ որոնք որոշ դիւրաբեկ պայմաններու մէջ կը գտնուին, ինչպէս անոնք՝ որոնք կ՛աշխատին խնամակալութեան տուներուն մէջ, կամ կ՛ապրին զօրանոցներու ու բանտերու մէջ։

Շատերուն համար առանձնութեան Զատիկ մըն է ասիկա, որ ապրուած է համաճարակին պատճառած սուգի ու բազմաթիւ դժուարութիւններուն մէջ,  ֆիզիկական տառապանքէն՝ մինչեւ տնտեսական հարցերը։

Այս ախտը մեզ չի զրկեց միայն գուրգուրանքներէն, այլ նաեւ այն կարելիութենէն անձնապէս  դիմելու Խորհուրդներէն բխող մխիթարութեան, յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան եւ Խոստովանանքի խորհուրդներէն։

Շատ մը երկիրներու մէջ կարելի չեղաւ անոնց մօտենալ,  Տէրը սակայն մեզ մինակ չի թողուց։ Միացած մնալով աղօթքի մէջ վստահ ենք թէ Ան մեր վրայ դրաւ իր բազուկը (Սաղմոս 138,5), զօրեղ կերպով մեզի կրկնելով. «Մի վախնար։ Յարութիւն արի եւ քու հետդ եմ մշտապէս»։

Յիսուս՝ մեր Զատիկը, ուժ եւ յոյս պարգեւէ բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն, որոնք ամենուրէք խնամքի եւ սիրոյ վկայութիւն կը մատուցեն  մերձաւորին, մինչեւ ուժերու սպառում եւ շատ անգամ ալ  սեփական առողջութեան զոհաբերումով։

Անոնց, ու բոլոր անոնց՝ որոնք մշտական կերպով կ՛աշխատին, ապահովելու համար քաղաքացիական համակեցութեան հարկաւոր ու հիմնական ծառայութիւնները. ապահովական ուժերուն, զինուորներուն՝ որոնք շատ մը երկիրներու մէջ սատարեցին թեթեւցնելու համար բնակչութեան դժուարութիւններն ու տառապանքը, կ՛ուղղուի մեր  սիրալիր մտածումը ու մեր երախտագիտութիւնը։

Այս շաբաթներու ընթացքին միլիոնաւոր մարդոց կեանքը յանկարծակիի փոխուեցաւ։ Շատերուն համար տուն մնալը դարձաւ առիթ խորհրդածելու, կասեցնելու կեանքի խելայեղ ընթացքը,  ու մնալու իրենց սիրելիներուն հետ, վայելելով անոնց ընկերութիւնը։ Շատերուն համար սակայն այս ժամանակը՝ ապագայի  մտահոգութեան ժամանակ է, ապագան որ կը ներկայանայ անորոշ, աշխատանքը կորսնցնելու վտանգով ու այլ հետեւանքներուն համար՝ զոր ներկայ տագնապը իր հետ կը բերէ։

Կը քաջալերեմ բոլոր անոնք՝ որոնք քաղաքական պատասխանատուութիւններ ունին, գործնականօրէն աշխատելու ի նպաստ քաղաքացիներու հասարակական բարիքին, հարկաւոր միջոցներ ու գործիքներ մատուցելով, որպէսզի  բոլորին տրուի արժանավայել կեանք մը ապրելու հնարաւորութիւնը ու այն ժամանակ երբ պայմանները ներեն՝ խթանելու առօրեայի գործունէութիւններու վերսկսումը։

Ասիկա անտարբերութեան ժամանակը չէ, որովհետեւ համայն աշխարհն է որ կը տառապի ու ան պէտք է  յայտնուի միացած՝ համաճարակը  դիմագրաւելուն  մէջ։

Յարուցեալ Յիսուսը յոյս պարգեւէ բոլոր աղքատներուն, անոնց որոնք կ՛ապրին արուարձաններուն մէջ, գաղթականներուն ու տնանկներուն։

Մեր  քաղաքներուն ու աշխարհի տարբեր վայրերու արուարձաններուն մէջ բնակող՝ աւելի խոցելի եղբայրներ ու քոյրերը միայնակ չի լքուին։ Թոյլ չտանք որ անոնց պակսին հիմնական կենսամիջոցները, զոր այժմ աւելի դժուար է ձեռք բերել, ի տես բազմաթիւ գործունէութիւններու փակ ըլլալուն համար,  անոնց չպակսին նաեւ դեղերը ու մասնաւորապէս  բժշկական պատշաճ խնամակալութիւն ստանալու կարելիութիւնը։

Հաշուի առնելով կացութիւնը, թող մեղմացուին նաեւ միջազգային պատժամիջոցները, որոնք՝  հասցէատէր երկիրներուն համար արգելք կը հանդիսանան պատշաճ աջակցութիւն մատուցելու իրենց քաղաքացիներուն, եւ թող որ բոլոր Պետութիւններուն այնպիսի պայմաններու մէջ դրուին որպէսզի կարողանան  դիմագրաւել  այս պահուն պահանջները, նուազեցնելով, ու կարելիին չափ նաեւ վերացնելով պարտքը՝ զոր կը կշռէ հաշուեկշիռին վրայ, յատկապէս ամենաաղքատ երկիրներուն համար։  

Եսասիրութեան ժամանակը չէ ասիկա, որովհետեւ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրը մեզ բոլորս կը միասնացնէ եւ տարբերութիւն չի դներ մարդոց միջեւ։

Քորոնավիրուսէն հարուածուած  աշխարհի տարբեր շրջաններէն յատուկ մտածում մը կ՛ուղղեմ Եւրոպային։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, այս ցամաքամասը կարողացաւ դարձեալ վերականգնիլ, շնորհիւ զօրակցութեան գործնական հոգիի մը, որ անոր թոյլ տուաւ յաղթահարել անցեալի հակառակութիւնները։

Առաւելապէս հրատապ է, յատկապէս այսօրուայ պայմաններուն մէջ, որ այդպիսի մրցակցութիւններ վերստին չի ծաղկին, այլ բոլորը զիրար ճանչնան որպէս մաս միակ ընտանիքի մը, եւ իրար օգնեն փոխադարձաբար։

Եւրոպական Միութիւնը այսօր՝ իր առջեւ ունի դարաշրջանային մարտահրաւէր մը,  որմէ  կախեալ չէ  միայն իր՝ այլ համայն աշխարհի ապագան։

Առիթ չի կորսնցնենք զօրակցութեան առաւել ապացոյց մը տալու, դիմելով նաեւ նորարական լուծումներու։ Այլընտրանքը՝միայն մասնակի շահերու եսասիրութիւնն է եւ անցեալի վերադառնալու փորձը, վտանգի մատնելով խաղաղ համակեցութիւնը եւ ապագայ սերունդներուն զարգացումը։

Բաժանումներու ժամանակը չէ ասիկա։ Քրիստոս մեր խաղաղութիւնը, լուսաւորէ անոնք՝ որոնք հակամարտութիւններու մէջ պատասխանատուութեան տէր են, որպէսզի քաջութիւնը ունենան ընկալելու եւ ի  գործ դնելու, համայն աշխարհի անկիւններուն  մէջ,  համաշխարհային եւ անմիջական զինադադարի կոչը։

Ժամանակը չէ ասիկա՝ շարունակելու զէնքեր արտադրել եւ վաճառել, մեծ քանակութեամբ դրամագլուխներ ծախսելով,  որոնք պէտք են  գործածուիլ՝ խնամելու համար մարդիկը ու փրկելու կեանքեր։

Թող այս ժամանակը այլապէս ըլլայ ժամանակ՝ ուր վերջապէս վերջ դրուի սիրելի Սուրիան արիւնող երկար պատերազմին, Եմենի մէջ հակամարտութեան ու Իրաքի մէջ բախումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ։

Այս թող ըլլայ ժամանակը ուր Իսրայէլացիներ եւ Պաղեստինցիներ վերսկսին երկխօսութիւնը, մնայուն ու կայուն լուծումներ գտնելու համար, որոնք թոյլ տան որ երկու ժողովուրդները  խաղաղութեամբ ապրին։

Թող դադրին տառապանքները այն ժողովուրդներուն՝ որոնք կ՛ապրին Ուկրանիոյ Արեւելեան շրջանին մէջ։ Վերջ դրուի ահաբեկչական յարձակումներուն, որոնք կը կիրակուին անմեղներու նկատմամբ, Ափրիկէի տարբեր երկիրներուն մէջ։

Ասիկա մոռացութեան ժամանակը չէ։ Մեր ապրած տագնապը մեզի մոռցնել թող չտայ բազմաթիւ այլ տարբեր տագնապներ, որոնք իրենց հետ կը բերեն բազմաթիւ մարդոց ցաւեր։

Կեանքին Տէրը մօտիկ ըլլայ Ասիայի եւ Ափրիկէի  ժողովուրդներուն, որոնք կը գտնուին մարդկայնական ծանր տագնապի մէջ, ինչպէս է պարագան Քապօ Տելկատօ տարածաշրջանին որ կը գտնուի Մոզամբիկի հիւսիսը։ Ջերմացնէ պատերազմի, երաշտի ու սովի պատճառաւ տեղահան ու գաղթական բազմաթիւ մարդոց սրտերը։

Պաշտպանութիւն պարգեւէ բազմաթիւ գաղթականներուն ու փախստականներուն, որոնցմէ շատերը մանուկներ են ու կ՛ապրին անտանելի պայմաններուն մէջ, յատկապէս Լիպիայի մէջ ու Թուրքիոյ եւ Յունաստանի սահմանին վրայ։  Եւ չեմ ուզեր մոռնալ Լեզվոս կղզին։ Թոյլ տայ որ Վենեզուելլլայի մէջ յանգին անմիջական ու շօշափելի լուծումներու, որոնք  կարելի դարձնեն միջազգային օգնութիւններու երաշխաւորումը  բնակչութեան, որ կը տառապի  քաղաքական, ընկերա-տնտեսական ու առողջապահական  ծանր իրավիճակին պատճառաւ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր

Անտարբերութիւն, եսասիրութիւն, բաժանում, մոռացութիւն, բառեր են որ իրապէս չենք ուզեր լսել այս ժամանակներուն։ Կ՛ուզենք զանոնք արգիլել բոլոր ժամանակներուն մէջ։ Կը թուի թէ անոնք կը գերակայեն երբ մեր մէջ կը յաղթէ մահն ու վախը. Այսինքն՝ երբ թոյլ չենք տար որ Տէր Յիսուսը յաղթանակ արձանագրէ մեր սրտին ու մեր կեանքին մէջ։

Ան որ յաղթեց մահուան՝ մեզի բանալով յաւիտենական փրկութեան ճանապարհը, փարատէ մեր  խեղճ մարդկութեան խաւարը ու մեզ առաջնորդէ իր փառաւոր օրուան՝ որ մայրամուտ չի ճանչնար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2020, 12:47