Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ժամն է բացառուածներուն համար տրամադրել տիեզերական աշխատավարձ»։

Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է «ժողովրդային շարժումներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որուն մէջ դիտել տալով՝ որ թէեւ ժահրը կը հարուածէ բոլորը անխտիր, աղքատ թէ հարուստ, աղքատներն ու բակառուածներն են սակայն անոնք՝ որոնք այս օրերուն ու նաեւ ապագային, տագնապին սուղ գինը վճարողները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Զատկուան օրերուն,  մինչ աշխարհը կը շարունակէ ապրիլ Քովիտ 19 ժահրի ստեղծած համաճարակի տագնապը, մեծ է նաեւ մտահոգութիւնը սոյն տագնապին յառաջացուցած  հետեւանքներուն ու անոնց ազդեցութիւնը՝ յատկապէս աղքատ խաւին վրայ։   

Սրբազան Քահանայապետը այս առընչութեամբ նամակ մը յղած է «ժողովրդային շարժումներու եւ կազմակերպութիւններու եղբայրներուն եւ քոյրերուն», որուն մէջ դիտել տալով՝ որ թէեւ ժահրը կը հարուածէ բոլորը անխտիր, աղքատ թէ հարուստ, «աղքատներն ու բացառուածներն են սակայն անոնք՝ որոնք այս օրերուն ու նաեւ ապագային, տագնապին սուղ գինը  վճարողները»։

Ֆրանչիսկոս Պապ  յատուկ մտածում կ՛ուղղէ անոնց՝ որոնք «հաղորդամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնէն հեռու, կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը մատուցել նուիրումով», անոնց շարքին դասելով բազմաթիւ կիները՝ որոնք հասարակութիւններուն մէջ, կը շարունակեն կերակուրը ապահովել բազմաթիւ մանուկներուն, տարեցները, հողագործութեամբ զբաղողները, որոնք կը շարունակեն առողջ ուտելիք մշակել եւ արտադրել, առանց չարաշահելու բնութիւնը եւ առանց շահարկելու մարդոց կարիքները…«Կ՛ուզեմ որ անոնք իմանան թէ Երկնային Հայրը կը տեսնէ այդ մէկը,  կ՛արժեւորէ ու զանոնք կ՛ամրապնդէ իրենց ընտրանքին մէջ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ, մատնանշելով նաեւ Ժողովրդային Շարժումներուն՝ կարիքաւորին ու տառապողին մատուցած շօշափելի օգնութեան։

Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ. «Դուք այնտեղ էք հարցերը նուազ դժուար եւ  նուազ ցաւալի դարձնելու համար։ Կը գնահատեմ ձեզ ու շնորհակալ եմ ի սրտէ»։ Ան ապա յոյս կը յայտնէ որ կառավարութիւնները հասկնան թէ այսօրուայ տնտեսա-ֆինանսական համակարգը տագնապի հետ կապակցութեամբ բաւարար չէ ու՝ թէ  «այսօր աւելի քան երբեւիցէ պէտք է անհատները, հասարակութիւնները, ժողովուրդները, ընտրուին որպէս կեդրոն, միացած՝ բուժելու, խնամելու ու բաժնեկցելու մէջ»։

Գիտեմ, կը գրէ Սրբազան Պապը, որ դուք բացառուած էք համաշխարհայնացումի բարիքներէն։ Չէք վայելեր մակերեսային հաճոյքները, որոնք բազմաթիւ խիղճեր կը թմրեցնեն։  Մեզ հարուածող չարը ձեզ կը հարուածէ կրկնակի կերպով։ Ձեզմէ շատեր կ՛ապրին օրը օրին, առանց իրաւական ապահովութեան մը՝ որ ձեզ պաշտպանէ…»։

«Դուք ոչ պաշտօնական տնտեսութեան աշխատաւորներդ, անկախ կամ ժողովրդային աշխատաւորներ, կայուն աշխատավարձ մը չունիք, դիմադրելու համար այս պահուն…եւ ինքնամեկուսացումը ձեզի համար կը դառնայ անտանելի» կը հաստատէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով՝ թէ  «մի գուցէ ժամն է՝ մտածելու տիեզերական աշխատավարձի մը, որ արժանապատուութիւն պարգեւէ ձեր կարեւոր եւ անփոխարինելի աշխատանքին, որ կ՛երաշխաւորէ եւ կ՛իրագործէ աւելի մարդկային եւ քրիստոնէական իրականութիւն մը»։ «Ոչ մէկ աշխատաւոր առանց իրաւունքի է» կը շեշտէ Քահանայապետը նամակի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2020, 10:23