1586452057609.JPG

Աւագ Հինգշաբթի օրուայ պատարագին Քահանայապետը յիշեց Քորոնա ժահրի զոհ քահանաները։

«Բժիշկներու, հիւանդապահներու հետ միասին Քահանաները հարեւան սուրբերն են. Քահանաներ որոնք իրենց կեանքը կու տան ծառայելով»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 9 ապրիլ 2020ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի դատարկ պազիլիքային մէջ, գլխաւորեց ուղիղ եթերով սփռուած Յիսուսի Վերջին ընթրիքի յիշատակումին ծիսակատարութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին արտասանած սրտաբուխ քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ, այսօր յիշատակուող՝ Քահանայական խորհուրդին վրայ։

«Սուրբ Հաղորդութիւնը, ծառայութիւնը եւ օծումը։ Այս է որ կ՛ապրինք այս ծիսակատարութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը,  ակնարկելով Քահանաներուն նուիրական առաքելութեան, որոնք Տիրոջ տապանակը կը դառնան՝ ճաշակելով Անոր Մարմինը եւ ըմպելով Անոր Արիւնը։ 

Քահանայապետը խօսելով ապա ծառայութեան մասին հաստատեց թէ այդ արարքը պայման է մտնելու համար Երկնքի թագաւորութեան մէջ։

«Ծառայել բոլորին, որովհետեւ, ինչպէս Տէրը ըսաւ Պետրոսին, Երկնքի Թագաւորութիւն մտնելու համար պէտք է թոյլ տան որ Ան ծառայէ մեզի, որ Ան ըլլայ Աստուծոյ Ծառան ու մեր ծառան։ Դժուար է հասկնալ այս մէկը։ Եթէ ես թոյլ չտամ որ Տէրը իմ ծառաս ըլլայ, լուայ զիս, աճեցնէ ու ինծի ներէ, Երկնքի արքայութիւն չեմ կրնար մտնել» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը յայտնելով բոլոր  քահանաներուն,«վերջին այս օրերուն օծուած քահանայէն մինչեւ Քահանայապետը» ըսաւ Ան։ «Բոլորս Քահանաներ ենք։ Բոլորս միացած ենք Տիրոջ միջոցաւ. Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, միացած ծառայելու համար» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը,  ապա նշեց թէ չի կրնար այս պատարագի ընթացքին չյիշել քահանաները։ Քահանաներ՝ որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն Տիրոջ, քահանաներ որոնք ծառայ են։ Անոնցմէ ոմանք այս օրերուն  մահացան, Իտալիոյ մէջ 60 է անոնց թիւը, մահացան իրենց ծառայութիւնը մատուցելով հիւանդներուն»։

«Բժիշկներու, հիւանդապահներու հետ միասին Քահանաները հարեւան  սուրբերն են. Քահանաներ որոնք իրենց կեանքը կու տան ծառայելով» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ այն միսիոնար քահանաներուն, որոնք թողլով ամէն ինչ գացին հեռաւոր երկիներ, իրենց ծառայութիւնը մատուցելու, ու շատ անգամ այնտեղ մահացան ու մնացին անանուն։ Քահանաներ որոնք լաւապէս կը ճանչնան իրենց հօտը ու մօտիկ են անոր ու մէկիկ մէկիկ գիտեն  անունները …»

«Ես այդ քահանաները կը կրեմ իմ սրտիս մէջ ու զանոնք կը տանիմ խորան»« ըսաւ ապա Սրբազան Պապը անդրադառնալով նաեւ այն քահանաներուն՝ որոնք յաճախ  նախատինքներու ու զրպարտութեան առարկայ են այլ քահանաներու գործած ոտնձգութիւններուն պատճառաւ։

«Բոլորս ալ մեղաւոր ենք» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը  ու խօսքը ուղղելով աշխարհի բոլոր քահանաներուն վստահեցուց թէ բոլորն ալ իր հետ խորանին վրայ կը գտնուին ու յանձնարարեց Պետրոսի նման համառութիւն չընել եւ թոյլ տալ որ Յիսուս մեր ոտքերը լուայ։ Եւ լուացուելու կարիքը ունեցողներու խիղճով դարձէք նաեւ ներողներ։ Ներեցէք մեծ վեհանձնութեամբ։ Այս է չափանիշը որով պիտի չափուինք։ Այնչափով որ ներէս նոյն չափով կը ներուիս։ Եւ երբ տարակոյսներ ունենաք նայեցէք Քրիստոսին, խաչին վրայ, այնտեղ կայ բոլորիս ներումը։ Յանձն առէք ներումի վտանգը, մխիթարելու վտանգը» թելադրեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզը աւարտեց գոհաբանելով զԱստուած քահանայութեան խորհուրդին համար։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ ձեզի համար քահանաներ. Յիսուս ձեզ կը սիրէ,  Ան պարզապէսս կը խնդրէ որ դուք թոյլ տաք որ Ան ձեր ոտքերը լուայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2020, 19:28