Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Արժանթինի մէջ մատուցուած առաջին Սուրբ Պատարագին 5-րդ դարադարձին առիթով։

Սուրբ Պատարագը Աստուծոյ դաշինքն է , որ Աստուած ուզեց կնքել իր ժողովուրդին հետ։ ՍուրբՊատարագը՝ յառաջ ընթանալու քաջալերանքի միջոց է ինչպէս նաեւ կեանքի կերակուրը՝ դժուարութեան եւ տառապանքի պահերուն եւ ուրախութեան ակնաղբիւր պատմութեան հոլովոյթին։

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

Երկուշաբթի, 1 ապրիլին, Արժանթինի մէջ նշուեցաւ Արժանթինի մէջ մատուցուած առաջին Սուրբ Պատարագի 5-րդ դարադարձը։ Այս առթիւ Սուրբ պատարագ մատուցեց Ռիօ Կալեկոս թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ ԽորխէԿարսիանա՝ առաջնորդարանի մայր տաճարէն ներս, առանց հաւատացեալներուն ներկայութեան։ 

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պատարագը նախատեսուած է որ մատուցուէր, Փուերթօ Սան Խուլիան եկեղեցիէն ներս, ուր 1520 թուականին,  Արժանթինի բոլոր տարածքէն ներս մատուցուած է առաջին Սուրբ Պատարագը, սակայն համաճարակի կանխարգիլման միջոցառումներու պատճառաւ  Պատարագը տեղի ունեցաւ Ռիօ կալեկոս թեմի եկեղեցիէն ներս։ 

Այս առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապ նամակով մը իր պատգամը փոխանցած է  Ռիօ կալեկոս թեմի եպիսկոպոսին,  ՝Գերապայծառ Խորխէ Կարսիանային, որուն մէջ իր բարեմաղթութիւնները  յայտնելէ ետք գերապայծառին եւ Արժանթինի համայն հաւատացեալներուն, անդրադարձած է  Սուրբ Պատարագի խորհուրդին Նշելով , որ Սուրբ Պատարագը Յիսուսի լուռ ներկայութիւնն է,  զոր հինգ դարերէ ի վեր ընկերացած Է Արժանթինի հաւատացեալներուն։

Սուրբ Պատարագը Աստուծոյ դաշինքն է , որ Աստուած ուզեց կնքել իր ժողովուրդին հետ։ ՍուրբՊատարագը՝ յառաջ ընթանալու  քաջալերանքի միջոց է ինչպէս նաեւ կեանքի կերակուրը՝ դժուարութեան եւ տառապանքի պահերուն եւ ուրախութեան ակնաղբիւր պատմութեան հոլովոյթին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշած է,  որ այսօր ինչպէս նաեւ երեկ,  Տիրոջ «այս ըրէք իմ յիշատակիս համար» խօսքը կը շարունակէ հնչել քաղաքներուն, մատուրներուն, հիւանդանոցներնմէջ։  Յիսուսի այդ խօսքը ողորմած սիրոյ յիշատակն է,  որ կը շարունակէ յարութիւն տալ ընկճուածներուն, ազատութիւն բանտարկեալներուն եւ  լոյսի աղբիւր կոյրերուն։ Սուրբ Պատարագը Յիսուսի գթութեան  յիշատակն է, որ կը տրուի  որպէս համերաշխութեան հաց։  Սուրբ Պատարագը Յիսուսի յոյսի յիշատակն  է,  որ հնարաւորութիւն  կը պարգեւէ մաս կազմելու կենդանի ժողովուրդին մը։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակած է նշելով « սիրելի եղբայր նոյնիսկ եթէ ֆիզիկապէս մինակ ես եւ կը նշես առաջին պատարագի 5-րդ դարադարձի յիշատակը,  ես  եւ Արժանթինի ժողովուրդը հոգեպէս  քեզի կը միանանք եւ կ՝ընկերանանք Սուրբ Պատարագին։ գրած է Սրբազան Հայրը, Ան ապա  պատգամը աւարտած է փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը  գերապայծառին եւ Արժանթինի համայն ժողովուրդին, ապա  հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին հովանին խնդրած  է որ չմոռնան աղօթելու  իրեն  համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2020, 14:14