00942_21062015.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապը կը միանայ Թորինոյի Եպիսկոպոսին՝ Յիսուսի Վարշամակին առջեւ կատարելիք աղերսական աղօթքին։

«Որպէս քրիստոնեաներ, Սուրբ Գիրքի լոյսին տակ, մենք այս վարշամակին մէջ կը տեսնենք մեր խաչուած, մեռած եւ Յարութիւն առած Տիրոջ՝ Յիսուսին պատկերը։ Անոր կը յանձնուինք եւ Անոր կ՛ապաւինինք։ Յիսուս մեզի ուժ կու տայ ամէն տեսակ փորձութիւն դիմագրաւելու՝ հաւատքով, յոյսով ու սիրով, այն վստահութեամբ, որ Հայրը մշտապէսս մտիկ կ՛ըսէ իր զաւակներուն, որոնք Իրեն կ՛աղաղակեն ու զանոնք կը փրկէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

9 ապրիլ 2020 թուակիր նամակով մը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գնահատանքը յայտնած է Թորինօ Թեմին Եպիսկոպոսին, որ որոշած է աւագ շաբաթուայ գիշերը, Յիսուսի վարշամակը պահպանող մատրան մէջ՝ աղերսական աղօթք կատարել, ու այս բացառիկ առիթով վարշամակը տեսանելի դարձնել բոլոր անոնց՝ որոնք ընկերային հաղորդամիջոցներու սփռումներով պիտի հետեւին ու մասնակցին այդ աղօթքին, որ կազմակերպուած է քորոնավիրուսի համաճարակի այս ժամանակաշրջանին՝ Յիսուս Քրիստոսէն հայցելու՝ որ չարը վերացնէ այս աշխարհէն։

«Կը միանամ ձեր աղերսին, հայեացքս ուղղելով Վարշամակի Մարդուն, որուն մէջ կը ճանչնանք Տիրոջ Ծառային դիմագիծը, որ Յիսուս իրագործեց իր չարչարանքով» գրած է Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ մէջբերելով Եսայի մարգարէին խօսքերը. «Վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ… Անիկա մեր ցաւերը վերցուց. Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ… Անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք (Եսայի 53,3.4-5).

«Վարշամակի Մարդուն դիմագիծին մէջ, կը տեսնենք մեր հիւանդ բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու դէմքերը, յատկապէս անոնց՝ որոնք միայնակ են ու նուազ խնամուած. Ու նաեւ բոլոր պատերազմներու եւ բռնութիւններու զոհ եղբայրներն ու քոյրերը, ստրկութեան ու հալածանքի զոհերը» կը գրէ  ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով՝ թէ «Որպէս քրիստոնեաներ, Սուրբ Գիրքի լոյսին տակ, մենք այս վարշամակին մէջ կը տեսնենք՝ խաչուած, մեռած եւ Յարութիւն առած Տիրոջ՝ Յիսուսին պատկերը։ Անոր կը յանձնուինք եւ Անոր կ՛ապաւինինք։ Յիսուս մեզի ուժ կու տայ ամէն տեսակ փորձութիւն  դիմագրաւելու համար՝ հաւատքով, յոյսով ու սիրով, այն վստահութեամբ որ Հայրը մշտապէս մտիկ կ՛ընէ իր զաւակներուն, որոնք Իրեն կ՛աղաղակեն ու զանոնք կը փրկէ»։

Նամակի աւարտին  Նորին Սրբութիւնը հրաւէր կ՛ուղղէ բոլորին՝ այս Քրիստոսի չարչարանքներու օրերը ապրելու միացած Անոր հետ, «որպէսզի կարենանք փորձարկել Անոր Յարութեան ուրախութիւնը» դիտել կու տայ Սրբազան Պապը, հուսկ Թորինոյի եպիսկոպոսին, Եկեղեցւոյ ու յատկապէս հիւանդներուն եւ  տառապողներուն ու զանոնք խնամողներուն կը շնորհէ իր օրհնութիւնը։

«Թող որ Տէրը բոլորին պարգեւէ խաղաղութիւն եւ ողորմութիւն։ Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2020, 18:38