Յովհաննէս Պօղոս Ա քահանայապետը։ Յովհաննէս Պօղոս Ա քահանայապետը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հրամանագիրով մը հիմնեց «Յովհաննէս Պօղոս Ա» հիմնարկը։

Երջանկայիշատակ Քահանայապետին նուիրուած հիմնարկի նպատակներէն է պաշտպանել եւ պահպանել Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապին թողած հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ, 17 փետրուար 2020 թուակիր հրամանագիրով մը հրաման տուաւ հիմնելու Վատիկանեան Յովհաննէս Պօղոս Ա անուամբ հիմնարկը, տարածելու եւ  ի լոյս ընծայելու համար Յովհաննէս Պօղոս Ա պապին դիմագիծը, գրութիւններն  ու ուսուցումները։

Ունկնդրէ լուրը

Երջանկայիշատակ Քահանայապետին նուիրուած հիմնարկի նպատակներէն  է  պաշտպանել եւ պահպանել Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապին թողած հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը  մշակելով ծրագիրներ, ինչպէս  խորհրդաժողովներ, գիտաժողովներ հանդիպումներ, ուսումնասիրութիւններ, տրամադրելով նաեւ  կրթական դօշակներ եւ ստեղծելով մրցանակներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հիմնարկի նախագահ նշանակած է  Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։  Ծիրանաւորը իր կարգին օրէնքի համաձայն հինգ տարուան ժամկէտով մատակարարական խորհուրդի անդամներ նշանակեց յանձին Տոքդ ֆալլասքա Սթէֆանիա անոր յանձնելով հիմնարկի փոխ նախագահի պաշտօնը, Կարդինալ Պենիամինօ Սթելլա, Գերապայծառ Անտրէա Չելլի, Հայր Տաւիտէ Ֆիոքքօ, Տոքթ Լինա Փեթրի, եւ Տոքթ Ալֆոնսօ Կաութերուչիօ։

Յովհաննէս Պօղոս Ա հիմնարկը իր գործունէութեան յաջողութեան համար  օժտուած է նաեւ Գիտական կոմիտէով մը՝ կազմուած վեց անդամներէ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2020, 12:00