Որոնել

1586078266421.JPG

Ծաղկազարդի Սուրբ տօնը Վատիկանի մէջ համաճարակի օրերուն։

Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին, ներկայ էր նաեւ Սան Մարչելլօ ալ Քորսօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչելութիւնը, որ 1519-ին Հռոմը ազատած էր ժանտախտէն ու անցեալ 27 Մարտ 2020-ին, Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին հետ միասին, զետեղուած էր Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին համաճարակի դադրեցումին համար կատարած յատուկ աղօթքին առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արտակարգ իրավիճակ մը կ՛ապրի համայն մարդկութիւնը եւ արտակարգ եղաւ նաեւ Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած Ծաղկազարդի տօնի ծիսակատարութիւնը, որ ամէն տարի հանդիսաւոր կերպով կը կատարուէր,  ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով զարդարուած, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Այսպէս՝ 5 ապրիլ 2020ին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը դատարկ էր, մինչ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի տօնի Սուրբ Պատարագը մատոյց, առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան,  Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի աւագ խորանէն, հաղորդամիջոցներու ուղիղ եթերի սփռումներով հասանելի դառնալով համայն աշխարհի  հաւատացեալներուն, որոնք այս օրերուն աւելի քան երբեք ծարաւը կը զգան հոգեւորին, ծարաւն ունին Աստուծոյ Խօսքին, Անոր մխիթարութեան ու վստահելի յոյսին։

Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին, ներկայ էր նաեւ Սան Մարչելլօ ալ Քորսօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչելութիւնը, որ 1522-ին Հռոմը ազատած էր ժանտախտէն ու անցեալ 27 Մարտ 2020-ին, Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին հետ միասին, զետեղուած էր Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին համաճարակի դադրեցումին համար կատարած յատուկ աղօթքին առթիւ։

Սան Մարչելլօ ալ Քորսօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչելութիւնը
Սան Մարչելլօ ալ Քորսօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչելութիւնը

Ծաղկազարդի ծիսակատարութիւնը սկիզբ առաւ ձիթենեաց եւ արմաւենի ճիւղերու օրհնութեան կարգով, որմէ ետք ընթերցումը կատարուեցաւ Յիսուսին Երուսաղէմ մուտքը ներկայացնող աւետարանական հատուածին, հուսկ Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Սուրբ Պետրոսի աւագ խորան՝ որտեղէն մատոյց Սուրբ պատարագը։

Քարոզը

“[ Աստուծմէ՝ որ մեզի կը ծառայէ մինչեւ կեանքի զոհաբերում, հայցենք շնորհքը՝ ապերլու, ծառայելու համար ”

«Յիսուս ինքզինք ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով» (Փիլիպեց. 2, 17)։ Սուրբ Պօղոսի Փիլիպեցիներու ուղղած նամակի սոյն խօսքերէն ներշնչուելով է՝ որ Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց Յիսուսին Երուսաղէմ փառաւոր մուտքի՝  Ծաղկազարդի տօնին քարոզը, շեշտը դնելով Յիսուսին որդեգրած «ծառայ»ի  յատկութեան վրայ։

«Աւագ Հինգշաբթի օր Յիսուս ծառան է որ կը լուայ իր աշակերտներուն ոտքերը. Աւագ Ուրբաթ կը ներկայանայ որպէս տառապող եւ յաղթական ծառայ (Եսայի 52, 13)», ըսաւ Սրբազան Պապը, հաստատելով որ «Աստուած մեզ փրկեց մեզի ծառայելով։

«Ընդհանրապէս կը մտածենք՝ թէ մենք ենք որ Աստուծոյ կը ծառայենք։ Ոչ։ Ինքն է որ մեզի ծառայեց ձրի կերպով, որովհետեւ մեզ սիրեց որպէս առաջին։ Դժուար է սիրել առանց սիրուած, ըլլալու եւ աւելի դժուար է ծառայել եթէ թոյլ չտանք որ Աստուած մեզի ծառայէ» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս  Պապը, հաստատելով՝ որ «Տէրը մեզի ծառայեց իր կեանքը զոհելով մեզի համար, որովհետեւ մենք թանկարժէք ենք Իրեն համար։ Անոր սէրը զինք մղեց զոհաբերուելու եւ  իր վրայ առնելու մեր մեղքերը»։

«Այս մէկը ափ ի բերան կը թողու։  Աստուած մեզ փրկեց մեր չարութիւնը իր վրայ առնելով..., առանց  ընդդիմանալու, միայն հեզութեամբ, համբերութեամբ, ու ծառայի հնազանդութեամբ, ու բացառապէս սիրոյ զօրութեամբ։ Եւ Հայրը թիկունք կանգնեցաւ Յիսուսի ծառայութեան, աջակցեցաւ անոր տառապանքին, որպէսզի մեր չարութիւնը յաղթահարուէր միայն բարիով ու մինչեւ վերջ յատկանշուէր սիրով։

Տէրը մեզի ծառայեց  ապրելով սիրողին ամենադաժան զգացումը՝ դաւաճանութիւնն ու լքումը»  նշեց ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով՝ որ «Յիսուս դաւաճանուեցաւ այն աշակերտէն որ զինք ծախեց  ու անորմէ որ զինք ուրացաւ։ Ան դաւաճանուեցաւ այն մարդոցմէ որ սկիզբը փառաբանութեամբ զինք ընդունեցան, ապա աղաղակեցին՝  «Թող խաչուի» (Մատթ. 27, 22)։

«Յիսուսը դաւաճանիցն կրօնական իշխանութիւնը՝ որ զինք անիրաւ կերպով մահուան դատապարտեց, ու նաեւ քաղաքական իշխանութիւնը՝ որ ձեռքերը լուաց» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով պահ մը մտաբերել «այն փոքրիկ  ու մեծ դաւաճանութիւնները, որոնց թիրախ եղանք մեր կեանքին մէջ», ապա նշեց՝ թէ «Սարսափելի է պահը երբ կը յայտնուի՝ որ  մեր վստահութիւնը կեղծուած է։ Մեր սրտին մէջ կը յայտնուի այնպիսի հիասթափութիւն՝ որ կարծես թէ կեանքը այլեւս իմաստ չունենար»։

«Այս կը պատահի, որովհետեւ  ծնած ենք սիրելու եւ սիրուելու համար» յարեց  Քահանայապետը աներեւակայելի որակելով ցաւը՝ զոր Աստուած ապրեցաւ դաւաճանութեան բերումով, Աստուած՝ որ համակ սէր է։

Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղեց նայելու մեր  ներքին աշխարհին։ «Եթէ մենք մեր հետ անկեղծ ըլլանք, պիտի տեսնենք բոլոր մեր անհաւատարմութիւնները։ Մեր խաբէութիւնները, կեղծաւորութիւնները ու երկդիմութիւնը», ըսաւ Ան, ու աւելցուց «Տէրը մեր սիրտը կը ճանչնայ մեզմէ աւելի, լաւ գիտէ թէ որքան տկար ենք ու անհետեւողական, գիտէ քանի անգամ նոյն սխալին  մէջ կ՛իյնանք ու որքան  յոգնեցուցիչ է մեզի համար դարձեալ վերականգնել ու դժուար՝ որոշ վէրքերը դարմանել»։

Եւ ի տես այս բոլորին՝ Ան մեզ բուժեց իր վրայ առնելով մեր անհաւատարմութիւնները, մեր դաւաճանութիւնները։ Որպէսզի մենք փոխան վախի,  կարողանանք դարձեալ մեր հայեացքը ուղղել Խաչին ու ընկալել Անոր ողջագուրումը ըսելով. «Ահա իմ անհաւատարմութիւնս. Դուն քու վրադ արիր զայն՝ Յիսուս։ Լայն կը բանաս բազուկներդ ու ինծի կը ծառայես սրտով, շարունակէ ինծի աջակցիլ…որպէսզի կարողանամ յառաջ ընթանալ»։

Յիսուսին փորձարկած  երկրորդ զգացումը լքումն է՝  լքում խաչին վրայ։ Յիսուս կը բացագանչէ. «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ի՞նչու լքեցիր զիս (Մատթ. 27, 46)։ Յիսուս արդեն  տառապած էր, որովհետեւ իրենինները զինք լքած էին ու փախուստ տուած։ Իրեն կը մնար միայն Հայրը։ Եւ այժմ  առանձնութեան անդունդին մէջ, ան բարձր ձայնով կ՛ աղաղակէ «Աստուած, ի՞նչու, ի՞նչու թողուցիր զիս»։

“«Ի տես բազմաթիւ անորոշութիւններուն, դաւաճանուած սպասումներուն, մեր սիրտը կրծող լքումին...Յիսուս մեզմէ իւրաքանչիւրս կ՛ըսէ «Քաջութիւն, բաց սիրտդ իմ սիրոյս առջեւ։ Պիտի զգաս քեզի թիկունք կանգնող Աստուծոյ մխիթարութիւնը»։”

«Յիսուս ապրեցաւ ամենամեծ լքումի փորձառութիւնը։ Եւ այդ ըրաւ մեզի ծառայելու համար, որպէսզի երբ մենք եւս զգանք թէ կը գտնուինք առանց ելքի ուղեւորութեան մէջ ու մեզի թուի՝ թէ նոյնիսկ Աստուած մեզի պատասխան չի տար, յիշենք, որ միայնակ չենք։ Յիսուս մեզմէ առաջ ապրեցաւ այդ պահը։  Այդ  ըրաւ ինծի ու քեզի համար, որպէսզի մեզի  ըսէ. «մի վախնար միայնակ չես։ Ապրեցայ   քու առանձնութիւնդ, որպէսզի միշտ քեզի մօտիկ ըլլամ»։

Ահա մինչեւ ուր մեզի ծառայեց Յիսուս, ինքզինք նոյնացնելով մեր ամենադաժան տանջանքներու անդունդին մէջ, մինչեւ դաւաճանութիւնն ու լքումը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ապա ակնարկելով այս օրերուն ապրուած համաճարակի ողբերգութեան, «ի տես բազմաթիւ անորոշութիւններուն, դաւաճանուած սպասումներուն, մեր սիրտը կրծող լքումին» Քահանայապետը նշեց թէ «Յիսուս մեզմէ իւրաքանչիւրս կ՛ըսէ «Քաջութիւն, բաց սիրտդ իմ սիրոյս առջեւ։ Պիտի զգաս քեզի թիկունք կանգնող Աստուծոյ մխիթարութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ մատնանշեց՝ թէ «մենք աշխարհի մէջ ենք, սիրելու համար Յիսուսը եւ ուրիշները։ Բոլոր  մնացածը  անցողական է, միայն սէրն է որ կը մնայ»։

«Ապրուած ողբերգութիւնը մեզ կը մղէ լուրջի առնելու լուրջ հարցեր ու չի կորսուելու անարժէք իրողութիւններուն մէջ. Կը մղէ բացայայտելու որ  կեանքըբանի չի ծառայեր՝ եթէ մենք չի ծառայենք, որովհետեւ կեանքը կը չափուի սիրոյ հիման վրայ։

Ուստի այս սուրբ օրերու ընթացքին, տուներու մէջ, Խաչելութեան դիմաց, որ Աստուծոյ մեզի համար սիրոյ չափանիշն է, Աստուծոյ՝ որ մեզի կը ծառայէ մինչեւ կեանքի զոհաբերում, հայցենք շնորհքը՝ ապրելու ծառայելու համար։ 

Ջանանք կապ պահել տառապողին հետ, մինակ ու կարիքաւորին հետ, չի մտածենք միայն այն բաներուն՝ որոնք մեզի կը պակսին, այլ բարիքին՝ զոր կարող ենք գործել», ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով որ Յիսուսին չարչարանքներու թիկունք կանգնող Հայրը կը քաջալերէ նաեւ մեզ ու կը մղէ ծառայելու՝ որովհետեւ ծառայութեան ուղին յաղթական ուղի է, որ մեզ ազատագրեց ու կը փրկէ մեր կեանքը։

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ յատուկ խօսք ուզեց ուղղել երիտասարդներուն,  երիտասարդաց 35րդ համաշխարհային այս օրուան առիթով։

“Իսկական հերոսները անոնք են որոնք կը նուիրուին ուրիշներու ծառայութեան”

«Սիրելի բարեկամները նայեցէք իսկական հերոսներուն, որոնք ի յայտ կու գան այս օրերուն, համբաւի, դրամի եւ յաջողութիւններու տէր մարդիկ չեն, այլ անոնք են՝ որոնք իրենք զիրենք կը նուիրեն ուրիշներուն ծառայութեան։Դուք ձեզ կանչուած զգացէք կեանքը վտանգելու։ Վախ մի ունենաք զայն նուիրելու Աստուծոյ եւ ուրիշներուն համար։Կեանքը պարգեւ մըն է որ կ՛ընկալուի՝ մենք մեզ պարգեւելով։ Եւ ամենամեծ ուրախութիւնը կը կայանայ՝ սիրոյն այո՛ ըսելուն մէջ, առանց տատամսումի, այնպէս ինչպէս Յիսուս ըրաւ մեզի համար»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2020, 11:56