1586453874763.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալական պատգամը «Due Palazzi» բանտի մատրանապետութեան։

Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց մատրանապետութեան հոգատարութեան տակ գտնուող բանտարկեալներուն, որոնք այս տարի շարադրեցին Խաչի Ճանպահի խորհրդածութիւնները։

Սիրելի Փատովայի «Տուէ Փալացցի» ժողովրդապետութեան բարեկամներ,

Կարդացի խորհրդածութիւնները զոր բոլորդ միասին նուիրեցիք։ Բնակութիւն հաստատեցի ձեր խօսքերու վէրքերուն մէջ եւ ինքզինքս տան մէջ հիւրընկալուած զգացի։

Շնորհակալ եմ որ իմ հետս բաժնեկցեցաք ձեր պատմութենէն մաս մը։ Աստուած ինքնիր մասին կը պատմէ ու մեզի հետ կը խօսի պատմութեան մը ներքոյ, մեզ կը հրաւիրէ ուշադիր ու ողորմած ունկնդրութեան։

Կ՛ուզեմ շնորհակալ ըլլալ ձեզի, որովհետեւ ձեր անունները տարածեցիք ոչ թէ անանունութեան ծովուն մէջ, այլ բազմաթիւ այն անձերուն մէջ, որոնք կապուած են բանտի աշխարհին։

Այսպէսով Խաչի ճանապարհի ընթացքին ձեր պատմութիւնը պիտի պարգեւէք անոնց՝ որոնք աշխարհի մէջ կը բաժնեկցին ձեր նոյն իրավիճակը։ 

Մխիթարական է կարդալ պատմութիւն մը որուն մէջ պարունակուած են պատմութիւններ՝ ոչ միայն բանտարկեալ մարդոց, այլ բոլոր անոնց՝ որոնք նուիրուած  են բանտի աշխարհին։

Միասին կարելի է։ Միասին։ Ձեզ զօրեղ կ՛ողջագուրեմ։ Եւ նոյնիսկ եթէ վստահ եմ որ Հայր Մարքոն մշտապէս ձեզի կը յիշեցնէ այս մէկը, կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար։ Ձեզ մշտապէս կը կրեմ սրտիս մէջ։

Շնորհակալութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2020, 09:30