Որոնել

1585729957672.jpg

«Վստահեցէք Քրիստոսին որ մեզ երբեք մինակ չի թողուր» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Դէպի Սուրբ Զատիկ առաջնորդող սոյն ժամանակը ըլլայ առիթ՝ որ մեզ առաջնորդէ Քրիստոսի հետ աւելի սերտ մօտիկութեան»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ մէկ ապրիլ 2020ին, Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Սրբազան Պապը տարբեր լեզուներով ողջունելէ ետք ուղիղ եթերով իրեն հետեւող հաւատացեալները, յատուկ խօսք մը ուղղեց նաեւ Միլան թեմի երիտասարդներուն, որոնք ժամանակէ ի վեր որոշած էին Հռոմ գալ եւ այսօր մասնակցիլ Հրապարակային Ունկնդրութեան, բայց ի տես այս օրերուն ստեղծուած արտակարգ իրավիճակին, այժմ ուղիղ եթերով կը հետեւին ունկնդրութեան։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Սիրելի պատանիներ, ձեզ կը քաջալերեմ  ձեր հաւատքը ապրելու խանդավառութեամբ ու երբեք չի կորսնցնելու Յիսուսին վրայ յոյսը, հաւատարիմ բարեկամը, որ մեր կեանքը կը լիացնէ երջանկութեամբ, նոյնիսկ դժուար պահերուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հուսկ հրաւէր ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն եւ նորապսակներուն, քառասնորդացի այս վերջին հանգրուանը ապրելու պատշաճ պատրաստութեամբ՝ տօնախմբելու համար Սուրբ Զատիկը։

«Սոյն ժամանակը ըլլայ առիթ՝ որ մեզ առաջնորդէ Քրիստոսի հետ աւելի սերտ մօտիկութեան» յարեց Սրբազան Պապը,  բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2020, 10:32