Աստուածային ողորմութեան կիրակ Աստուածային ողորմութեան կիրակ 

«Քու ողորմութեամբդ թիկունք կանգնէ մեզի ով Տէր»։ Աստուածային ողորմութեան կիրակիին աղօթքի դիտաւորութիւնները։

Ով Տէր դուն եկար մեր մէջ փակ դռներուն հանդերձ. Դարձեալ եկուր մեր տուները, ունկնդրէ քու ժողովուրդիդ աղերսը՝ բարեխօսութեամբ Մարիամին՝ Ողորմութեան Մօր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 ապրիլ 2020-ին Աստուածային ողորմութեան նուիրուած կիրակիին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանուած հաւատացեալներու աղօթքի դիտաւորութիւնները նուիրուած էին ներկայ ժամանակներու տագնապին։

«Քո  ողորմութեամբդ թիկունք կանգնէ մեզի ով Տէր»։ 

Աղօթենք՝ որպէսզի Եկեղեցին վերածնած կենդանի յոյսով՝ դառնայ ողորմութեան շօշափելի գործիք, բազմաթիւ այն մարդոց համար, որոնք սպառած են ներկայ համաճարակի պատճառաւ»

Աղօթենք՝ որպէսզի քաղաքական գործիչներն ու կառավարիչները իրենց ընտրանքները կողմնորոշեն զօրակցութեան ու իրար օգնութեան ոգիի համաձայն, առանց եսասիրութեան կամ ընկերային փակումներու։

Աղօթենք՝ որպէսզի քահանաները ողորմած սրտով մատակարարեն Խոստովանանքի Խորհուրդը եւ այս հարկադիր մենութեան շրջանին կարողանան բոլոր միջոցներով նուիրել ներումն ու սփոփանքը։

Աղօթենք՝ որպէսզի առողջապահական գործիչներուն չի պասի ուժն ու կարողութիւնը, որոնք ամէն օր վեհանձնութեամբ կը խնամեն քորոնավիրուսէն վարակուած հիւանդները։

Աղօթենք՝ կամաւորներուն, որոնք մղուած մերձաւորի նկատմամբ սէրէն, անվերապահօրէն ծառայեն տարեցներուն, բացառուածներուն, գործազուրկներուն ու բոլոր այն անձերուն՝ որոնք համաճարակին յառաջացուցած տնտեսական տագնապի պատճառաւ մինակ ու դժուարութեան մէջ են։

Աղօթենք նաեւ մահամերձներուն համար՝ որպէսզի անոնք ապաստան գտնեն Հօր Աստուծոյ ողորմութեան մէջ եւ աղօթենք որպէսզի անոնց հարազատները մխիթարութիւն գտնեն Յարուցեալ Տիրոջ հաւատքի վստահութեամբ։

Աղօթենք՝ որպէսզի բոլոր մկրտեալները չի յանձնուին վախին, ի տես այս շաբաթներու դժուարութիւններուն ու տառապանքներուն, այլ գիտնան վեհանձնութեամբ նուիրել հոգեւոր մխիթարութիւն եւ նիւթական աջակցութիւն անոնց՝ որոնք դիւրաբեկութեան մէջ կը գտնուին։

Ով Տէր դուն եկար մեր մէջ փակ դռներուն հանդերձ. Դարձեալ եկուր մեր տուները, ունկնդրէ քու ժողովուրդիդ աղերսը՝ բարեխօսութեամբ Մարիամին. Ողորմութեան Մօր, տուր մեզի սիրոյ ու խաղաղութեանդ հոգին դուն որ կ՛ապրիս եւ կը թագաւորես յաւիտեանս յաւիտենից  ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2020, 11:32