1587897147680.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Մալարիայի հիւանդները ու վերանորոգեց Վարդարանը աղօթելու կոչը։

Մեր Մայրը մեզ պիտի օգնէ. յոյսով եւ հաւատքով դիմագրաւելու համար մեր այս ապրած փորձանքի ժամանակը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 ապրիլ 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, խօսքը ուղղելով ուղիղ եթերով  Աղօթքին  հետեւող հաւատացեալներուն, յիշեցուց թէ երէկ  յիշատակուեցաւ Միացեալ Ազգերու կողմէ հռչակուած Մալարիայի դէմ համաշխարհային օրը։

«Մինչ կը պայքարինք քորոնավոիրուսի համաճարակին դէմ, պէտք է նաեւ յառաջ տանինք յանձնառումը՝ կանխարգիլելու ու խնամելու Մալարիան, որ կը սպառնայ միլիոնաւոր մարդոց» ըսաւ Քահանայապետը, մօտիկութիւն յայտնելով բոլոր հիւանդներուն, անոնց խնամք տանողներուն ու բոլոր անոնց՝ որոնք կ՛աշխատին, որպէսզի իւրաքանչիւր անձին երաշխաւորուին  հիմնական առողջապահական ծառայութիւնները։

Քահանայապետը ողջունեց ապա բոլոր անոնք՝ որոնք այսօր Լեհաստանի մէջ կը մասնակցին «Սուրբ Գիրգի ազգային ընթերցանութեան» օրուան, կարեւորելով Աւետարանը կարդալու սովորութիւնը եւ յորդորելով  հաւատացեալներուն միշտ իրենց մօտիկ ունենալու Սուրբ Գիրքը ու անորմէ յաճախ, ամէն օր, կարդալ հատուածներ։ 

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ապա մայիս ամսուայ առթիւ հաւատացեալներուն ուղղած նամակին ու ամսուայ ընթացքին Սուրբ Վարդարանը աղօթելու հրաւէրին, ինչպէս նաեւ աղօթելու նամակին կցուած երկու աղօթքները, զոր ինք դրաւ բոլորին տրամադրութեան տակ։

«Մեր Մայրը մեզի պիտի օգնէ, յոյսով եւ հաւատքով դիմագրաւելու համար մեր այս ապրած փորձանքի ժամանակը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ,  ապա հրաժեշտ առնելով՝  բոլորին մաղթեց բարեբեր Մայիս ամիս, բարի կիրակի, ու խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Ան ապա  ուղղուեցաւ իր գրասենեակի պատուհան՝ որտեղէն սովոր է արտասանել Մարեմեան աղօթքը եւ Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը դիտելով աշխարհին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2020, 12:14