44297721_197553447826896_881929666892398592_nAEM.jpg

Համաճարակէն փրկուելու համար Մայիս ամսուայ ընթացքին Սուրբ Վարդարանը աղօթելու Քահանայապետին նամակը հաւատացեալներուն։

Սուրբ Կոյսին ջերմեռանդութեան նուիրուած Մայիս ամսուան առիթով, Քահանայապետը հրաւիրեց տուներուն մէջ աղօթելու Սուրբ Վարդարանը ու հաւատացեալներուն առաջարկեց Տիրամօր նուիրուած երկու աղօթքներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ՝ 25 ապրիլ 2020-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յատուկ նամակ մը՝ ուղղուած համայն հաւատացեալներուն,  ու հայող մայիս ամսուայ  ընթացքին Տիրամօր նուիրուած ջերմեռանդութեան։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ որ մայիս ամիսը մօտահաս է, ու թէ անոր ընթացքին Աստուծոյ ժողովուրդը յատուկ գորովով իր սէրն ու նուիրումը կ՛արտայայտէ Սուրբ Կոյս Մարիամին, տուներուն մէջ ընտանեօք աղօթելով սուրբ վարդարանը։

«Համաճարակի սահմանափակումները մեզ կը ստիպեն աւելիով արժեւորել այդ տնային ոլորտը, նաեւ հոգեւոր տեսանկիւնէն» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, այս ուղղութեամբ առաջարկելով վերագտնել մայիս ամսուայ  ընթացքին տուներուն մէջ վարդարանը աղօթելու  գեղեցկութիւնը, «ըլլայ միասին ըլլայ առանձնաբար» կը նշէ Ան, հաստատելով՝ որ «այդ աղօթքը կատարելու  գաղտնիքը՝ պարզութիւնն է»։

Ֆրաչիսկոս Պապ հուսկ հաւատացեալներուն կը հրամցնէ Տիրամօր նուիրուած երկու աղօթքներ, ապահովեցնելով թէ  ինք եւս պիտի աղօթէ զանոնք,   հոգեպէս միացած հաւատացեալներուն» կը գրէ Ան, ապա նամակը կ՛աւարտէ մատնանշելով՝ թէ  «Քրիստոսի դիմագիծին վրայ, Մարիամի՝ մեր Մօր սրտով միասին խոկալը,  մեզ աւելիով պիտի միացնէ, որպէս հոգեւոր ընտանիք ու մեզի պիտի օգնէ յաղթահարելու այս փորձանքը»։

«Ես պիտի աղօթեմ ձեզի համար ու յատկապէս աւելիով տառապողներուն համար, եւ դուք եթէ կը բարեհաճիք աղօթեցէք ինծի համար։ Շնորհակալ եմ ու ձեզ կ՛օրհնեմ ի սրտէ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով։

Տուեալ ի  Հռոմ՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճար, 25 ապրիլ 2020։ Տօն Մարկոս Աւետարանիչի։

Վարդարանի Տիրամայրը
Վարդարանի Տիրամայրը

Սրբազան Քահանայապետին առաջարկած աղօթքները

Ով Մարիամ,

դուն միշտ կը փայլիս մեր ճանապարհին վրայ

որպէս փրկութեան եւ յոյսի նշան։

Մենք քեզի կը վստահինք՝ Առողջութիւն հիւանդաց,

որ խաչին ոտքին միացար Յիսուսի չարչարանքին,

հաստատ պահելով քու հաւատքդ։

Դուն՝ Հռոմի ժողովուրդի Փրկութիւն,

գիտես մեր կարիքները,

եւ վստահ ենք որ պիտի համապատասխանեց անոնց,

որպէսզի՝ Գալիլիոյ Կանայի նման՝

սոյն ապրուած դժուար պահէն ետք,

վերադառնայ  ուրախութիւնն ու տօնախմբութիւնը։

Օգնէ մեզի Աստուածային Սիրոյ Մայր,

համակերպելու Հօր Աստուծոյ կամքին,

եւ ընելու ինչ որ Յիսուս պիտի ըսէ մեզի,

Ան որ իր վրայ առաւ մեր տառապանքները,

ծանրաբեռնուեցաւ մեր ցաւերով,

որպէսզի Խաչի միջոցաւ մեզ առաջնորդէ

Յարութեան ուրախութեան։ Ամէն

Քու հովանիիդ տակ ապաստան կը փնտռենք, Աստուծոյ Սուրբ Մայր։

Մի արհամարհեր աղերսն մեր՝ որ կը գտնուինք փորձութեան մէջ ու մեզ ազատէ ամէն վտանգէ, ով փառաւորեալ եւ օրհնեալ Կոյս։

 

Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Տիվինօ Ամորէ Մարեմեան սրբավայրին մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Տիվինօ Ամորէ Մարեմեան սրբավայրին մէջ

 

Քու պաշտպանութեանդ հովանիին ներքեւ կ'ապաւինինք, ով  Սուրբ  Աստուածամայր։

Տառապանքներով  ու անձկութիւններով բեռնաւորուած համայն աշխարհը  տագնապող այսօրուայ  աղիտալի մեր վիճակէն, քեզի կը դիմենք, ով Մայր Աստուծոյ ու Մայր մեր, եւ  քու պաշտպանութեանդ կ'ապաւինինք:

Ով Սուրբ Կոյս Մարիամ, մեզի դարձո'ւր  բարեգութ  հայեացքդ «Քորոնա» ժահրի այս համաճարակին ատեն, ու մխիթարէ'  անյոյս  հիւանդները եւ  բոլոր անոնք, որոնք կու լան  մեռած ու յաճախ սրտախոց կերպով թաղուած  իրենց հարազատները:

Նեցուկ եղի'ր անոնց, որոնք մտատանջուած են վիճակովը իրենց հիւանդներուն, որոնց  չեն կրնար այցելել՝ վարակուելու վախէն:

Վստահութիւն  ներշնչէ'  բոլոր  անոնց, որոնք  անձկութեան մէջ են անորոշ ապագային,  ինչպէս նաեւ, տուժած տնտեսութեան եւ աշխատանքին հետեւանքներուն պատճառով:

Ով Մայր Աստուծոյ ու Մայր մեր, աղաչէ' մեզի համար Աստուծոյ՝ ողորմութեան  Հօր, որպէսզի այս ծանր փորձանքը  վերջ  գտնէ եւ յոյսի ու խաղաղութեան հորիզոնը վերաբացուի։

Ինչպէս Կանայի հարսանիքին ատեն, հիմակ ալ, միջնորդ  եղի'ր  քու Աստուածային Որդիիդ մօտ, Անկէ խնդրելով, որ ուժ տայ հիւանդներուն ու զոհերու  ընտանիքներուն եւ տրամադրէ անոնց սիրտը վստահութեամբ համակուելու։

Պաշտպանէ'  բժիշկները, հիւանդապահները, բուժաշխատողներն ու կամաւորները,  որոնք  սոյն տագնապի շրջանին, առաջին գիծի վրայ են եւ իրենց կեանքը կը վտանգեն ուրիշներուն կեանքը փրկելու համար։ Ընկերացի'ր անոնց հերոսական ջանքերուն ու պարգեւէ' անոնց ուժ, բարեսրտութիւն եւ առողջութիւն։

Մօտ եղի'ր, տիւ եւ գիշեր, հիւանդները խնամողներուն, ինչպէս նաեւ հովուական հոգածութեամբ եւ աւետարանական յանձնառումով ամէն ոքի օգնել ջանացող ու նեցուկ կանգնող քահանաներուն։

Ով Սուրբ Կոյս, լուսաւորէ' գիտնական այրերուն ու կիներուն մտքերը, որպէսզի ճշգրիտ լուծումներ որոնեն՝ յաղթահարելու համար այս ժահրը։

Օգնէ' Ազգերու ղեկավարներուն,  որպէսզի գործեն  իմաստութեամբ, հոգածութեամբ եւ վեհանձնութեամբ՝  սատարելով անոնց, որոնց  ապրուստին անհրաժեշտը կը պակսի, եւ ծրագրելով ընկերային ու տնտեսական լուծումներ, ամենայն հեռատեսութեամբ ու զօրակցութեան հոգիով։

Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ, խիղճերը հպէ', որպէսզի սպարազինութիւնը բազմացնելու եւ կատարելագործելու յատկացուած մեծածախս գումարները գործածուին ի նպաստ պատշաճ ուսումնասիրութիւններուն  զարգացման՝ որպէսզի ապագային, նման աղէտներուն առաջքն առնուի:

Ով սիրեցեալ Մայր, յառաջ բե'ր աշխարհի մէջ մեծ ընտանիքի մը պատկանելիութեան զգացումը, բոլոր մարդիկը զօդող կապին գիտակցութեամբ, որպէսզի եղբայրական ու համերաշխ հոգիով օգնութեան հասնինք աղքատութենէ եւ խեղճութեան վիճակէ տառապողներուն: Քաջալեր եղի'ր մեզի, ամուր մնալու հաւատքին մէջ, յարատեւող՝ ծառայասիրութեան մէջ եւ հաստատակամ՝ աղօթքին մէջ:

Ով Մխիթարիչ վշտացելոց, գրկէ' տառապող բոլոր զաւակներդ, եւ Աստուծմէ ընդունէ', որ Իր ամենազօր բազուկով միջամտէ ու մեզ փրկէ այս ահռելի համաճարակէն, որպէսզի կեանքը կարենայ անխռովաբար վերստին առնել  իր բնականոն ընթացքը։

Մենք մեզ կը յանձնենք քեզի, որ կը փայլիս մեր ճամբուն վրայ իբրեւ նշան փրկութեան եւ յոյսի, ով գթած, ով սուրբ, ով քաղցր Կոյս Մարիամ։ Ամէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2020, 12:01