Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Տիվինօ Ամօրէ» Աստուածամօր հովանիին կը յանձնէ առողջապահական ծանր տագնապի թիրախ Իտալիան ու համայն աշխարհը:

ֆրանչիսկոս Պապ հոգեպէս պիտի մասնակցի Տիւինօ Ամորէ Աստուածամօր սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած աղօթքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի Թեմի կողմէ կազմակերպուած  պսակաձեւ «Քորոնա» ժահրէվարակուած հիւանդներու համար աղօթքի եւ ծոմի օրուան առիթով, չորեքշաբթի, 11 մարտին, Հռոմ թեմի տեղակալ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիս Հռոմի Տիվինօ Ամորէ սրբավայրէն ներս կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ, որուն սկիզբը նախատեսուած է որ սփռուի ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամ մը:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, Տիար Մաթէօ Պրունին յայտնելով, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամին մէջ Աստուածամօր հովանիին պիտի յանձնէ Հռոմ քաղաքն ու  համայն Իտալիան ու աշխարհը իբրեւ յոյսի եւ փրկութեան նշան առողջապահական ծանր տագնապի այս օրերուն:

Տիար Մաթէօ Պրունի նշեց նաեւ ֆրանչիսկոս Պապ հոգեպէս պիտի մասնակցի  Տիվինօ Ամորէ Աստուածամօր սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած աղօթքին, ճիշդ նոյն այն սրբավայրին մէջ  ուր՝ 1944 թուականին Պիոս ԺԲ Պապն ու Հռոմի հաւատացեալները,  Տիրամօր  հովանին հայցեցին՝ նացիներէն փրկուելու համար:

Նշենք, թէ Սուրբ Պատարագէն ետք նախատեսուած է, որ դրամահաւաք կատարուի օգնելու համար առողջապահական գործիչներուն որոնք վեհանձնութեամբ եւ զոհողութեամբ հոգ կը տանին հիւանդներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2020, 10:43