ճանապարհ խաչ ճանապարհ խաչ 

Քահանայապետը. «Քոլոսսէումի» ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւնները կը պատրաստեն Փատովայի բանտարկեալները։

Քահանայապետը հուսկ կը յայտնէ թէ «Իլ Մաթթինօ» օրաթերթի միջոցաւ սոյն յայտարարութիւնը կ՛ուզէ շոյանք մը ըլլալ այս օրերուն ապրուած տառապանքի ընթացքին, «մահուան տառապանք զոր Իտալիան կ՛ապրի ի տես «“Covid-19” ժահրին», կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ աւագ ուրբաթ գիշերը տեղի ունեցող «Քոլլոսէումի» աւանդական ճանապարհ խաչի արարողութեան 14 կայաններու խորհրդածութիւնները այս տարի յանձնուած են Փատովայի «Due Palazzi»  դատապարտեալներու տուն ժողովրդապետութեան։  Լուրը յայտարարեց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Փատովայի «Il Mattino di Padova» օրաթերթին ուղարկած մէկ նամակին մէջ, ուր կը յայտնէ թէ ընտրեց բանտը՝«որպէսզի այս անգամ եւս ամենավերջինները հանդիսանան անոնք որոնք ցոյց կու տան ճանապարհը»։

Ունկնդրէ լուրը

Խորհրդածութիւնները, որոնք առաջին անգամուան համար կը յանձնուին բանտարկեալներու, «խմբային» աշխատանք մըն է, որ կը միացնէ բանտի տարբեր դիմագիծեր. թիրախը, բանտարկեալը, բանտապահը, կամաւորը, բանտարկեալներու ընտանիքը, հսկիչ դատաւորը, մանկավարժը,  Եկեղեցին, եւ անմեղ անձերը՝ որոնք յաճախ անարդար կերպով բանտի մէջ կը գտնուին» կը գրէ Սրբազան Պապը իր նամակին մէջ, յայտնելով նաեւ՝ որ ինք յուզումով կարդաց խորհրդածութիւններու մտորումները, որ մեզ մասնակից կը դարձնէ՝ «սխալ գործող եղբօր ու անոր թիկունք կանգնող անձին պատմութեան»,  որպէսզի ան կարողանայ դարձեալ վերականգնել։

Քահանայապետը հուսկ կը յայտնէ թէ «Իլ Մաթթինօ» օրաթերթի միջոցաւ սոյն յայտարարութիւնը կ՛ուզէ շոյանք մը ըլլալ այս օրերուն ապրուած տառապանքի ընթացքին, «մահուան տառապանք զոր Իտալիան կ՛ապրի ի տես «“Covid-19” ժահրին»,  եւ ասոր համար «կ՛ուզեմ մարդկային մօտիկութիւն  յայտնել ու աղօթքս ապահեցնել համայն Իտալիոյ բնակչութեան՝ քրիստոնէական յոյսի հոգիով» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա կ՛ակնարկէ նաեւ Փատովայի քաղաքին՝ «2020 Եւրոպայի կամաւորներու մայրաքաղաք» ընտրուելուն, այս առընչութեամբ քաջալերելով չի բացառելու որեւէ մարդ ու յատկապէս անոնք որոնք անպաշտպան են, որովհետեւ  «ոչ մէկուն պէտք է ժխտուի սիրալիր հայեացքը ու բարութեան արարքն ու ուշադրութիւնը», կը գրէ ապա Նորին Սրբութիւնը, ընդգծելով, որ «ուրիշը՝ անկախ անոր կեանքի իրավիճակէն, միշտ ալ կարեւոր է»։

Ան ապա կը մատնանշէ  Փատովայի «Եւրոպայի կամաւորներու մայրաքաղաք» ընտրութեան կարգախօսին՝ «վերահիւսել Իտալիան» , որ, կը գրէ միշտ Սրբազան Պապը, «հակասական է ժամանակակից իրականութեան, ուր կը նախընտրուի «մսխել՝քան կառուցել, քայքայել՝ քան կարով միացնել»։

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք այս օրերուն կը պայքարին Քորոնա ժահրի դէմ, յատկապէս բժշկական ասպարէզին մէջ աշխատողները ու կ՛օրհնէ բոլոր անոնք որոնք այս պարագաներուն կորսնցուին հարազատ մը, տարեցները, հիւանդները ու բանտարկեալները, որոնք այս պահուն կարող չեն ոչ իսկ պարզ մխիթարական այցելութիւն մը ընդուիլ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2020, 12:52