«Եթէ մեր քրիստոնէութիւնը չի տանի ողորմութեան, մենք սխալ  ճանապարհի վրայ ենք, որովհետեւ ողորմութիւնը միակ իսկական նպատակն է ամէն մէկ հոգեւոր ուղեւորութեան։ Ան սիրոյ ամենագեղեցիկ պտուղն է»։ «Եթէ մեր քրիստոնէութիւնը չի տանի ողորմութեան, մենք սխալ ճանապարհի վրայ ենք, որովհետեւ ողորմութիւնը միակ իսկական նպատակն է ամէն մէկ հոգեւոր ուղեւորութեան։ Ան սիրոյ ամենագեղեցիկ պտուղն է»։  

«Ներելով ներուած ենք։ Այս է ողորմութեան գաղտնիքը». 18 մարտի Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Եթէ մեր քրիստոնէութիւնը չի տանի ողորմութեան, մենք սխալ ճանապարհի վրայ ենք, որովհետեւ ողորմութիւնը միակ իսկական նպատակն է ամէն մէկ հոգեւոր ուղեւորութեան։ Ան սիրոյ ամենագեղեցիկ պտուղն է»։
Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 մարտ 2020ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանին մէջ գլխաւորեց Վատիկան Նիուզի միջոցաւ ուղիղ եթերով սփռուած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։ Կարգադրութիւն  մը որ մի քանի շաբաթներէ անհրաժեշտ դարձած է Քովիտ 19 համաճարակի տարածման կանխարգելման ուղղութեամբ առնուած որոշումներու բերումով։

Ունկնդրէ լուրը

«Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ ողորմութիւնը պիտի գտնեն (Մատթ. 5,7)»

«Այսօր կը կեդրոնանանք հինգերորդ երանութեան վրայ որ կ՛ըսէ «Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ ողորմութիւնը պիտի գտնեն (Մատթ. 5,7)» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ապա աւելցուց. «Այս Երանութիւնը միակն է ուր կը համընկնին երանութեան պատճառն ու անոր պտուղը։ Անոնք որոնք ողորմութիւնը կը գործադրեն ողորմութիւն պիտի գտնեն»։

«Ողորմութիւնը Աստուծոյ նոյնինքն սիրտն է ու կարելի չէ որ այդ մէկը տարբեր ըլլար։  Յիսուս արդարեւ կ՛ըսէ. «մի դատէք՝ որպէսզի չի դատուիք, մի դատապարտէք՝ որպէսզի չի դատապարտուիք, ներեցէք եւ պիտի ներուի ձեզի»։  Իսկ Հայր մեր աղօթքին մէջ կ՛աղօթենք. «Ներէ մեզի մեր պարտքերը, այնպէս ինչպէս մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն»։

Այն չափով որ մենք ուրիշները չափենք, պիտի չափուինք։

«Շնորհուած ներումը ու ընկալուած ներումը իրարմէ կարելի չէ բաժնել եւ ողորմութեան փոխադարձութիւնը ցոյց կու տայ թէ բոլորս կարիքը ունինք ներումին ու բոլորս ալ պարտապան ենք. Նախ Աստուծոյ նկատմամբ, ապա մեր եղբայրներու նկատմամբ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «Ամէն մէկ անհատ գիտակից է՝ թէ նոյնիսկ եթէ չարիք չէ գործած, միշտ ալ կը պակսի բարիք մը` որ կարող էր կատարել»։

«Աւետարանին մէջ նշուած է որ այն չափով որ մենք ուրիշները չափենք, պիտի չափուինք։ Ուստի մեզի համար յարմար է ընդլայնել չափը ու ներել մեր պարտապաններուն»։

«Իւրաքանչիւր անձ պէտք է յիշէ թէ կարիքը ունի ներումին ու համբերութեան. Այս է ողորմութեան գաղտնիքը` ներելով ներուած ենք։

Ասոր համար է որ Աստուած մեզ կը կանխէ ու մեզ կը ներէ որպէս առաջին։ Անոր ներումը ընկալելով, մենք եւս կը դառնանք կարող ներելու»։

«Եղէք ողորմած ինչպէս ձեր Հայրը ողորմած է»

«Ողորմութիւնը քրիստոնէական կեանքին կեդրոնն է։ Յիսուս մեզի ըսաւ. «Եղէք ողորմած ինչպէս ձեր Հայրը ողորմած է»։ Որքանով մենք կ՛ընկալենք Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ այնքան աւելիով կը սիրենք։ Չկայ քրիստոնեայ մը առանց ողորմութեան»։

«Եթէ մեր քրիստոնէութիւնը չի տանի ողորմութեան, մենք սխալ  ճանապարհի վրայ ենք, որովհետեւ ողորմութիւնը միակ իսկական նպատակն է ամէն մէկ հոգեւոր ուղեւորութեան։ Ան սիրոյ ամենագեղեցիկ պտուղն է»։

«Ես կը յիշեմ որ ողորմութեան սոյն նիւթը եղած է իմ Քահանայապետւթեան առաջին Մարեմեան Աղօթքին նիւթը եւ ես այդ պահուն հասկցայ որ պէտք էի ըլլալ սոյն ողորմութեան պատգամաւորը» ըսաւ Սրբազան Պապը, ապա խորհրդածութիւնը աւարտեց հաստատելով. «Աստուծոյ ողորմութիւնը մեր փրկութիւնն է ու մեր երջանկութիւնը։ Մենք կարող չենք ապրիլ առանց ողորմութեան։ Մենք կարիքը ունինք ներելու՝ որովհետեւ կարիքը ունինք ներուելու»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2020, 09:44