Առաքելական պալատի մատենադարան Առաքելական պալատի մատենադարան 

Քորոնա ժահրի բերումով Հրապարակային ունկնդրութիւնը միայն ուղիղ եթերով։

«Ամէն մէկ սրտին մէջ նոյնիսկ կաշառակեր ու բարութենէ հեռու անձին մէջ, թաքնուած է դէպի լոյս ուղղուած կարօտ մը, նոյնիսկ եթէ ան կը գտնուի խաբէութեան ու սխալներու փլատակներուն տակ, միշտ ալ գոյութիւն ունի ճշմարտութեան ու բարիին ծարաւը որ Աստուծոյ ծարաւն է»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 11 մարտ 2020-ին չորեքշաբթի օրուայ Քահանայապետական աւանդական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, Քորոնա Ժահրի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ առնուած որոշումներու բերումով, Վատիկանի պալատէն սփռուեցաւ միայն ուղիղ եթերով՝ Վատիկան Նիուզի կայքէջի միջոցաւ։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը ներկայացուց Առաքելական Պալատի մատենադարանէն, շարունակելով խօսիլ Երանութիւններու մասին եւ այս անգամ շեշտը դրաւ չորրորդ երանութեան վրայ. «Երանի անոնց որ քաղցն ու ծարաւն ունին արդարութեան` որովհետեւ անոնք պիտի յագենան.(Մատթ. 5,6)։

«Դիմագրաւելէ ետք հոգիի աղքատութեան ու ողբի նիւթերը, այսօր կը խօսինք այլ տեսակ մէկ տկարութեան մասին՝  անօթութիւնն ու ծարաւը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։  Անօթութիւն ու ծարաւ առօրեայի կենսական պահանջներ են։ Ու արդարութեան ծարաւն ու քաղցը, որոնց մասին կը խօսի Յիսուս, աւելի խոր են քան մարդկային արդարութեան օրինական անհրաժեշտութիւնը, զոր ամէն մէկ մարդ էակ՝ կը կրէ իր սրտին մէջ։

«Անարդարութիւնները կը վիրաւորեն մարդկութիւնը եւ մարդկային  ընկերութիւնը պահանջը ունի հաւասարութեան, ճշմարտութեան ու ընկերային արդարութեան» յարեց Սրբազան Քահանայապետը, յիշեցնելով որ աշխարհի մէջ մարդոց ու կիներուն կրած չարիքները կը հասնին մինչեւ Հօր Աստուծոյ սրտին։ Եւ Աստուած կը տառապի անոնց համար։

Ծարաւը զոր մեզի կը բացայայտեն Սուրբ Գրութիւնները ցանկութիւն մըն է, որ  կը գտնուի մեր էութեան հիմքին մէջ։

Իւրաքանչիւրիս մէջ արդարեւ միշտ ալ կայ ճշմարտութեան ու բարիին ծարաւը, որ Սուրբ Հոգիին յարուցած Աստուծոյ ծարաւն է։ Եկեղեցւոյ հայրերը կը խօսին մարդուն սրտին մէջ պահպանուած այդ իղձի մասին ու Սուրբ Օգոստինոս կ՛ըսէ. «Տէր մեզ ըրիր քեզի համար ու մեր սիրտը խաղաղութիւն չի գտնէր մինչեւ որ քու մէջդ չի հանգչի»։

«Ամէն մէկ սրտին մէջ, նոյնիսկ կաշառակեր ու բարութենէ հեռու անձին մէջ, թաքնուած է դէպի լոյս ուղղուած կարօտ մը, նոյնիսկ եթէ ան կը գտնուի խաբէութեան ու սխալներու փլատակներուն տակ, միշտ ալ գոյութիւն ունի ճշմարտութեան ու բարիին ծարաւը որ Աստուծոյ ծարաւն է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, դիտել տալով՝ որ «ասոր համար է որ Եկեղեցին ուղարկուած է՝ բոլորին հռչակելու Սուրբ  Հոգիով  բեղմնաւորուած Աստուծոյ Խօսքը։ Որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը  ամենամեծ արդարութիւնն է զոր կարելի է նուիրել մարդկութեան սրտին, որ կենսական կարիքն ունի անոր, նոյնիսկ եթէ անգիտակից է։

«Օրինակ երբ մարդն ու կինը կ՛ամուսնանան դիտաւորութիւն ունին մեծ ու գեղեցիկ բան մը իրականացնել ու եթէ կենդանի պահեն այդ ծարաւը, միշտ ալ պիտի գտնեն յառաջ ընթանալու ճանապարհը, շնորհքի օգնութեամբ։ Երիտասարդները եւս ունին այդ քաղցը ու պէտք չէ զայն կորսնցնեն։ Պէտք է նաեւ մանուկներուն սրտին մէջ եւս պահպանել ու սնունդ տալ սիրոյ, քնքշութեան ու հիւրընկալութեան իղձին», թելադրեց  Սրբազան Քահանայապետը  նշելով՝ որ իւրաքանչիւր անձ կանչուած է վերագտնելու  թէ ինչն է իսկապէս կարեւորը, թէ ինչի կարիքը ունի, թէ ինչն է որ մեզ լաւապէս ապրիլ կու տայ ու միեւնոյն ժամանակ ինչն է երկրորդականը։

«Յիսուս այս երանութեան մէջ կը յայտարարէ թէ կայ ծարաւ մը որ յագեցում պիտի գտնէ, որովհետեւ կը համապատասխանէ նոյնինքն Աստուծոյ սրտին ու անոր Սուրբ Հոգիին՝ որ սէր է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2020, 09:53