Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսական նիստ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսական նիստ 

«Ի նպաստ Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն» 2022-ի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի նիւթը։

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի սովորական ընդհանուր հաւաքը պիտի գումարուի 2022ի հոկտեմբերին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար՝ Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի, շաբաթ 7 մարտ 2020-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտարարեց՝ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի տնօրինութեամբ յառաջիկայ 2022ի հոկտեմբերին, պիտի գումարուի Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի սովորական ընդհանուր 16-րդ հաւաքը, որուն նիւթ պիտի ըլլայ. «Ի նպաստ Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ, հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն»:

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաճախ յիշեցուցած է թէ Սիւնհոդոսականութիւնը մայրուղի մըն է եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի հաստատման 50րդ տարեդարձին առթիւ՝ 17 հոկտեմբեր 2015-ին, ան հաստատած էր. «Այն ինչ որ Տէրը մեզմէ կը պահանջէ ձեւով մը ամփոփուած է սիւնոհոդոս բառին մէջ։ Միասին քալելը - աշխարհականներ, հովիւներ ու Հռոմի եպիսկոպոս - բառերով արտայայտելիք դիւրին գաղափար է, սակայն այդքան ալ դիւրին չէ զայն ի գործ դնելը»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2020, 12:17