Աղօթենք աշխարհին համար. ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։#PrayForTheWorld

«Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Սրբազան Քահանայապետը սոյն տեսերիզով կը խնդրէ որ աղօթենք հիւանդներուն, տառապողներուն համար շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք միացած են անխտիր իրենց կրօնական եւ համոզումի պատկանելիութենէն, կ՝աղօթեն համաճարակէ վարակուածներուն համար։

Վազգէն Աբարդեան-Վատիկան

Երեքշաբթի, 24 մարտին, յատուկ տեսերիզով մը ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց, որ աղօթենք աշխարհի համաճարակի աւարտին համար։

Այս առնչութեամբ, «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Սրբազան Քահանայապետը սոյն տեսերիզով կը խնդրէ որ աղօթենք հիւանդներուն, տառապողներուն համար շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք միացած են անխտիր իրենց կրօնական եւ համոզումի պատկանելիութենէն, կ՝աղօթեն համաճարակէ վարակուածներուն համար։

Աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց,

«Ամէնքս միասին աղօթենք հիւանդներուն, տառապող անձերուն համար։ Սուրբ Աստուածամայր, Քու հովանիիդ ներքոյ ապաստան կը փնտռենք։ Մի արհամարհեր մեր աղերսները, մենք որ փորձութեան մէջ ենք, փրկէ մեզ ամէն վտանգէ, ով փառաւորեալ եւ օրհնեալ Սուրբ Կոյս Մարիամ։»
Շնորհակալ եմ բոլոր Քրիստոնեաներուն, բարի կամք ունեցող այր մարդոց ու կիներուն, որոնք այս պահուն, իրենց կրօնական պատկանելիութենէն անկախ՝ միացած են ու կ՝աղօթեն։ »

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2020, 17:00