Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ նշելու «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին նուիրուած շաբաթը:

«Գովեալ Ըլլաս» Ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականին 5-րդ տաեդարձին առիթով, շրջաբերականին նուիրուած շաբաթ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Գովեալ ըլլաս» ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականին 5-րդ տարեդարձին առիթով Նորին Սրբութիւնը պատկերասփռուած պատգամով մը կը հրաւիրէ նշել «Գովեալ Ըլլաս» շաբաթը, 16-էն-26 մայիսին:

Պատկերասփռուած պատգամին մէջ , ֆրանչիսկոս Պապ հարց տալով թէ ինչպիսի աշխարհ կ՝ուզենք ձգել մեզմէ վերջ եկողներուն՝ աճող մանուկներուն, կը հրաւիրէ, 16էն-24 մայիսին նշելու «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին նուիրուած շաբաթը, աւելցնելով որ դա համաշխարհային քարոզարշաւ մըն է՝ հասարակաց տան հոգ տանելու մասին՝ «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին 5-րդ տարեդարձին առիթով:

«Կը վերանորոգեմ իմ հրատապ կոչս, պատասխանելու բնապահպանութեան տագնապին, մոլորակին աղաղակին, աղքատներուն աղաղակին, որոնք այլեւս կարող չեն սպասելու:» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա կ՝եզրափակէ պատկերասփռուած պատգամը նշելով, «Հոգ տանինք արարչագործութեան, մեր Արարչին՝ Աստուծոյ պարգեւը: Միասնաբար նշենք «Գովեալ Ըլլաս» շաբաթը: Թող Տէրը ձեզ օրհնէ եւ մի մոռնանք աղօթելու ինծի համար: »:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2020, 12:00