Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասրադներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասրադներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան պատգամը:

«Ոտքի ել» կը նշանակէ երազել, վտանգել, գործել աշխարհը փոխելու համար, կը նշանակէ վերստին վառել երազները, այն ատեն է որ, բազմաթիւ երիտասարդներու մռայլ դէմքերը պիտի շարժին եւ աւելի գեղեցիկ պիտի դառնան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 5 մարտին, լոյս տեսաւ ֆրանչիսկոս Պապին 2020 թուականի, երիտասարդներուն համաշխարհային օրուան պատգամը, որ պիտի նշուի կիրակի, 5 ապրիլին, Ծաղկազարդի տօնին օրը:

Ունկնդրէ լուրը

Երիտասարդներուն ուղղած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը կ՝ընդգծէ «միասնաբար ընթանալու» կարեւորութիւնը, դիտել տալով, որ ըլլայ երիտասարդներուն նուիրուած 2018ին հոկտեմբեր ամսուան մէջ գումարուած եպիսկոպոսներուն սինոդը, ըլլայ Փանամայի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքը, արտայայտութիւնն են եկեղեցւոյ այն էական պատգամին, որ է միասնաբար ընթանալ:

Սրբազան Հայրը ապա նկատել կու տայ, որ միասնաբար ընթանալու ուղեւորութեան ընթացքին, ամէն անգամ, որ կը հանդիպինք կարեւոր անկիւնաքարի մը, «Աստուծոյ եւ միեւնոյն կեանքի կողմէ վերսկսելու մարտահրաւէրի դէմ յանդիման կը գտնուինք» կը գրէ Սրբազան Պապը, դիտել տալով, որ երիտասարդները մեծ փորձառութիւն ունին վերսկսելու մէջ:

«Երիտասրադները կը սիրեն ճամբորդել,  նոր փորձառութիւններ ապրիլ, եւ  այս իսկ պատճառով ուզեցի, որ 2022 թուականին յառաջիկայ երիտասարդներուն միջազգային ուխտագնացութիւնը տեղի ունենայ Փորթուկալի՝ Լիզպոն մայրաքաղաքին մէջ, ուրկէ 15-րդ 16-րդ դարերուն, անթիւ երիտասարդներ ու միսիոնարներ մեկնեցան անյայտ երկիրներ, կիսելու համար իրենց Յիսուսի հետ փորձառութիւնը՝ այլ ժողովուրդներուն եւ ազգերու հետ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը որ պատգամին մէջ  ապա կը յայտնէ, թէ Լիզպոնի երիտասարդներու համաշխարհային նիւթը պիտի հանդիսանայ Ղուկաս աւետարանէն քաղուած հետեւեալ համարը. «Մարիամ փութով ճամբար ելաւ», դիտել տալով, որ  երիտասարդներուն այդ համաշխարհային հաւաքը կնախող երկու ԵՀՕ առթիւ կ՛ուզէ երիտասարդներուն հետ միասին խոկալ  սուրբ գրային  հետեւեալ հատուածներուն մասին. «պատանի քեզի կ՝ըսեմ արթնցիր (Ղուկ 7, 14) », որպէս այս տարուան երիտասարդներու համաշխարհային օրուան նիւթ եւ  «ել կանգնէ ոտքերուդ վրայ. Ես երեւցայ քեզի որպէսզի քեզ ընեմ պաշտօնեայ եւ վկայ , որով զիս տեսար: (Առաքեալներուն գործեր 26 , 16), 2021 թուականին երիտասարդներուն համաշխարհային օրուան նիւթ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը նշէ թէ վերոնշեալ երեք հաւաքներուն նիւթերուն մէջ կայ հասարակաց «ել կանգնէ» խօսքը, բայ մը զոր ինք ստէպ կրկնած է «Քրիստոս կ՛ապրի » յորդորագիրին մէջ:

Կեդրոնանալով այս տարուան երիտասարդներուն համաշխարհային օրուան նիւթին վրայ «պատանի քեզի կ՝ըսեմ արթնցիր»( Ղուկ 7, 14), Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ այդ հատուածը կը պատմէ Նայինի երիտասարդի Յարութեան դրուագը:

«Յիսուս Նային քաղաք գնաց: Երբ քաղաքի դրան մօտեցաւ, դուրս կը տանէին մեռել մը, այրի կնոջ մը մէկ հատիկ զաւակը: Տէրը տեսաւ մայրը, գթաց վրան ապա յարութիւն տուաւ զաւկին, կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին մէջ,  ապա կը հրաւիրէ կեդրոնանալ նախ քան Յիսուսի Յարութեան հրաշքին վրայ,  Յիսուսի կարգ մը ժեսթերու եւ խօսքերուն վրայ:

Յիսուս կը տեսնէ ցաւն ու մահը։

Յիսուս ամբոխին մէջ կը տեսնէ տառապող մօր դիմագիծը եւ այդ հայեացքէն կը ծնի հանդիպում մը, նոր կեանքի աղբիւր:

Մեկնելով Յիսուսի հայեացքէն, Ֆրանչիսկոս Պապ հարց կու տայ արդեօք ունի՞նք ուշադիր հայեցաք , կամ ալ մեր հայեացքը կը նմանի այդ արագ հայեացքին, երբ աչքէ կ՝անցնենք ընկերային ցանցերու մէջ, զետեղուած հազարաւոր լուսանկարներ:

Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, որ մեր շրջապատին նոյնիսկ մեր մէջ, մահուան իրականութիւններուն կը հանդիպինք ՝Ֆիզիկական, հոգեւոր, ընկերային մահերու: Յուսախաբութեան զոհ գացած երիտասարդներ, ստէպ անձնասպանութեան դիմած ընկճուած երիտասարդներ: Լացող երիտասարդներ, որոնց հոգեկան աղաղակին ոչ ոք մտիկ կ՝ընէ,  նշած է Ֆրանչիսկոս Պապ, ընդգծելով որ ձախողութիւնն եւս մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր մարդ էակի կեանքին, եւ երբեմն անոնք կը յայտնաբերուին իբրեւ շնորհք:

Ան  կը հրաւիրէ ապա խոկալու եւ իրազեկ դառնալու մեր մէջ, անցեալին, ներկային եւ մեր շուրջը մահուան պատճառ դարձնող երեւոյթներուն, միաժամանակ յիշելով աւետարանի երիտասարդը, որ իսկապէս մեռած էր եւ կեանք առաւ, որովհետեւ մէկ մը նայեցաւ անոր եւ ուզեց որ ան ապրի: Այս դէպքը նաեւ այսօր եւ ամէն օր կը պատահի։ 

Գթալ: 

Յիսուսին գութը շարժեցաւ: Ան իր վրայ կրեց ուրիշին թշուառութիւնը: Մօր ցաւը, Յիսուսի ցաւը դարձաւ: Անոր զաւկին մահը իր մահը դարձաւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ երիտասարդները յաճախ ցոյց կու տան, որ գիտեն կիսել ուրիշին ցաւը: Օրինակ բերաւ բնական աղէտներուն, երկրաշարժներու ժամանակ, թէ ինչպէս երիտասարդները բարձր վեհանձնութեամբ կը նուիրուին: Չկայ աղէտ մը ուր ականատես չենք ըլլար ձեռք տուող երիտասարդներուն, նշեց Ան, քաջալերելով երիտասարդները, որ թոյլ չտան, որ ոչ մէկը խլէ իրենցմէ այդ զգայնութիւնը: Յորդորեց միշտ մտիկ ընել տառապողին աղաղակին, յուզուիլ ողբացողին, մեռնողին հետ, իսկապէս երջանիկ դառնալու, գիտնալով որ մինակ չեն» 

Մօտենալ եւ դպչիլ:

Յիսուս կը մօտենայ: Անոր մօտիկութիւնը քաջ ժեսթ կը դառնայ, որպէսզի միւսը ապրի: Յիսուսի հպումն է , որ կեանք կը հաղորդէ: Աստուածային հպում, որ կ՛անցնի մարդկային հարազատ սէրէն եւ կը բանայ աներեւակայելի ազատութեան, արժանապատուութեան եւ նոր կեանքի վայրեր:

Դուք եւս երիտասարդներ՝ եթէ կարենաք մօտենալ ցաւին , մահուան իրականութիւններուն,  Յիսուսի նման նոր կեանք պիտի ծնիք: Դա կարելէ ի շնորհիւ Սուրբ Հոգիին, եթէ  նախապէս  դուք ձեր կարգին թոյք տալ, որ Աստուծոյ սէրը ձեզի դպչի: 

Պատանի քեզի կ՝ըսեմ արթնցիր։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ աւետարանը չըսեր Յիսուսի շնորհիւ Յարութիւն առնող պատանիին անունը: Սա ընթերցողին համար հրաւէր է, նմանելու պատանիին: Յիսուս քու եւ իմ հետս կը խօսի ըսելով «ոտքի ել արթնցիր:»

Յարուցեալներուն նոր կեանք։

Յիսուս Յարութեան հրաշքը կատարելէ առաջ երիտասարդին հետ խօսեցաւ ըսելով «արթնցիր»: Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ խօսիլ կը նշանակէ ուրիշի հետ յարաբերութեան մէջ մտնել: Ան ապա  կը քաջալերէ երիտասարդները, կղզիացած եւ թուայնացուած մշակոյթին մէջ տարածելու Յիսուսին խօսքը. «ոտքի ել» մատնանշելով որ դա հրաւէր է բացուելու թուայնացուած աշխարհէն անդին:

«Ոտքի ել» կը նշանակէ երազել, վտանգել, գործել աշխարհը փոխելու համար, կը նշանակէ  վերստին վառել երազները,  այն ատեն է որ, բազմաթիւ երիտասարդներու մռայլ դէմքերը պիտի շարժին եւ աւելի գեղեցիկ պիտի դառնան:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՝եզրափակէ նշելով, որ շնորհիւ Յիսուսին, ան որ մեռած է պիտի կարենայ Անոր վկան դառնալ, պիտի կարենայ Աստուծոյ քնքշութիւնը զգալ իւրաքանչիւր մարդ էակի նկատմամբ՝ յատուկէն անօթի, ծարաւի, հիւանդի բանտարկեալին նկատմամբ ու  Յիսուսի նման,  անոնց նոր կեանք պիտի կարենայ հաղորդել:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2020, 13:04