Հնդկաստան Հնդկաստան 

ֆրանչիսկոս Պապը, Քովիտ19ն եւ «վիրուսային ցեղասպանութեան» վտանգը։

«Պետութիւնները որոնք այս ձեւով կը դիմագրաւեն համաճարակի տագնապը ցոյց կու տան իրենց այն որոշումները, ուր նախ եւ առաջ առաջնահերթ նկատուած են անձերը։ Տխուր երեւոյթ պիտի ըլլար եթէ անոնք հակառակ որոշումները առած ըլլային, որոշումներ որոնք պատճառ պիտի դառնային անթիւ անձերու մահուան,  ձեւով մը վիրուսային ցեղասպանութիւն» գրած է Սրբազան Հայրը ։

Վազգէն Աբարդեան-Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակով մը բարձր գնահատած է պսակաձեւ ժահրի համաճարակի ճգնաժամային օրերուն, պետութիւններուն որոշումները, ուր առաջնահերթ նկատուած է ընկերային առողջապահութիւնը. «ապա թէ ոչ՝ գրած է Սրբազան Հայրը,  պետութիւնները ՝մահուան ընտրանքը կատարած պիտի ըլլային։» 

Ֆրանչիսկոս Պապ այս տողերը գրած է ընկերային իրաւունքներու համար համ-Ամերիկեան դատաւորներուն կոմիտէի նախագահ՝ Տիար Ռոպերթօ Անտրէս Կալլարտիոյի յղած նամակի մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա իր մտահոգութիւնը յայտնելով ժահրի արագընթաց տարածումի գծով, գնահատած եւ բարձր արժեւորած է բազմաթիւ անձերուն վերաբերմունքը՝ բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, կամաւորներուն, կրօնաւորներուն, քահանաներում ի գործ դրած ջանքերը, որոնք  վտանգելով իրենց կեանքը խնամք կը տանին ժահրէ վարակուած հիւանդներուն։ 

«Պետութիւնները որոնք այս ձեւով կը դիմագրաւեն համաճարակի տագնապը ցոյց կու տան իրենց այն որոշումները, ուր նախ եւ առաջ առաջնահերթ նկատուած են անձերը։Տխուր երեւոյթ պիտի ըլլար եթէ անոնք հակառակ որոշումները առած ըլլային, որոշումներ որոնք  պատճառ պիտի դառնային անթիւ անձերու մահուան, ձեւով մը վիրուսային ցեղասպանութիւն» գրած է Սրբազան Հայրը,  Ան ապա գնահատելով բնակչութեան պաշտապանութեան ի խնդիր կարգ մը պետութիւններուն օրինակելի միջոցառումները, նկատել տուած է որ այդ միջոցառումները խիստ ըլլալով հանդերձ հրամայական են հասարակաց բարիքին համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2020, 12:31