Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն առաջին խումբը:

ֆրանսայի մէջ կաթողիկէ կրօնքը, մինչեւ 20-րդ դար , երկրի ազգային կեանքէն ներս ունեցած է առանցքային դեր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով, երկուշաբթի, 9 մարտին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ֆրանսայի եպիսոկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսներն ու անոնց օգնականները:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանսայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները

ֆրանսայի մէջ կաթողիկէ կրօնքը,  մինչեւ 20-րդ դար , երկրի ազգային կեանքէն ներս ունեցած է առանցքային դեր,  հակառակ երկրի մէջ հակակղերական միտումին:

20 –րդ  դարուն կէսին,  ծայր առած   աշխարհիկանացման գործընթացին հետեւանքով, կաթողիկէութիւնը կորսնցուց իր առանցքային դերը:

2015 տուեալներու համաձայն ֆրանսայի բնակչութեան 56 առ հարիւրը  ինքզինք կաթողիկէ կը նկատէ,  հակառակ, որ, 75 առ հարիւրը մկրտուած է՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մը մէջ:

10 յուլիս 2019 տուեալներուն համաձայն,  Ֆրանսային մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներուն միայն 8 տոկոսը շաբաթը անգամ կը մասնակցի  Սուրբ Պատարագի: Երկրին մէջ նուազած է կրօնական պսակներուն եւ կոչումներուն թիւը:

Մինչ՝ 2000 թուականէն անդին  աճ արձանագրած է կաթողիկէ դպրոցներու ու համալսարաններու մէջ յաճախող աշակերտներուն թիւը:

Ի տես եկեղեցւոյ առջեւ ներկայացուած վերոնշեալ մարտահրաւէրներուն, Ֆրանսայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին աշխատանք կը տանի տարբեր հարթակներու վրայ: Ան կը վերակազմակերպէ եկեղեցական տարածքները նուազեցնելով ժողովրդապետութիւններու թիւը, աշխուժացնելով արուարձաններու մէջ աւետարանումի  առաքելութիւնը ընդառաջելով ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէրին, որ է հասնիլ ընկերութեան  աշխարհագրական շրջաններ, արուարձաններ, գիւղերը:

Ի վերջոյ Ֆրանսային մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կը զարգացնէ Պետութեան հետ համագործակցութիւնը՝ հասարակաց բարիքին ի նպաստ ըլլայ բարոյական, ընկերային եւ քաղաքական նիւթերէն ներս:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2020, 12:25