Հոգեւոր Կրթութիւն Հոգեւոր Կրթութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապը այս տարի Վատիկանէն կը հետեւի քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութեան մտածականներուն։

Նորին Սրբութիւնը թեթեւ անհանգստութեան բերումով չի կարողացաւ մեկնիլ Արիչչա ու Վատիկանէն պիտի հետեւի Քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութեան մտածականներուն։

«Թուփը կրակով կը բռնկուէր» (Ելք 3,2)։ Հռոմի Քուրիայի Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ մարտ 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին  Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալներէն խնդրեց որ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն՝  Հռոմի Քուրիայի անդամները, «որոնք այս երեկոյ պիտի սկսին Հոգեւոր կրթութիւնը Արիչչա քաղաքին մէջ»։ «Դժբախտաբար, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը,  «պաղառութիւնը» զիս կը ստիպէ՝ այս տարի չի մասնակցելու (Արիչչայի մէջ կայանալիք) հոգեւոր կրթութեան։ Վատիկանէն պիտի հետեւիմ մտածականներուն»։

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի մէկ մարտ 2020-ի երեկոյեան՝ Արիչչայի Աստուածային Վարդապետի տուն կեդրոնին մէջ  սկիզբ առաւ աւանդութիւն դարձած Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը, որուն այս տարուայ քարոզիչն է Յիսուսեան Հայր Փիեթրօ Պովաթի՝ Աստուածաշունչի Քահանայապետական յանձնախումբի քարտուղար։

Ան այս տարուայ որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրած է Ելքի գիրքէն սոյն հատուածը «Թուփը կրակով կը բռնկուէր» (Ելք 3,2)՝ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ հանդիպումը Ելքի գիրքի, Մատթէոս Աւետարանիչի ու Սաղմոսերգուի լոյսին տակ»։

Մէկ շաբաթ տեւող հոգեւոր կրթութիւններու առաջին մտածականը ներկայացուեցաւ կիրակի երեկոյեան։ Ներածական մը՝ «Աստուծոյ փորձառութիւնը եւ ուղեւորութիւն. Մովսէսը, Քրիստոսը, Աղօթողը» նիւթով։

Մտածականներուն շարքը սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչին ուղղած մէկ նամակի մը ընթերցումով՝ որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը բացատրէ թէ պաղառութեան պատճառաւ՝ հոգեւոր կրթութիւնը պիտի կատարէ իր բանակավայրին մէջ, որտեղէն պիտի հետեւի նաեւ մտածականներուն։ Ան ապա բոլոր ներկաներուն կ՛ապահովեցնէ աղօթքները ու իր առաքելական օրհնութիւնները։

Հոգեւոր կրթութեան օրակարգը կը նախատեսէ օրական երկու մտածականներ, մէկը առաւօտեան 10-ին իսկ երկրորդը կէսօրին ետք 4.30-ին։  Ամէն առաւօտ ապա Հոգեւոր Կրթութեան մասնակցողները միասին կը մատուցեն  առաւօտեան պատարագը, մինչ երեկոյեան նախատեսուած է ժամասացութիւն եւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն։

Երկուշաբթի օրուայ մտածականներու նիւթերն են «Ծննդաբերութեան սքանչելիքը՝ պարգեւը։ (Ելից 2,1; Մատթ. 1,28; Սաղմոս 139) ապա  «Աստուծոյ փորձառութիւնը. Կոչումը։ (Ելից 3,1-12; Մատթ. 16,13-23; Սաղմոս 63)։

Երեքշաբթի օրուայ մտածականներու նիւթերն են «Դիմադրութիւն շնորհքին։ (Ելից 5,1-23; Մատթ. 13, 1-23; Սաղմոս 78) ապա  «Հաւատքի պակասը։ (Ելից 32,1-6; Մատթ. 4,1 -11; Սաղմոս 106)։

Չորեքշաբթի օրուայ մտածականներու նիւթերն են «Գիշերային անցքը։ (Ելից 14,1- 31; Մատթ. 14, 22-32; Սաղմոս 124) ապա  «Անապատի մէջ ուղեւորութիւնը։ (Ելից 15,22 – 16,8 ; Մատթ. 25,31-46 ; Սաղմոս 23)։

Հինգշաբթի օրուայ մտածականներու նիւթերն են «Պայքար եւ աղօթք։ (Ելից 17, 8-15; Մատթ. 17, 14-21; Սաղմոս 121) ապա  «Բարեխօսութիւնը։ (Ելից 32, 7-14 ; Մատթ. 18,21-35 ; Սաղմոս 134)։ Մինչ ուրբաթ օրուայ վերջին ու եզրափակիչ խորհրդածութիւնը կեդրոնացած է Աստուծոյ ներկայութեան վրայ (Ելից 33, 7-17 ; Մատթ. 28, 16-20 ; Սաղմոս 90)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2020, 09:40