Որոնել

«Այս երեկոյ աղօթենք միացած, ապաւինինք Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութեան». ֆրանչիսկոս Պապ:

Այս երեկոյ աղօթենք միացած, ապաւինինք Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութեան, Սուրբ Ընտանիքն Պահապանը ու Պահապանը իւրաքանչիւր ընտանիքի։ Նազարէթի ատաղձագործը եւս ճանչցաւ անկայունութիւնը, դառնութիւնը ու վաղուայ նկատմամբ մտահոգութիւնը, սակայն գիտցաւ քալել որոշ պահերու մթութեան մէջ թոյլ տալով միշտ անվերապահօրէն առաջնորդուիլ Աստուծոյ կամքէն:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի տես Քովիտ 19 ժահրի համաճարակին, Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը հրաւէր ուղղած է բոլոր հաւատացեալներուն, իրենց տուներուն մէջ աղօթելու Սուրբ Վարդարանը` բոլորը միասին, երեկոյեան ժամը 9-ին, ապա  աղօթքին միացնելու  յատուկ նշան մը` պատուհաններուն վրայ զետեղելով յոյսն ու հաւատքը խորհրդանշող՝ սպիտակ  դրօշ եւ վարուած մոմ մը։

Ունկնդրէ լուրը

18 Մարտի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտնած էր թէ ինք եւս կը միանայ եպիսկոպոսներու նախաձեռնութեան, իր կարգին կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն, այս առողջապահական արտակարգ տագնապի առթիւ, դիմելու Վարդարանի աղօթքին։

Նորին Սրբութեան սոյն կոչին ու հրաւէրին միացան տարբեր վայրերէ եկեղեցիներ ու քրիստոնեայ հասարակութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, որ հետեւելով Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Վարդարան աղօթելու հրաւէրին՝ մարտի 19-ին, ժամը 17:00-ին Գիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի մատրան մէջ կազմակերպեց հոգեւորական դասի Սուրբ Վարդարանի աղօթքը,  որուն` համաճարակի կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած սահմանափակումներու բերումով,  հաւացեալները կարող են մասնակցիլ Facebook-եան էջի միջցոաւ։

Սուրբ Վարդարանի միասնական աղօթքի նախաձեռնութեան  առթիւ, հինգշաբթի 19 մարտ 2020 յետմիջօրէին, լոյս տեսաւ  Քահանայապետին մէկ պատգամը, որուն մէջ Ան հրաւէր կ՛ուղղէ  չի կորսնցնելու յոյսը ու ընտանիքի մէջ ապրելու  մերձակայութիւնը, հասկացողութեան, համբերութեան ու ներումի միջոցաւ։ Ան ապա կը հայցէ Սուրբ Յովսէփին բարեխօսութիւնը որպէսի պահապան կանգնի Իտալիոյ։

Քահանայապետին Պատգամը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

կը միանամ աղօթքին զոր Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ուզեց կազմակերպել որպէս համայն երկրի միութեան նշան։

Այս աննախադէպ իրավիճակին մէջ, ուր ամէն բան կարծես երերուն է, օգնենք զիրար՝ հաստատ մնալու այն բանի մէջ որ իսկապէս կարեւոր է։ Այս ուղեւորութեան ցուցմունքը ես կը գտնեմ ձեր հովիւներուն բազմաթիւ նամակներուն մէջ, որոնք, բաժնեկցելով այսպիսի ողբերգական պահ մը, կը ջանան խօսքով թիկունք կանգնիլ ձեր յոյսին ու ձեր հաւատքին։

Վարդարանի աղօթքը հեզերու ու սուրբերու աղօթքն է, որ իր խորհուրդներու միջոցաւ՝ Մարիամի հետ միասին, կը խոկան Յիսուսի կեանքի մասին, Հօր Աստուծոյ ողորմած դէմքը։ Որքա՜ն կարիք ունինք բոլորս մխիթարութեան, զգալու որ պարուրուելու Անոր սիրոյ ներկայութեամբ։

Այս փորձառութեան ճշմարտութիւնը կը չափուի ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեան հիման վրայ, որ այս պահուս կը համապատասխանէ ընտանիքի ամենամօտ անդամներուն։ Մերձակայ ըլլանք մէկը միւսին, որպէս առաջիններ ի գործ դնելով բարեսիրութիւնը, հասկացողութիւնը, համբերութիւնն ու ներումը։

Անհրաժեշտութեան բերումով ձեր տարածքները սահմանափակուած են տան պատերու ներքոյ, սակայն մեծ սիրտ ունեցէք՝ ուր միւսը կարողանայ միշտ գտնել տրամադրութիւնն ու հիւրընկալութիւն։

Այս երեկոյ աղօթենք միացած, ապաւինինք Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութեան, Սուրբ Ընտանիքն Պահապանը ու Պահապանը իւրաքանչիւր ընտանիքի։ Նազարէթի ատաղձագործը եւս ճանչցաւ  անկայունութիւնը, դառնութիւնը ու վաղուայ նկատմամբ մտահոգութիւնը, սակայն գիտցաւ քալել որոշ պահերու մթութեան մէջ, թոյլ տալով միշտ անվերապահօրէն առաջնորդուիլ Աստուծոյ կամքէն։

 

Աղերս առ Սուրբ Յովսէփ 



 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2020, 16:00