գաղթականներ գաղթականներ 

Քահանայապետը աղօթք խնդրեց տեղահաններուն համար ու յայտնեց թէ պաղառութեան բերումով պիտի չի մասնակցի Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան։

«Դժբախտաբար, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, պաղառութիւնը զիս կը ստիպէ այս տարի չի մասնակցելու հոգեւոր կրթութեան։ Վատիկանէն պիտի հետեւիմ մտածականներուն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ մարտ 2020-ին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած  Մարեմեան Աղօթքէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն մաղթեց բարի քառասնորդացի ուղեւորութիւն՝ լի հոգեւոր պտղաբերութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը հուսկ իր տխրութիւնը արտայայտեց՝ ի տես պատերազմի պատճառաւ բազմաթիւ մարդոց, կիներու ու մանուկներու վտարումին։ «Բազմաթիւ գաղթականներ որոնք աշխարհի մէջ ապաստան եւ օգնութիւն կը հայցեն» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով որ «այս օրերուն այդ հարցը աւելի ծանրացաւ» ու հաւացեալները հրաւիրելով աղօթելու անոնց համար։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն կոչը կը հայի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանի մօտ գտնուող Իտլիպի մէջ զինային բախումներու հետեւանքով ստեղծուած գաղթականութեան նոր տագնապին, որուն բերումով 950 հազար անձ՝ տեղահանուած են ու դիմած են արտագաղթին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա աղօթք խնդրեց նաեւ ՝ Հռոմի Քուրիայի համար, որ այս երեկոյ պիտի սկսի Հոգեւոր կրթութիւնը Արիչչա քաղաքին մէջ։

«Դժբախտաբար, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը,  պաղառութիւնը զիս կը ստիպէ  այս տարի չի մասնակցելու հոգեւոր կրթութեան։  Վատիկանէն պիտի հետեւիմ մտածականներուն»։

Ան ապա  նշեց թէ հոգեպէս կը միանայ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն ու բոլոր այն անձերուն որոնք կ՛ապրին աղօթքի պահեր, իրենց տան մէջ կատարելով հոգեւոր կրթութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2020, 12:33