Յիսուս փոթորկոտ ծովը կը հանդարտեցնէ Յիսուս փոթորկոտ ծովը կը հանդարտեցնէ  

Կեանքի արկածախնդրութեան մէջ միայնակ չենք Յիսուս մեզի իր ձեռքը կ՛երկարէ։

«Ցաւ, երախտագիտութիւն, քաջութիւն և փառաբանութիւն»՝ Կոչումին բառերը։ Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային 57 օրուան Քահանայապետական պատգամը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 24 մարտ 2020-ին հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային 57 րդ օրուան պատգամը որուն բնաբանն է «Կոչումին բառերը»։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Քահանայապետը պատգամը կը սկսի բացատրելով որ անցեալ 4 օգոստոսին Քիւրէ Տ՛Արսի մահուան 160րդ տարեդարձին առթիւ նամակ մը գրած էր բոլոր քահանաներուն, որոնք ամէն օր իրենց կեանքը  կը նուիրեն այն կոչումին՝ որուն համար Տէրը կոչեց զիրենք, ծառայելու համար Աստուծոյ ժողովուրդին։

«Այդ առիթով ընտրեցի չորս բանալի բառեր. «Ցաւ, երախտագիտութիւն, քաջութիւն և փառաբանութիւն» կը գրէ Սրբազան Պապը եւ կը խորհիմ որ այսօր եւս՝ կոչումներու համար աղօթքի 57 օրուան առիթով, այդ բառերը կարելի է կրկնել ու զանոնք ուղղել Աստուծոյ համայն ժողովուրդին, ի միտ ունենալով Աւետարանական հատուածի մը բնապատկերը, որ մեզի կը խօսի այն իւրայատուկ փորձառութեան մասին, որ պատահեցաւ Յիսուսին ու Պետրոսին Տիբերեան ծովու մէջ փոթորկոտ գիշերուայ ընթացքին (Մատթ, 14, 22-23)։

Հացերու բազմացումէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն կը հրահանգէ նաւ բարձրանալ ու զինք կանխել միւս ափը։ Լիճին վրայ այդ անցքը, տեսակէտով մը կը յիշեցնէ մեր գոյութեան ճամբորդութիւնը։ Մեր կեանքին նաւակը արդարեւ, դանդաղ յառաջ կ՛ընթանայ, անհանդարտ՝ որովհետեւ ապահով ափ մը կը փնտռէ,  ու պատրաստ է դիմագրաւելու ծովուն վտանգներն ու հնարաւորութիւնները, այն իղձով որ ղեկավարը շրջադարձ մը կատարէ որ զայն առաջնորդէ դէպի ցամաքամաս։  Շատ անգամ սակայն ան կարող է կորուստի մատնուիլ, կարող է հետեւիլ  շլացուցիչ պատրանքներու, փոխանակ որ հայեացքը ուղղէ լուսաւոր  փարոսին, որ զայն կ՛առաջնորդէ դէպի ապահով նաւահանգիստ։

Այդ մէկը կը պատահի նաեւ աշակերտներու սրտին մէջ, որոնք կանչուած են հետեւելու Նազարէթի Վարդապետին, ու պէտք է որոշեն ծովուն միւս ափը անցնիլ, քաջութեամբ ընտրելով թողուլ իրենց ապահովութիւնները ու հետեւիլ Տիրոջ։

Այս արկածախնդրութիւնը խաղաղ չէ. Կը հասնի խաւարը, հակահոսանք քամին, նաւը կը տարուբերուի ալիքներէն, ու չի յաջողելու եւ  կոչումին համապատասխանելու անկարողութեան վախը՝ զանոնք վտանգի մը մատնէ։

Աւետարանը սակայն մեզի կ՛ըսէ թէ այդ արկածախնդիր դժուար ճանապարհորդութեան ընթացքին մենք միակ չենք։ Տէրը կը քալէ այդ  անհանդարտ ջուրերուն վրայ ու կը հասնի աշակերտներու մօտ, ապա Պետրոսին կը հրաւիրէ ալիքներուն վրայ քալելով իր մօտ գայ, ապա զայն կը փրկէ երբ ընկղմելու եզրին է, հուսկ նաւ կը բարձրանայ ու քամիին կը հրամայէ որ հանդարտի։

Երախտագիտութիւն

«Կոչումին առաջին բառը ուրեմն երախտագիտութիւն է» կը գրէ Քահանայապետը ։

Նաւարկել դէպի հանգիստ ափեր միայն մեր ուժերուն վստահուած պարտականութիւն մը չէ ոչ ալ կախեալ է մեր ընտրած արահետներէն։  

Մեր կեանքի ծրագիրներու ու մենք մեր անձին իրականացումը նախ եւ առաջ պատասխանն է կոչումի մը որ Վերէն կու գայ։ Տէրն է որ մեզի ցոյց կու տայ ափը՝ ուր պէտք է ուղղուիլ, ապա մեզի քաջութիւն կու տայ նաւ բարձրանալ ուր Ան կը դառնայ նաեւ մեր ղեկավարը, մեզի ցոյց տալով ուղեցոյցը ու այնպէս ընելով որ նաւը չի ջարդուի տարակոյսի ժայռերուն վրայ։ Ան մեզ նոյնիսկ կարող կը դարձնէ քալել անհանդարտ եւ ալեկոծ  ջուրերուն վրայէն։

Ամէն մէկ կոչում ծնունդ կ՛առնէ Տիրոջ մեզի ուղղուած սիրալիր հայեացքէն երբ մեր նաւը փոթորիկի թիրախ է։

Մեր ընտրանքէն աւելի կոչումը պատասխանն է Տիրոջ ձրի հրաւէրին, որ կարող ենք վերագտնել երբ մեր սիրտը ամբողջութեամբ կը բացուի երախտագիտութեան ու գիտէ  նշմարել Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս։

Քաջութիւն

«Երկրորդ բառը քաջութիւնն է», կը գրէ Սրբազան Պապը ակնարկելով Յիսուսին խօսքերուն. երբ Ան նաւուն կը մօտենար ու աշակերտները կը կարծեն թէ ուրուական մը ըլլար, Յիսուս զանոնք կը վստահեցնէ ըսելով «Ես եմ՝ մի վախնաք»։

Յաճախ մեր ընթացքը եւս կը հանդիպի ուրուականներու, որոնք կը խռովեն մեր սիրտը։ Երբ մենք կանչուած ենք լքելու մեր ապահովութիւնները եւ ընտրելու կեանքի նոր վիճակ, ինչպէս է ամուսնութիւնը, քահանայութիւնը կամ կրօնաւորական կեանքը։ Մեր առաջին մտածումը տատամսումն է, կասկածն է՝ թէ եթէ այդ մէկը մեր իսկական ճանապարհն է թէ ոչ։

Մեր մէջ կը ծագին բազմաթիւ հարցադրանքներ ու այդ հարցադրանքներու արդարացումներ… Տէրը սակայն գիտէ թէ կեանքի մը ընտրանքը կարիքը ունի քաջութեան Ան կը ճանչնայ բոլոր տարակոյսները, դժուարութիւնները, որոնք կը տարուբերեն մեր սրտին նաւակը եւ ասոր համար մեզի կ՛ըսէ. «Մի վախնաք. Ես ձեր հետն եմ»։

Յոգնութիւն

«Քահանաներու ուղղուած նամակին մէջ  խօսեցայ նաեւ ցաւի մասին» կը գրէ ապա Սրբազան Պապը, նկատել տալով որ կը փափաքի այդ բառը տարբեր ձեւով բացատրել ու խօսիլ յոգնութեան մասին։

Ամէն մէկ կոչում կ՛ենթադրէ յանձնառում մը։  Տէրը մեզ կը կոչէ որովհետեւ կ՛ուզէ որ մենք Պետրոսի նման քալենք ջուրերուն վրայ, այսինքն մեր կեանքը դնենք Աւետարանի ծառայութեան տակ, կոչումի տարբեր ձեւերու ընդմէջէն։

Մենք սակայն կը նմանինք Պետրոսին, ունինք մեր տկարութիւններն ու վախերը։

Եթէ թոյլ տանք տարուիլ պատասխանատուութեան մտահոգութիւններու բեռէն, այդ պահուն մեր հայեացքը կը շեղի Յիսուսէն ու Պետրոսի նման կը սկսինք ընկղմիլ։ Մինչ հակառակը՝  մեր բոլոր տկարութիւններուն ու թշուառութիւններուն հանդերձ մեր հաւատքը մեզի թոյլ կու տայ քալել եւ ընթանալ դէպի Յարուցեալ Տէրը ու յաղթահարել նաեւ փոթորիկը։

Ի վերջոյ երբ Յիսուս նաւ կը բարձրանայ՝ փոթորիկը կը հանդարտի եւ ալիքները կը դադրին։

Մեր կեանքին մէջ Տիրոջ ներկայութիւնը պատկերացնող գեղեցիկ պատկեր մըն է սա։ Ան փոթորիկին կը հրամայէ որ դադրի, եւ  չարի ուժերը, վախը ու յուսալքումը այլեւս ոչ մէկ իշխանութիւն ունին մեր վրայ։

«Ամէն մէկ կոչումին մէջ որուն կանչուած ենք, այդ փոթորիկները կարող են մեզ սպառել» կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով անոնց որոնք կարեւոր պատասխանատուութիւններու տէր են քաղաքացիական ընկերութեան մէջ, ամուսնացեալ զոյգերուն, «որ կը սիրեմ որակել «քաջեր»» կը գրէ Ան,  ու յատկապէս անոնց որոնք կ՛ընտրեն կրօնաւորական  կեանքն ու կուսակրօն քահանայութիւնը։  Ձեր յոգնութիւնները կը ճանչնամ, գիտեմ թէ առանձնութիւնը շատ անգամ ծանր կը կշռէ ձեր սրտին վրայ, սովորութիւններու տագնապը կամաց կամաց կը մարէ կոչումին այրող կրակը…

Քաջութիւն մի վախնաք։ Յիսուս մեզի հետ է։ Եթէ զԱյն ճանչնաք որպէս մեր կեանքին միակ Տէրը, Ան մեզի իր ձեռքը կ՛երկարէ՝ մեզ փրկելու համար։

Փառաբանութիւն

«Այդ պահուն ալիքներուն մէջ մեր կեանքը կը բացուի փառաբանութեան՝ որ կոչումին չորրորդ ու վերջին բառն է» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, զայն ներկայացնելով որպէս հրաւէր՝ հետեւելու Սուրբ Կոյս Մարիամի վերաբերմունքի օրինակին, որ քաջութեամբ ողջագուրեց կոչումը, իր կեանքը դարձնելով փառաբանութեան յաւերժ երգ մը՝ ուղղուած Տիրոջ։

Սիրելիներ այս Օրուան առթիւ ու նաեւ ձեր հասարակութիւններու սովորական հովուական կեանքի օրերուն առթիւ կը փափաքիմ որ Եկեղեցին ամէն մէկ հաւատացեալի սրտին մէջ բանայ  անցք մը, որպէսզի իւրաքանչիւրը երախտագիտութեամբ վերագտնէ կոչումը զոր Աստուած անոր վերապահած է, ու քաջութիւնը ունենայ Այոյով համապատասխանելու անոր, յոգնութիւնը յաղթելով Քրիստոսի մէջ հաւատքով, եւ ի վերջոյ իր կեանքը նուիրելով որպէս փառաբանութեան երգ մը՝ Աստուծոյ, եղբայրներուն ու համայն աշխարհին։

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ առաջնորդէ ու բարեխօսէ մեզի համար։.

Տուեալ ի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս 8 մարտ 2020 Բ կիրակի քառասնորդաց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2020, 12:00