Միայն միասին պիտի յաղթենք Միայն միասին պիտի յաղթենք 

«Աստուծոյ առջեւ բոլորս ալ զաւակներ ենք. Միայն միասին պիտի յաղթենք». Ֆրանչիսկոս Պապը համաճարակի մասին։

«Նորին Սրբութիւնը Իտալական Լա Սթամփա օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը մէջ յայտնեց թէ աղօթքի միջոցաւ կը հասկնանք մեր դիւրաբերութիւնը, Տէրը սակայն մեզի ուժ եւ մօտիկութիւն կը փոխանցէ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այստեղ ողբ ու տառապանք կայ։ Այս կացութենէն միայն միասին կարող ենք դուրս գալ»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իտալական Լա Սթամփա օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ուր ապա հրաւէր ուղղեց այս ժամանակահատուածը ապրելու ապաշխարութեամբ, գթութեամբ,  յոյսով, ու նաեւ հեզութեամբ, որովհետեւ, ըսան Ան, կեանքին մէջ յաճախ կը մոռնանք որ խաւար պահեր գոյութիւն ունին»։ 

Ունկնդրէ լուրը

«Մենք յաճախ կը մտածենք թէ որոշ բաներ միայն ուրիշներուն կը պատահին. Այս ժամանակահատուածը սակայն բոլորիս համար մութ է» յարեց Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով որ Քառասնորդացը մեզ կը մարզէ զօրակցութեամբ նայելու ուրիշներուն, յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին։

Խօսելով աղօթքի մասին Նորին Սրբութիւնը  յիշեցուց՝ թէ ինչպէս աշակերտները փոթորիկի մէջ կը դիմեն Յիսուսն. «Աղօթքը մեզի հասկցնել կու տայ մեր դիւրաբեկութիւնը։ Ան նաւաբեկութեան եզրին գտնուողներուն աղաղակն է, անոնց որոնք իրենք զիրենք կը զգան վտանգի մէջ ու միայնակ։ Դժուար, յուսահատ իրավիճակ մըն է,  սակայն անհրաժեշտ է իմանալ որ կայ Տէրը՝ որուն պէտք է կառչիլ։

Քահանայապետը տարբերութիւն չի դնէր «հաւատացեալի եւ անհաւատի միջեւ»։ «Հոս լաց կայ, տառապանք կայ։ Աստուծոյ առջեւ բոլորս զաւակներ ենք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  ապա անդրադարձաւ առանձնութեան ու ակնարկեց այն տարեց կնոջ՝ որ մահուան սեմին կարողացաւ միայն հեռաձայնով ողջունել ու հրաժեշտ առնել իր հարազատներէն։

«Ցաւն անոր որ կը մեկնի առանց հրաժեշտի կը դառնայ խոր վէրք սրտին մէջ անոնց որ կը մնան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հիւանդապահներուն,  բժիշկներուն ու կամաւորներու որոնք արտակարգ յոգնութեան հանդերձ, համբերութեամբ ու սրտի բարութեամբ կը հպին՝ փոխարինելու համար ընտանեկան անդամներու բացակայութիւնը։

Խօսելով ապա ապագայի հետեւանքներու մասին, Քահանայապետը յարեց՝ թէ «այն ինչ որ կը պատահի այսօր պիտի ծառայէ մէկ անգամ ընդմիշտ մարդոց յիշեցնելու որ մարդկութիւնը մէկ հասարակութիւն է ու թէ որքան կարեւոր է եւ որոշիչ համընդհանուր եղբայրութիւնը։

Պէտք է խորհինք թէ այս մէկը կը նմանի յետ պատերազմի մը կացութեան. Չկայ ուրիշը այլ կայ «մենք» ը։ Որովհետեւ այս կացութենէն դուրս կարող ենք գալ միայն բոլորս միասին։ Պէտք է նայինք մեր արմատներուն, տարեցներուն ու մեր միջեւ կառուցել իսկական եղբայրութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2020, 09:51