Քահանայապետի մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնն է՝ «Չինաստանի մէջ Քրիստոնեաներու միութիւնը»։

Քահանայապետը կը հրաւիրէ բոլոր հաւատացեալները Միասին աղօթելու որպէսզի Չինաստանի Եկեղեցին գոյատեւէ Աւետարանի հաւատարմութեամբ ու աճի միութեան մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարտ ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւն։ 

Այսօր Չինաստանի եկեղեցին յոյսով կը նայի ապագային։ Եկեղեցին կ՛ուզէ որ Չինացի քրիստոնեաները ըլլան իսկական քրիստոնեաներ ու լաւ քաղաքացիներ։ Անոնք պէտք է խթանեն Աւետարանը, առանց հոգեւորսորդութիւն կատարելու, ու պէտք է ձգտին կաթողիկէ հասարակութեան միասնութեան, որ բաժնուած է։

Միասին աղօթենք, որպէսզի Չինաստանի Եկեղեցին գոյատեւէ Աւետարանի հաւատարմութեան մէջ ու աճի միութեան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Աղօթքի Համաշխարհային ցանցի նախաձեռնութեամբ հրապարակած՝ Մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամին մէջ, բացայայտելով թէ՝ ամսուայ աղօթքին դիտաւորութիւնը նուիրուած է Չինաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ու կոչ ուղղելով որ ան ձգտի միութեան ու Աւետարանի հաւատարմութեան։

1970էն ի վեր Չինաստանի մէջ քրիստոնեաներու նշանակալից աճ արձանագրուեցաւ։ 2010 տուեալներու համաձայն Չինաստանի մէջ կային 67 միլիոն քրիստոնեայ, բնակչութեան 5 առ հարիւրը, իսկ 2018-ի տուեալներու համաձայն այդ թիւը հասած է 100 միլիոնի։

Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային ցանցի միջազգային տնօրէն՝ Յիսուսեան Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոս նշած է թէ այս ամսուայ Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութիւնը ունի հոգեւոր եւ հովուական նպատակ, որովհետեւ Չինաստանի կաթողիկէ հասարակութեան միասնութիւնը խրախուսելը կը նշանակէ խթանել Աւետարանի քարոզութիւնը ու անոր վկայութիւնը։

Բնական է որ այդպիսի ուղեւորութիւն մը ըլլայ՝ երկար. դժուար ու լի դիւրիմացութիւններով, եւ ասոր համար պէտք է աղօթել՝ որպէսզի Տէրը որ Արարչին է Երկրի եւ Երկնքի, բարեփոխէ սրտերը աղօթքի մէջ ու սատարէ հաշտութեան։

Քահանայապետը կը հրաւիրէ բոլոր հաւատացեալները Միասին աղօթելու  որպէսզի Չինաստանի Եկեղեցին գոյատեւէ Աւետարանի հաւատարմութեամբ ու աճի միութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2020, 16:00