Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Այսօր հրապարակային ունկնդրութիւն չկայ՝ Քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութեան պատճառաւ։

Մաթթէօ Պրունի. «Անցեալ օրերուն Քահանայապետի պաղառութեան ախտաճանաչումը իր ընթացքը կը կատարէ, առանց այլ հիւանդութիւն ենթադրող ախտանիշներու։ Մինչ այդ Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունկաէ ամէն օր մատուցել Սուրբ պատարագը եւ կը հետեւի Արիչչայի Աստուածային Վարդապետի Տան մէջ կայացած Հոգեւոր Կրթութիւններուն »։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ մարտ մէկէն սկսեալ՝ Արիչչա քաղաքի Աստուածային Վարդապետի Տուն կեդրոնին մէջ, ընթացքի մէջ է Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը, որ պիտի աւարտի յառաջիկայ ուրբաթ  6 մարտին։

Ունկնդրէ լուրը

 Ինչպէս յայտնի է Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետը՝ պաղառութեան բերումով, այս տարի չի կարողացաւ մեկնիլ Արիչչա՝ ու իր նստավայրէն՝ Վատիկանէն կը հետեւի ու կը մասնակցի հոգեւոր կրթութեան, որուն ընթացքին կասեցուած կը նկատուին Քահանայապետին բոլոր գործունէութիւնները, ներառեալ՝ 4 մարտի  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետի առողջապահական իրավիճակի մասին արտայայտուելով՝ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը ՝Տիար  Մաթթէօ Պրունի յայտնեց թէ  «Անցեալ օրերուն Քահանայապետի պաղառութեան ախտաճանաչումը  իր ընթացքը կը կատարէ, առանց այլ հիւանդութիւն ենթադրող ախտանիշներու։ Մինչ այդ Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունկաէ ամէն օր մատուցել Սուրբ պատարագը  եւ կը հետեւի Արիչչայի Աստուածային Վարդապետի Տան մէջ կայացած Հոգեւոր Կրթութիւններուն»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝  Յունուար ամսուայ վերջաւորութեան սկիզբ տուած էր խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը, կեդրոնացած  Յիսուսին «Երանութիւններուն» վրայ (Մատթ. 5, 1-11)։

Ներկայացնելով   այս Երանութիւններու մասին  խորհրդածութիւնները Սրբազան Քահանայապետը  հաստատած էր թէ «Լեռան քարոզին» նախաբանը կազմող այդ խօսքերը կը պարունակեն քրիստոնեաներու «անձնաթուղթը», որովհետեւ կ՛ուրուագծեն Յիսուսին նոյնինքն դիմագիծը եւ Անոր ապրելակերպը։

Լերան Քարոզը եւ Երանութիւնները (Մատթ. 5, 1-12)

Աւետարանիչը կը գրէ.  Յիսուս տեսնելով բազմութիւնը՝ լեռը ելաւ ու երբ նստաւ, իր աշակերտները քովը գացին, եւ ան իր բերանը բանալով կ՛ուսուցանէր անոնց ու կ’ըսէր.

''Երանի՛ Հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը։

Երանի՛ սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք պիտի մխիթարուին։

Երանի՛ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։

Երանի՛ անոնց որ քաղցն ու ծարաւն ունին արդարութեան, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան։

Երանի՛ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն։

Երանի՛ անոնց որ սրտով սուրբ են, որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն։

Երանի՛ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։ Երանի՛ անոնց որ արդարութեան համար կը հալածուին, որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը։

Երանի՛ ձեզի՝ երբ իմ պատճառովս նախատեն ձեզ, հալածեն եւ ստութեամբ ձեր վրայ ամէն տեսակ չարախօսութիւն ընեն, ցնծացէք եւ ուրախացէք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ երկնքի մէջ։ Այսպէս հալածուեցան ձեր նախորդները մարգարէները''։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2020, 08:45