Ֆրանչսիկոս Պապին արարողութիւնները կը շարունակուին ուղիղ եթերի հեռարձակումներով։ Ֆրանչսիկոս Պապին արարողութիւնները կը շարունակուին ուղիղ եթերի հեռարձակումներով։ 

Ֆրանչսիկոս Պապին արարողութիւնները կը շարունակուին ուղիղ եթերի հեռարձակումներով։

Նորին Սրբութեան Մայիս ամսուայ ընթացքին նախատեսուած Մալթայի առաքելական ճամբորդութիւնը յետաձգուած է մինչեւ անյայտ թուական։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Մինչեւ նոր կարգադրութիւն՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած  Սանթա Մարթա Մատրան մէջ առաւօտեան 7-ին  մատուցած առօրեայի պատարագները, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ Հրապարակային ունկնդրութիւնները պիտի շարունակուին հեռարձակուիլ ուղիղ եթերով,Վատիկան Մետիայի հեռուստակայանի եւ Վատիկան Նիուզի կայքէջի միջոցաւ, եւ այդ արարողութիւններու նկարահանումները պիտի  բաշխուին Վատիկան Մետիայի կողմէ, բոլոր անոնց որոնք այդ ուղղութեամբ խնդրագիր կը ներկայացնեն, որպէսզի այդ արարողութիւնները հասանելի ըլլան համայն աշխարհի հաւատացեալներուն»։ Այսպէս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին 23 մարտին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ի տես Քովիտ19 ժահրի տարածման կանխարգիլման ու սահմանափակումի ուղիով առնուած որոշումներուն։

Մինչ այլ հաղորդագրութեամբ նոյն գրասենեակը կը տեղեկացնէր որ Նորին Սրբութեան Մայիս ամսուայ աւարտին  նախատեսուած Մալթայի առաքելական ճամբորդութիւնը յետաձգուած է մինչեւ  անյայտ թուական։ Սոյն որոշումը առնուած է համաշխարհային իրավիճակի պատճառաւ ու տեղւոյն իշխանութիւններու ու եկեղեցւոյ հետ համաձայնութեամբ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2020, 18:24