«24 ժամ Տիրոջ համար» «24 ժամ Տիրոջ համար» 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը «24 ժամ Տիրոջ համար» աղօթքի ձեռնարկին ի նպաստ։

«Այնտեղ ուր կարելի չէ 24 ժամ Տիրոջ համար ձեռնարկը կատարել վստահ եմ որ կարելի պիտի ըլլայ ապաշխարանքի այդ պահը ապրիլ անձնական աղօթքի միջոցաւ» յարեց Սրբազան Պապը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 մարտ 2020-ին ուղիղ եթերով սփռուած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ ուղղեց յառաջիկայ ուրբաթ եւ շաբաթ 20 եւ 21 մարտին նախատեսուած  «24 ժամ Տիրոջ համար» աղօթքի ձեռնարկի ի նպաստ։

«Այս մէկը Պահքի ընթացքին կարեւոր ժամադրութիւն մըն է աղօթքի ու խոստովանանքի խորհուրդին մօտենալու համար», ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով թէ ինչպէս Իտալիոյ ու այլ երկիրներու մէջ Քորոնավիրուսի տագնապի բերումով կարելի պիտի չ՛ըլլայ սոյն ձեռնարկը կազմակերպել սովորական իր ընթացքով։ «Թէեւ աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ այս գեղեցիկ աւանդութիւնը պիտի շարունակուի։ Կը քաջալերեմ բոլոր հաւատացեալները անկեղծ կերպով մօտենալու Աստուծոյ ողորմութեան, խոստովանանքի խորհուրդի միջոցաւ ու աղօթելու յատկապէս անոնց համար որոնք կը տանջուին համաճարակի պատճառաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու կոչը աւարտեց աւելցնելով. «Այնտեղ  ուր կարելի չէ 24 ժամ Տիրոջ համար ձեռնարկը կատարել վստահ եմ որ կարելի պիտի ըլլայ  ապաշխարանքի այդ պահը ապրիլ անձնական աղօթքի միջոցաւ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2020, 10:11