Որոնել

2020.03.29-Angelus-1.jpg

«Վերցնենք մեր սրտերուն քարերը». Ֆրանչիսկոս Պապին 29 Մարտի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Տէրը մեզմէ կը խնդրէ վերցնել մեր սրտերուն քարերը, որպէսզի կեանքը ծաղկի մեր շուրջ» հաստատեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով՝ որ «Առանց Քրիստոսի ու Քրիստոսէն դուրս՝ մահ կայ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 Մարտ 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց  Առաքելական Պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերով սփռուած կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը, որուն առթիւ սովորութեան համաձայն ներկայացուց օրուան պատգամը  ըսելով.

Քառասնորդացի այս հինգերորդ կիրակին՝ Ղազարոսի Յարութեան կիրակին է (Յովհաննէս 11, 1-45)։ Ղազարոսը Մարթայի եւ Մարիամի եղբայրն էր եւ անոնք շատ մտերիմ էին Յիսուսին հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Երբ Յիսուս Բեթանիա կը հասնի Ղազարոսը չորս օրէ ի վեր արդէն մերած էր։ Մարթան Անոր կ՛ըսէ. «Եթէ դուն հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռնէր»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ», ու կ՛աւելցնէ «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը. Ով որ ինծի հաւատայ, նոյնիսկ եթէ մեռնի՝ պիտի ապրի»։

Յիսուս ապա տրտմագին կ՛ուղղուի գերեզման ու այնտեղ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք իր Հօր, «որ կը լսէ ու կը կատարէ անոր խնդրանքները»,  բարձր ձայնով կ՛ըսէ. «Ղազարոս՝ ել եւ դուրս եկուր»։ Մեռեալը դուրս կու գայ, ձեռքերն ու ոտքերը կապուած երիզներով ու դէմքը փաթթուած վարշամակով»։

«Մենք ականատես ենք Աստուծոյ՝ որ կեանք է եւ կեանք կու տայ, իր վրայ առնելով նաեւ մահուան ողբերգութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը, բացատրելով որ «Յիսուս կարող էր այնպէս ընել որ իր բարեկամը չի մեռնէր, սակայն ուզեց իրը ընել սիրելի բարեկամի մը մահուան ցաւը ու յատկապէս ուզեց ցոյց տալ Աստուծոյ իշխանութիւնը՝ մահուան վրայ»։

Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ որ մարդուն հաւատքը եւ Աստուծոյ սիրոյ ամենակարողութիւնը զիրար կը փնտռեն եւ վերջաւորութեան իրարու կը հանդիպին։ Այս մէկը ի յայտ կու գայ «Մարթայի եւ Մարիամի ճիչին մէջ. «եթէ դուն հոս ըլլայիր….» ու Աստուծոյ պատասխանին մէջ. «Ես եմ յարութիւն եւ կեանք…հաւատք ունեցէք։ Նոյնիսկ ողբին մէջ շարունակեցէք հաւատք ունենալ, նոյնիսկ եթէ կը թուի որ մահը յաղթած ըլլայ։ Հանեցէք քարերը ձեր սրտերէն։ Թոյլ տուէք որ Աստուծոյ Խօսքը՝ կեանքը վերահաստատէ այնտեղ ուր մահ կայ »։

«Այսօր եւս Յիսուս կը կրկնէ «Հանեցէք քարը»։ Աստուած մեզ չի ստեղծեց գերեզմանի համար, այլ կեանքի համար, գեղեցիկ, բարի, ուրախ կեանքի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով, որ մահը աշխարհ մտաւ սատանայի նախանձին պատճառաւ եւ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ մեզ ազատելու անոր եւ մահուան կապանքներէն։

Կանչուած ենք առ այդ՝ հաւատքը ապրելու անկեղծութեամբ, որովհետեւ կեղծաւորութիւնը մահ է, ինչպէս մահ է ուրիշներու կործանիչ քննադատութիւնը, վիրաւորանքը, սուտը, աղքատին մեկուսացումը…«Տէրը մեզմէ կը խնդրէ վերցնել մեր սրտերուն քարերը, որպէսզի կեանքը ծաղկի մեր շուրջ» հաստատեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով՝ որ «Առանց Քրիստոսի ու Քրիստոսէն դուրս՝ մահ կայ»։

«Ղազարոսի յարութիւնը նշան է նաեւ վերածնունդին որ հաւատացեալին մէջ կը նորոգուի Սուրբ Մկրտութեան միջոցաւ։ Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ քրիստոնեան կը դառնայ անձ մը, որ կը քալէ կեանքին մէջ, որպէս նոր արարած» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամը օգնութիւնը, «որպէսզի ըլլանք գթասիրտ իր Որդոյն՝ Յիսուսին նման, որ իրը դարձուց մեր ցաւը»։

«Իւրաքանչիւրս մօտիկ ըլլայ անոնց որոնք տառապանքի մէջ են, անոնց համար դառնալով Աստուծոյ սիրոյ եւ քնքշութեան արտացոլում, որ մեզ կ՛ազատէ մահուընէ ու կեանքը  յաղթական կը դարձնէ» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2020, 12:07