Առաքելական պալատի մատենադարանէն Մարեմեան Աղօթք Առաքելական պալատի մատենադարանէն Մարեմեան Աղօթք 

22 Մարտի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Մեղքը կը նմանի մուգ քողի մը, որ մեր դէմքը կը ծածկէ ու մեզ կը զրկէ աշխարհն ու մենք մեզ յստակօրէն տեսնելու կարողութենէն։ Տիրոջ ներումը կը փարատէ այդ խաւարը ու մեզի կը պարգեւէ նոր լոյս։

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 Մարտ 2020-ին, Քորոնա Ժահրի համաճարակի տարածման պատճառաւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, (vaticannews-va) կայքի ու այլ հաղորդամիջոցներու ուղիղ եթերի սփռումով, դարձեալ արտասանեց Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը սովորութեան համաձայն կեդրոնացուց օրուան Աւետարանին  վրայ, որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլուխ 9, 1-42), ուր կը պատմուի ի ծնէ կողրի մը բժշկութեան Յիսուսին գործած հրաշքին դէպքը։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քորեր, ըսաւ Սրբազան Պապը։

Լոյսին նիւթը կը կազմէ Քառասնորդացի այս չորրորդ կիրակի օրուայ (ըստ Լատինաց) ծիսակատարութեան կեդրոնը։ Սուրբ Յովհաննէս աւետարանիչէն  քաղուած (Յովհ. 9, 1-41) աւետարանական ընթերցումը կը պատմէ Յիսուսին կողմէ բժշկուած ի ծնէ կոյրին դէպքը։

Այս հրաշալի նշանը վերահաստատումն է Յիսուսին խօսքին որ կ՛ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը» (Յովհ. 1, 5), լոյսը որ կը լուսաւորէ խաւարը։ Ան արդարեւ լոյս կը սփռէ երկու մակարդակով՝  մէկը ֆիզիկական, միւսը հոգեւոր։ Կոյրը նախ եւ առաջ կ՛ընդունի աչքի տեսութիւնը, ապա առաջնորդուած է հաւատալու «Մարդու որդիին», այսինքն Յիսուսին։

Անոր գործած հրաշքները արդարեւ նպատակ ունին մարդիկը առաջնորդել հաւատքի, ներքին փոփոխութեան ուղիի միջոցաւ։

Փարիսեցիներն ու օրէնսգէտները կը մերժեն ընդունիլ հրաշքը ու բուժուած մարդուն կը դիմեն դժուար հարցումներով։ Ան սակայն անոնց կը պատասխանէ իրականութեան ուժով. «Մէկ բան գիտեմ, ես կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ»։

Ի ծնէ կոյրը աստիճանաբար կը բացայայտէ ինքնութիւնն Անոր որ իր աչքերը բացաւ, ապա կը դաւանի իր հաւատքը։ Սկիզբը զայն կ՛որակէ որպէս մարգարէ, ապա որպէս Աստուծմէ ուղարկուած մարդ, հուսկ Մեսիա։ «Կը հաւատամ քեզի Տէր» կ՛ըսէ կոյրը երկրպագելով Անոր առջեւ։

Մենք ալ կարող ենք ապրիլ այդ փորձառութիւնը։ Ան որ կոյր է կարող է Հաւատքի լոյսով վերագտնել իր նոր ինքնութիւնը։ Ան կը դառնայ նոր արարած, կարող իր կեանքին մէջ տեսնելու նոր լոյսը, որովհետեւ մուտք գործեց Քրիստոսի հետ հաղորդութեան մէջ։

Մեղքը կը նմանի մուգ քողի մը, որ մեր դէմքը կը ծածկէ ու մեզ կը զրկէ աշխարհն ու մենք մեզ յստակօրէն տեսնելու կարողութենէն։ Տիրոջ ներումը կը փարատէ այդ խաւարը ու մեզի կը պարգեւէ նոր լոյս։

Քառասնորդացը զոր կ՛ապրինք այս օրերուն, ըլլայ յարմար ու թանկագին ժամանակ մօտենալու Տիրոջ,  հայցելով Անոր  ողորմութիւնը, Մայր Եկեղեցւոյ մեզի առաջակաց տարբեր ձեւերով – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ  բուժուած կոյրը, որ սկսաւ տեսնել մարմնոյ եւ հոգւոյ աչքերով, պատկերն է ամէն մէկ մկրտեալի, որ մխրճուելով Շնորհքին մէջ կը խլուի խաւարէն ու կը դրուի հաւատքի լոյսին մէջ։

“«Բաւարար չէ սակայն միայն լոյսը ընդունիլ, պէտք է նաեւ լոյս դառնալ»”

«Բաւարար չէ սակայն  միայն լոյսը ընդունիլ, պէտք է նաեւ լոյս դառնալ» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ։ Իւրաքանչիւրս կանչուած է ընկալելու Աստուածային լոյսը՝ որպէսզի զայն յայտնէ իր համակ կեանքով։

Սուրբ Պօղոսը մեզի կը յիշեցնէ. «Ընթացէք ուրեմն լոյսի որդիներու նման, որովհետեւ լոյսին պտուղը բարութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան մէջ է»։

Թող որ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ օրինակ առնելու Աւետարանի կոյրէն, որպէսզի մենք եւս հեղեղուինք Քրիստոսի լոյսով ու քալենք Անոր հետ փրկութեան ճանապարհին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2020, 12:07