Մարեմեան Աղօթք Քորոնա ժահրի ժամանակ Մարեմեան Աղօթք Քորոնա ժահրի ժամանակ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 Մարտի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Յիսուս արդարեւ չընտրեր մեր չափանիշերու համաձայն, այլ իր սիրոյ ծրագրի համաձայն։ Ան այսօր եւս կը կոչէ մի քանիներ, իրեն մօտիկ ըլլալու համար ու վկայութիւն տալու համար։ «Վկայ ըլլալը պարգեւ մըն է, որուն մենք արժանի չենք, սակայն չենք կրնար ետ քաշուիլ կամ մերժել այս մէկը, մեր անկարող ըլլալուն պատրուակով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 մարտ 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ աւանդական Մարեմեան Աղօթքը արտասանեց Առաքելական պալատի մատենադարանէն։ 

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած  խորհրդածութեան սկիզբը Քահանայապետը յայտնեց թէ Քառասնորդացի այս երկրորդ կիրակին, մեզի կը ներկայացնէ Յիսուս Այլակերպութեան դէպքը (Մատթ. 17, 1 -9)։

«Ան իր հետ առնելով Պետրոսը, Յակոբն ու Յովհաննէսը, զանոնք առանձին բարձր լեռ տարաւ»։ Լեռը խորհրդանիշն է Աստուծոյ հետ մօտիկութեան, ուր Յիսուս կ՛ուզէր բանալ աշակերտներուն աչքերն ու մտքերը որպէսզի լիապէս հասկնային իր չարչարանքի, մահուան ու Յարութեան խորհուրդը։

«Երբ լեռան գագաթը հասան Յիսուս կերպարանափոխուեցաւ. Երեսը արեգակի նման  լուսաւորուեցաւ, զգեստները լոյսի նման սպիտակ եղան, եւ ահա անոնց տեսնուեցան Մովսէսն ու Եղիան, որ անոր հետ կը խօսէին»։

Այլափոխութեան այս դէպքի միջոցաւ երեք աշակերտները կանչուած էին ճանչնալու Յիսուսը՝ որպէս Աստուծոյ Որդի, որ կը փայլի իր փառքին մէջ։ Անոնց աչքերուն առջեւ կը բացայայտուի Յիսուսին աստուածային դիմագիծը, մինչ ամպէն ձայն մը կը հռչակէ. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ, Անոր մտիկ ըրէք։

 Այստեղ հարկաւոր է նշել թէ ինչպէս Յիսուս կ՛ընտրէ իր հետ տանիլ Պետրոսը, Յակոբը ու անոր եղբայրը Յովհաննէսը։ Թէեւ Պետրոս պիտի ուրանայ զինք ու երկու եղբայրները առաջին տեղերը կ՛ուզեն գրաւել էւիր թագաւորութեան մէջ։ Յիսուս արդարեւ չընտրեր մեր չափանիշերու համաձայն, այլ իր սիրոյ ծրագրի համաձայն։ Ան այսօր եւս կը կոչէ մի քանիներ, իրեն մօտիկ ըլլալու համար ու վկայութիւն տալու համար։  «Վկայ ըլլալը պարգեւ մըն է, որուն մենք արժանի չենք, սակայն չենք կրնար ետ քաշուիլ կամ մերժել այս մէկը, մեր անկարող ըլլալուն  պատրուակով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

«Թէեւ մենք այդ լեռան վրայ չէինք ու մեր աչքերով չի տեսանք Յիսուսին դէմքը որ կը փայլէր արեւի նման, այսուամենայնիւ մեզի եւս յանձնուեցաւ Աստուծոյ Փրկարար խօսքը ու մեզի տրուեցաւ հաւատքը ու Յիսուսին հետ հանդիպելու ուրախութիւնը» շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը, աւելցնելով որ Յիսուս մեզի եւս կ՛ըսէ . «Ոտքի ելէք եւ մի վախնաք»։

Անձնասիրութեամբ ու ագահութեամբ յատկանշուած այս աշխարհին մէջ, Աստուծոյ լոյսը շատ անգամ կ՛աղօտի առօրեայի մտահոգութիւններու պատճառաւ։ Յաճախ կը կրնկենք թէ ժամանակ չունիմ աղօթքի. Կարող չեմ ծառայութիւն մատուցել ժողովրդապետութեան մէջ, ու համապատասխանել ուրիշներու խնդրանքներուն։  Սակայն պէտք չէ մոռնանք՝ որ Սուրբ Մկրտութիւնն ու Դրոշմը՝ մեզ դարձուցին վկաներ, ոչ թէ մեր կարողութիւններուն համար այլ շնորհիւ Սուրբ Հոգիի պարգեւներուն։

«Ուստի քառասնորդացի բարենպաստ ժամանակի ընթացքին Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի համար ընդունի Սուրբ Հոգիին համակերպելու շնորհքը, որ անհրաժեշտ է վճռակամ կերպով քալելու համար ապաշխարութեան ուղիին վրայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2020, 12:10