Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Այսօր եւս սատանան կը ներխուժէ մարդոց կեանքերուն մէջ». Մէկ մարտի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ՝ սատանային հետ պէտք չէ երբեք երկխօսութիւն հաստատել։ Յիսուս արդարեւ կը վտարէ սատանան կամ ինչպէս այսօրուայ պարագային, անոր կը պատասխնէ Սուրբ Գիրքի խօսքերով։ Ուշադիր եղէք, սատանային հետ երկխօսութիւն մի հաստատէք» ըսաւ Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ Մարտ 2020-ի կէսօրին. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Պապը՝ ներշնչում քաղելով օրուան Աւետարանական ընթերցումէն՝ ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

«Քառասնորդացի այս առաջին կիրակիին առթիւ Աւետարանը (Մատթէոս 4, 1-11) կը պատմէ որ Յիսուս Յորդանան գետին մէջ մկրտութենէն ետք, «Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուեցաւ անապատ, փորձուելու համար սատանայէն»։ Ան կը պատրաստուի սկսելու Երկնքի Արքայութեան քարոզութեան իր առաքելութիւնը, ու այդ կ՛ընէ 40 օրեր ծոմապահութեամբ։

Այդ ծոմապահութեան շրջանի աւարտին փորձիչը՝ սատանան, կը ներխուժէ ու երեք անգամ կը փորձէ Յիսուսը դժուարութեան մատնել։

Առաջին փորձութեան մէջ, սատանան, Յիսուսի անօթութեան վրայ հիմնուելով,  անոր կը խրատէ որ քարերը հացի վերածէ, տրուած ըլլալով որ Ան Աստուծոյ Որդին է։ Յիսուս սակայն անոր յստակ պատասխան կու տայ. «Գրուած է որ մարդը միայն հացով չ՛ապրիր,  այլ Աստուծոյ բեռնեն ելած Խօսքերով»։

Երկրորդ փորձութեան մէջ սատանան աւելի խորամանկութիւն կը գործածէ՝ մէջբերելով Սուրբ Գիրքէն խօսքեր։ Ան Յիսուսը կը տանի սուրբ քաղաք՝ ու տաճարին աշտարակին վրայ կեցնելով  կ՛ըսէ. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ինքզինքդ այստեղէն վար նետէ, որովհետեւ գրուած է՝ թէ հրեշտակներուն պատուիրած է քեզի համար, որ իրենց ձեռքերուն վրայ բռնեն քեզ, որպէսզի ոտքդ քարի չզարնէ երբեք»։ Այստեղ եւս Յիսուս շփոթութեան չի մատնուիր, որովհետեւ այն որ կը հաւատայ ՝գիտէ թէ զԱստուած պէտք չէ փորձել ու թէ հարկաւոր է վստահիլ Անոր բարութեան։ Ասոր համար Յիսուս սատանային կը պատասխանէ այլ մէկ մէջբերումով «գրուած է. մի փորձեր Քու Տէր Աստուածդ»։

Երրորդ փորձութիւնը ի վերջոյ կը յայտնէ սատանային իսկական դիտաւորութիւնը, որովհետեւ Երկնքի Թագաւորութեան գալուստը կը նշէ անոր պարտութիւնը, ու ասոր համար ան ամէն ջանք կը դափէ Յիսուսը շեղեցնելու իր առաքելութենէն։

«Սատանան բարձր լեռան մը վրայ տանելով Յիսուսը, անոր ցոյց կու տայ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններն ու անոնց փառքը ու Յիսուսին կ՛ըսէ. «Այս բոլորը քեզի պիտի տամ, եթէ գետին իյնաս եւ երկրպագութիւն ընես ինծի»։  Այն ատեն Յիսուս կը պատասխանէ «Կորսուէ սատանայ, որովհետեւ գրուած է. քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն պիտի ընես եւ Անոր միայն պիտի ծառայես»։

«Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ՝ սատանային հետ պէտք չէ երբեք երկխօսութիւն հաստատել։ Յիսուս արդարեւ կը վտարէ սատանան կամ ինչպէս այսօրուայ պարագային, անոր կը պատասխնէ Սուրբ Գիրքի խօսքերով։ Ուշադիր եղէք, սատանային հետ երկխօսութիւն մի հաստատէք» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ «այսօր եւս սատանան կը ներխուժէ մարդոց կեանքերուն մէջ, զանոնք փորձութեան մատնելու համար, անոնց ներկայացնելով հրապուրիչ առաջարկներ։ Ան իր ձայնը կը խառնէ բազմաթիւ այն ձայներուն, որոնք կը փորձեն ընտելացնել խիղճերը։

«Յիսուսին փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ փորձութիւնը  փորձ մըն է ՝ընդունելու Աստուծոյ ճանապարհներու այլընտրանքային ուղիներ, որոնք մեզի կը պարգեւեն բաւարարութեան զգացում, թէեւ պատրանքային են անոնք, որովհետեւ արագօրէն պիտի անդրադառնանք թէ որքանով որ Աստուծմէ հեռանանք այնքանով մենք մեզ կը զգանք անապահով ու տկար՝ գոյութենական մեծ հարցերուն դիմաց» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը։

«Սուրբ Կոյսը՝ Մայրն Անոր որ օձին գլուխը ճզմեց, մեզ օգնէ այս քառասնորդաց շրջանի ընթացքին, արթուն մնալու ու հսկելու ի տես փորձութիւններուն, ու ոչ մէկ ձեւով համակերպելու աշխարհի կուռքերուն, այլ հետեւելու Յիսուսին՝ չարին դէմ պայքարին մէջ, որպէսզի Անոր հետ միասին ու Անոր նման մենք ալ յաղթական ըլլանք։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2020, 12:12