Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Երանի հեզերուն»։ Քահանայապետը գլխաւորեց 19 փետրուարի հրապարակային ունկնդրութիւնը։

Հեզը առ այդ այն անձն է որ պիտի ժառանգէ երկիրներու ամենավսեմը։ Հեզը անձ մըն է որ չուզէր վատնել իր ընդունած ժառանգութիւնը։ Ան Քրիստոսի աշակերտն է որ սորվեցաւ պաշտպանել այդ նոր երկրի խաղաղութիւնը ու իր Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 19 փետրուար 2020-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, մասնակցութեամբ տարբեր վայրերէ ժամանած բազմահազար հաւատացեալներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Ունկնդրութեան առթիւ, աւանդութեան համաձայն, Սրբազան Պապը՝ շարունակելով Երանութիւններու մասին խորհրդածութիւնները, խօսեցաւ երրորդ երանութեան մասին. «Երանի հեզերուն՝ որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատթէոս 5,5)։

«Այստեղ գործածուած «հեզ» բառը կ՛ուզէ բառացի կերպով ըսել անուշ, բարի, խոնարհ, բռնութենէ զուրկ։ Հեզութիւնը ի յայտ կու գայ հակամարտութեան պահերուն, որովհետեւ այդ պահուն է որ մենք կը տեսնենք թէ ինչպէս կ՛արձագանքենք  թշնամական իրավիճակին»  ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ այդ երանութեան անդրադարձած է 36-րդ սաղմոսը, կապի մէջ դնելով բարութիւնը եւ երկրի ժառանգութիւնը։

«Վստահութիւնդ դիր Տիրոջ վրայ, գործէ բարին, բնակէ երկիրը եւ պիտի վայելես անոր բարիքները։ Լռեցուր բարկութիւնդ, հանդարտեցուր ցասումդ, չարագործներուն դէմ մի զայրանար։ Որովհետեւ անոնք պիտի անհետանան, բայց անոնք որ կ՛ապաւինին Տիրոջ՝ պիտի ժառանգեն երկիրը։ Դեռ քիչ ժամանակ ետք ամբարիշտը կ՛անհետանայ ու երբ փնտռես անոր տեղը  չես գտնէր զինք։ Հեզերը սակայն պիտի ժառանգեն երկիրը, պիտի վայելեն անվերջ խաղաղութիւնը (Սաղմոս 36 – 37)։

Հեզութիւնն ու երկրի սեփականութիւնը կարող են նկատուիլ հակասական. Որովհետեւ  երկրին տիրապետելը հակամարտութիւնը բնորոշող ոլորտ է։ Յաճախ կը պայքարինք հողամասի մը համար, ձեռք բերելու համար որոշակի տարածք մը։ Պատերազմներու ընթացքին ամենաուժեղը կը գերակշռէ եւ կը նուաճէ այլ հողամասեր։

«Այստեղ սակայն հողեր նուաճելու մասին չէ խօսքը, այլ զանոնք ընկալելու որպէս ժառանգութիւն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որովհետեւ այդ հողը խոստում մըն է եւ պարգեւ Աստուծոյ ժողովուրդին ու կը դառնայ աւելի մեծ ու խոր իրականութիւն՝ քան պարզ հողամաս մը»։

«Կայ երկիր մը որ կը գտնուի Երկնքի մէջ, այսինքն այն երկիրը դէպի ուր կ՛ընթանանք,՝ նոր Երկիր ու նոր Երկինքը»։

Հեզը առ այդ այն անձն է որ պիտի ժառանգէ երկիրներու ամենավսեմը։ Հեզը անձ մըն է, որ չուզէր վատնել իր ընդունած ժառանգութիւնը։ Ան Քրիստոսի աշակերտն է, որ սորվեցաւ պաշտպանել այդ նոր երկրի խաղաղութիւնը ու իր Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութիւնը, պահպանելով ողորմութիւնը, եղբայրութիւնը, վստահութիւնն ու յոյսը։

Հոս հարկաւոր է խօսիլ նաեւ զայրոյթի մեղքի մասին, ու մենք մեզի հարց տալու թէ որքան վնասներ կը հասցնէ այդ։ Զայրոյթի պահ մը կարող է կործանել շատ մը բաներ ու կարելի է խզել եղբօր հետ յարաբերութիւնը, մինչ հեզութիւնը կարող է նուաճել շատ բաներ։ Ան կարող է յաղթել սրտին, փրկել բարեկամութիւնը ու շատ մը այլ բաներ։

Նուաճելիք երկիրը այն եղբօր փրկութիւնն է, որուն մասին կը խօսի Մատթէոսի Աւետարանը. «Եթէ քեզի մտիկ ընէ պիտի շահիս եղբայրդ»։

«Ուրիշներու սրտէն գեղեցիկ երկիր չկայ,  չկայ աւելի գեղեցիկ երկիր՝ քան եղբօր հետ գտնուած խաղաղութիւնը։  Ահա այս է երկիրը որ պիտի ժառանգենք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2020, 09:58