Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Երանի հոգիով աղքատներուն» Քահանայապետի 5 փետրուարի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Իրապէս իշխողը այն է՝ որ գիտէ սիրել բարին, աւելի քան իր անձը։ Այդ է Աստուծոյ իշխանութիւնը եւ Յիսուս իր զօրութիւնը յայտնեց իր կեանքը տալով մարդոց համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 5 փետրուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած  Հրապարակին Ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը կեդրոնացաւ՝ անցեալ չորեքշաբթի օր սկիզբ առած Յիսուսի ութը «Երանի»ներու առաջինին վրայ. Երանի Հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է երկնքի արքայութիւնը (Մատթ. 5,3)։

Ունկնդրէ լուրը

Նախ քան խորհրդածութեան ներկայացումը ըստ աւանդութեան ընթերցումը կատարուեցաւ Աւետարանական հատուածի մը որ քաղուած էր  Մատթէոսի աւետարանէն, ուր Յիսուս կ՛ըսէ «Եկէ՛ք ինծի դուք բոլորդ՝ որ յոգնած եւ բեռնաւորուած էք, եւ ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ։ Առէք իմ լուծս ձեր վրայ, եւ սորվեցէք ինձմէ՝ որ հեզ ու սրտով խոնարհ եմ, ու հանգիստ պիտի գտնէք ձեր հոգիներուն։ Որովհետեւ իմ լուծս քաղցր է եւ բեռս թեթեւ» (Մատթ. 11, 28-30)։

Աւետարանի հատուածի զանազան լեզուներով ընթերցումէն ետք, Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տուաւ խորհրդածութեան, դիտել տալով որ «Յիսուս իր երջանկութեան ճանապարհի քարոզութիւնը կը սկսի յարակարծիքային արտայայտութեամբ. «Երանի Հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է երկնքի արքայութիւնը (Մատթ. 5,3)։

«Զարմանալի ճանապարհ ու Երանութեան տարօրինակ առարկայ»  ըսաւ Սրբազան Պապը հարց տալով ի՞նչ կը նշանակէ  «հոգիով աղքատ»։

Եթէ Մատթէոս գործածած ըլլար միայն աղքատ բառը պիտի հասկնայինք այն անձերը որոնք տնտեսական դժուարութեան մէջ  են,  ու կարիքը ունին ուրիշներու օգնութեան, սակայն հոգիով աղքատներուն մասին խօսիլը տարբեր է։

«Աստուածաշունչի համաձայն՝ հոգին կեանքի շունչն է, զոր Աստուած պարգեւեց Ադամին, մեր մտերմիկ ոլորտն է, ան որ մեզ մարդ անհատներ կը դարձնէ, մեր էութեան խորագոյն առանցքը» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ Հոգիով աղքատները անոնք են՝ որոնք իրենք զիրենք կը զգան՝ աղքատ իրենց էութեան մտերմութեան մէջ։ Եւ Յիսուս զանոնք Երանի կը հռչակէ, որովհետեւ անոնցն է Երկնքի արքայութիւնը։

Քանիցս մեզի կ՛ըսուի հակառակը։ Թէ պէտք է «համբաւ» ունենալ, անձնաւորութիւն դառնալ…. եւ ասկէ կը ծնի առանձնութիւնն ու տխրութիւնը։ Եթէ ես կ՛ուզեմ «մէկ» մը ըլլալ, ուրիշներու հետ կը մրցակցիմ ու կ՛ապրիմ  եսասիրութեանս գայթակղիչ մտահոգութեան մէջ։ Երբ չեմ ընդունիր ըլլալ աղքատ, կ՛ատեմ ամէն ինչ որ ինծի կը յիշեցնէ տկարութիւնս ։

Հպարտ մարդիկը արդարեւ օգնութիւն չեն խնդրէր, որովհետեւ կ՛ուզեն ցոյց տալ թէ ինքնաբաւ են։  Եւ որքան դժուար է ընդունիլ սխալ մը, ու անոր համար ներում խնդրել։ Տէրը սակայն երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ, մինչ մենք ենք որ դժբախտաբար կը յոգնինք ներում հայցելէ։

«Դժուար է ներում խնդրելը որովհետեւ այդ արարքը կը նուաստացնէ մեր կեղծաւոր պատկերը։ Յիսուս սակայն մեզի կ՛ըսէ թէ աղքատ ըլլալը շնորհքի առիթ է ու մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը դուրս գալու մեր տկարութիւնները թազնեցնելու յոգնութենէն։ Ան մեզի կ՛ըսէ թէ մեզի տրուած է իրաւունքը՝ հոգկով աղքատ ըլլալու,  որովհետեւ այս է Աստուծոյ Թագաւորութեան ճանապարհը»  յարեց ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով, հոգիով աղքատ դառնալու համարոր մենք մեզ փոխելու անհրաժեշտութիւնը չիկայ, որովհետեւ մենք արդեն այդ իրավիճակի մէջ ենք։ Բոլորս՝ մեր մարդկային բնութեամբ աղքատ ենք հոգիով։

Աստուծոյ արքայութիւնը հոգիով աղքատներուն կը պատկանի։ Ոմանք տիրացած են այս աշխարհի արքայութեան, ունին ինչքեր եւ հանգստաւէտ կեանք։ Այս թագաւորութիւնները սակայն ժամանակաւոր են։ Մարդոց իշխանութիւնները անցողական են, մինչ իրապէս իշխողը այն է որ գիտէ սիրել բարին աւելի քան իր անձը։ Այդ է Աստուծոյ  իշխանութիւնը եւ Յիսուս իր զօրութիւնը յայտնեց իր կեանքը տալով մարդոց համար։

Ասոր մէջ է իսկական  ազատութիւնը: Այս ազատութեան ծառայութեան մէջ է աղքատութիւնը՝ որը գովերգուած է Երանութիւններու մէջ։  Որովհետեւ կայ աղքատութիւն մը՝ որ պէտք է ընդունինք, մեր էութեան աղքատութիւնը, ու կայ աղքատութիւն մը, զոր պէտք է փնտռենք, գործնական աղքատութիւն մը՝ աշխարհի իրերէն անջատուած,  որպէսզի ազատ ըլլանք ու կարողանաք սիրել։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2020, 09:38